Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/532

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պէտք է հատուցոփն այն վնասները, որոնց ենթարկուեցանք՝ պատերազմին մէջ մեր կատարած քաղաքական ղերին պատճառաւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ատիկա գութի տեսակէտ մըն է պարզապէս. վերապրողներուն եղածը հատուցում չէ. օգնութիւն է, եւ ամեն կառավարութիւն ազատ է իր ուզած օգնութիւնը ընելու՝ քաղաքական-իրաւական նկատումներէ անկախաբար: Նոյն օգնութիւնը կընէր նաեւ Ֆրանսա Կիլիկիոյ մէջ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Կը կրկնեմ, թէ այն պետութիւնները, որոնք մեզի օգնութիւն կ՛ընեն, պիտի ոԼզէին նաեւ մեզի հատուցում տալ, քանի որ իրենց ըրած օգնութիւնը ուղղակի մեր հատուցում ստանալու իրաւունքին մէկ հետեւանքն է: Մենք հատուցում չենք ստանար, որովհետեւ արժանի չեղանք ատոր, չգիտցանք պահանջել որ տային, նախընտրեցինք գութի առարկայ դառնալ եւ գութի անունով ստանալ ինչ որ կրնայինք առնել առանց ձեռք բանալու, իբր արդար իրաւունք մը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Կը ցաւիմ, որ այս ամբողջ վիճաբանութեան մէջ կը մոռցուի այն դերը, զոր Պատուիրակութիւնը կատարեց: Ամերիկա մինակը չղրկեց ալիւրը, որ այնքան մեծ թուով ժողովուրդի փրկութեան նպաստեց: Պատուիրակութիւնը շաբաթներով աշխատեցաւ ատոր համար: Հանրապետութիւնը չէր ճանչցուած տակաւին. ոչ մէկ դրական երաշխաւորութիւն կրնայինք տալ, թէ իրենց օգնութիւնը պիտի փոխարինենք օր մը: Հակառակ ասոր՝ յաջողեցանք համոզել Ամերիկան, որ իր ծախքերը պիտի հատուցուին վերջէն: Նոյնիսկ չեմ կարծեր, որ Ամերիկա այդ հատուցման վրայ կը խորհէ այսօր, եւ հաւանական է որ, ինչպէս Խորէն Եպիսկոպոս ալ կենթադրէր, բնաւ փոխարինութիւն չպահանջէին:

Գալով հատուցման հարցին՝ մինչեւ այս դաշնագրին խմբագրութիւնը շատ յոյս չկար, որ այդ մասին մեր ունեցած իրաւունքը ճանչցուեր: Սակայն նորէն միշտ պահանջած ենք, բազմաթիւ գրութիւններով եւ բերանացի տեսակցութիւններու ընթացքին: Ասիկա ըրինք մինչեւ վերջը, Սան Ռեմոյի մէջ ալ, ուր նոյնպէս աշխատեցանք փրկել մեր իրաւունքը, եւ այդ առթիւ Գերագոյն Խորհուրդին ղրկեցինք նախւսպէս եղած գրաւոր դիմումներու բոլոր պատճէնները: Գալով ուղղակի Գերմանիայէն հատուցում ստանալու հարցին, ճիշդ է Տիար Թէրգիպաշեանի ըսածը, թէ Համագումարը անցեալ տարի այդ մասին աշխատելու յանձնատուութիւն մը ըրաւ Պատուիրակութեան: Բայց մինչեւ այսօր յոյս չկայ բնաւ, թէ այդ նպատակով կատարուելիք ոեւէ աշխատութիւն կրնայ արդիւնք մը տալ: Այսօր սակայն ուրիշ դիրք մը ունինք՝ կը հռչակուինք Դաշնակից պետութիւն, եւ այդ հանգամանքով պիտի կանչուինք դաշնագիր ստորագրելու: Թերեւս ուշ չէ վերստին վերադառնալու այս հարցին, եւ մեր այս նոր հանգամանքին ոյժով նպաստաւոր կարգադրութիւն մը ձեռք բերելու:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Դաշնագրին տրամադրութիւնները պիտի քննուին Ազգ. Պատուիրակութեան կազմած յատուկ յանձնաժողովին կողմէ: Համագումարն ալ, եթէ փափաքի, կրնայ իր մէջէն մարմին մը ընտրել՝ նոյն խնդրով զբաղելու համար, որով թանկագին աջակցութիւն մը ընծայած կ՚ըլլայ յիշեալ յանձնաժողովին, աւելի կատարեալ հանգամանք մը տալով անոր աշխատութեանց:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կը ձայնակցիմ այս առաջարկին, որ արդէն տրամաբանական ալ է: Այսօր դաշնագրի մը առջեւ չենք, այլ' դաշնագրի ծրագրի մը, որ պիտի փոխուի: Կատարուելիք փուիոխութիւններէ մեզի նպաստաւոր արդիւնք մը ակնկալելը մեր իրաւունքն է, եւ ատոր համար պէտք է ամեն կերպով աշխատինք: Համագումարին լոկ իրաւունքը չէ, այլ նաեւ պարտքն է այդ տեսակ յանձնաժողով մը կազմել, եւ՛ անմիջապէս:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այո՛, պէտք է աճապարել, որովհետեւ շատ ժամանակ չկայ: Քէ տրսէէն կարեւոր անձնաւորութիւն մը հաղոբդեց ինծի, թէ տրուած մէկ ամսուան պայմանաժամին ընթացքին եթէ թուրքերը չստորագրեն, դրական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին իսկոյն զիրենք ստիպելու համար, որ