Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/533

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ստորագրեն: Դաշնակից պետութիւնները հաստատապէս որոշած են միանգամ ընդմիշտ փակել այս խնդիրը, կարելի եղածին շատ շուտ:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան առաջարկեց, որ Դիւանին անդամներով կագմուի այդ յանձնաժողովը: Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաս, թէ ինք արդէն կը գտնուի Ազգ. Պատուիրակութեան կոդմէ կազմուած յանծնաժողովին մէջ, ինչպէս կը գտնուի նաեւ դեր-Նախագահ Տիար Գ. Սինապեան: ժողովը աւելի յարմար դատեց, որ իր երկու նախագահները մնան Համագումարի յանծնաժողովին մէջ, որ կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով.

Ամեն. Տ. Եղիշէ Արք. Դուրեան
Նախագահ՝ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան
Դեր-Նախագահ՝ Տիար Գ. Սինապեան
Ա. Ատենադպիր՝ Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան
Բ. Ատենադպիր՝ Տիար Դափթ-Բէկ
Տիար Ա. Թէրզիպաշեան
Տիար Ն. Տէր-Ստեփանեան

Պատգամաւորներէն ոմանք առաջարկեցին, որ երկու յանձնաժողովները միասին եւ Պատուիրակութեան հետ գումարուելով աշխատին:

Տիար Տոքի. Նեւրուզ. Յանձնաժողովներուն՝ Պատուիրակութեան հետ աշխատելու առաջարկին նկատմամբ դիտողութիւն մը ունիմ: Բայց անկէ առաջ կ՛ուզեմ պատասխանել Տիար Թէրզիպաշեանի կողմէ եղած այն առարկութեան, թէ իրաւական հիմեր ունինք Գերմանիայէն հատուցում պահանջելու: Ասիկա սխալ է, եւ արդէն, օրէնսգիրի մը կարծիքը պիտի առնուի այդ մասին, ինչպէս Վսեմ. Պօղոս Փաշա յայտնեց, պիտի տեսնոփ որ իրաւական ո՛չ մէկ հիմ կար այդ տեսակ պահանջում մը ընելու, ինչպէս ամեն կողմէ դիտել կը տրուէր մեզի, ամեն անգամ որ այդ խնդրին կակնարկէինք: Զգացումի տեսակէտով՝ կը հասկնամ, որ իրաւունք ունինք: Այդ տեսակէտով՝ ամէնքս ալ Տիար Թէրզիպաշեանի հետ ենք: Բայց իրաւական հարց մը զգացումի տեսակէտով մը չի լուծոփր: Գալով հանր. պարտուց մեզի սահմանուած բաժնին, դիտողութիւն եղաւ, թէ կրնայինք մեր բաժինը մեր հատուցման իրաւունքին հետ փոխարինել: Բայց զգուշացանք աքթէ, նախընտրեցինք անորոշ թողուլ այդ կէտը, որպէսգի այդ պատճառաւ տարբեր գրկանք մը չըլլայ մեր դատին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Հանրային պարտուց մասին արդէն Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան Յիշատակագրին մէջ ըսուած էր, թէ կը ստանձնենք մեզի ընկած բաժինը:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Կը դառնամ յանձնաժողովներու՝ Պատուիրակութեան հետ աշխատելու հարցին: Աշխատութեան այդ եղանակը անգործնական է եւ օրինական ալ չէ: Համագումարը համարառու մարմին մըն է, Պատուիրակութիւնը՝ գործադիր մարմին մը: Երկուքն ալ տարբեր իրաւասութիւններ ունին: Լաւագոյն է, որ առանձին աշխատին:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ինծի պարտք կը նկատեմ այս առթիւ յայտնելու ժողովիդ, որ Պատուիրակութիւնը երկար ատեն ռախտը ունեցաւ վայելելու Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեանի թանկագին աջակցութիւնը: Իր ծանօթ ձեռնհասութիւնը սովորաբար մեզի առաջնորդ եղաւ ամէնէն ղժուարին պահերու մէջ: Կ՚առաջարկեմ, եւ արդար ալ է, որ ժողովը Պատուիրակութեան անդամ նշանակէ Ն. Վսեմութեանը, քանի որ տեղն ալ բաց է Տիար Փաստրմաճեանի հրաժարման պատճառաւ: Սեր խնդիրը հասած է իր ամէնէն ճգնաժամային շրջանին, եւ ուրիշ ամեն ատենէ աւելի հիմա մանաւանդ պէտք պիտի ունենանք Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեանի խորհոլրդներուն եւ թելադրոլթեանց: Այս րոպէին ոչինչ այնքան օգտակար կրնայ ըլլայ մեզի, որքան իր մեծ հմտութիւնն ու ւիորձառութիւնը: ժողովականներուն ստուարագոյն մեծամասնութիւնը ծափերով ձայնակցեցաւ Վսեմ. Պօղոս Փաշայի խօսքերուն: