Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/534

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ժողովին համակրութեան համար, բայց ներեցէ՚ք ինծի դիտել տալու, թէ այս տեսակ կարգադրութիւն մը այս վայրկեանիս չունի այն ստիպողութիւնը, զոր անոր ընծայեց Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը: Մանաւանդ որ. ինչպէս անցեալին մէջ զանազան առիթներով մասնակցեցայ, ասկէ ետքն ալ կրնամ անպաշտօն կերպով մասնակցիլ Պատուիրակութեան աշխատութեանց. եթէ ատոր պէտքը տեսնուի:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Մի՝ մոռնաք, սակայն, որ ասկէ առաջ՝ նկատում մը միշտ կաշկանդեց Ձեզ՝ ձեր աշխատակցութեան մէջ: Երբ պէտք տեսայ Ձեր ներկայութեան, Լոնտոն կամ այլուր, այդ նկատումը վարանեցուց Ձեզ: Ապահովաբար իրատւնք ունիք, որովհետեւ՝ որքան ալ Ձեր մօտ մեծ ըլլար մեր աշխատութեանց նպաստելու բաղձանքը, կրնայիք մտածել վերջապէս, թէ ի՜նչ հանգամանքով կատարէիք այդ աշխատակցութիւնը: Մինչդեռ ը՛նդունելով Պատուիրակութեան անդամակցութիւնը, այլեւս այդ նկատումը չէք ունենար, եւ ես անձնապէս համոզուած եմ, որ ձեր աշխատակցութիւնը մեծապէս օգտակար պիտի դառնայ մեզի: Անհրաժեշտ է, որ անմիջապէս վայելենք ձեր թանկագին աջակցութիւնը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Մտածելու հարկ կը տեսնեմ, որովհետեւ անպատեհութիւն մըն ալ կայ: Չեմ կրնար միեւնոյն ատեն թէ՛ Համագումարին Նախագահ եւ թէ՝ Պատուիրակութեան անդամ դառնալ:

Տիար. Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Յաջորդաբար երկու խնդիր յուզուեցաւ; Նախ՝ կազմուած յանձնաժողովներու միասին կամ անջատ աշխատութեան խնդիրը: Իմ կարծիքովս' լաւագոյն պիտի ըլլար, որ Համագումարին յանձնաժողովը եւ Պատուիրակութեան յանձնաժողովը առանձին աշխատէին, եւ իւրաքանչիւրին տեղեկագիրը բերուէր այստեղ՝ քննութեան համար: Երկրորդ խնդիրը կը պաքթանի Պատուիրակութեան Նախագահին առաջարկութեան: Չեմ կարծեր, որ կարելի ըլլայ ընդունիլ այդ առաջարկութիւնը: Համագումարը սկսած է իր աշխատութեանց եւ չի կրնար զրկուիլ իր Նախագահէն: Աւելի կարեւոր պատճառ մը կայ սակայն: Պատուիրակութիւնը իր գործը լրացուցած է. չենք գիտեր, թէ վաղը ի՜նչ պիտի ըլլայ, պիտի վերակագմուի՛, թէ՞ պիտի վերընտրուի: Անպատեհ է հիմակուց անդամ մը աւելցնել, քանի որ անդամներէ վեցին վրայ չորսը կը մնան միշտ եւ ուսին անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը: Գալով Համագումարի Նախագահին, ամէնքս ալ կը հաւատանք, որ ինչպէս անցեալին մէջ, ասկէ վերջն ալ պիտի շարունակէ զօրավիգ ըլլալ Պատուիրակութեան:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Յանձնաժողովներու կազմութեան առթիւ պէտք չէ աչքէն վրիպի սա պարագան, թէ դաշնագիրը քննելու իրաւունքը լոկ Համագումարին չի պաքթանիր, այլ նաեւ Երեւանի խորհրդարանին, որ թէեւ հեռուն է, ժամանակ չպիտի ունենայ, բայց վերջապէս այստեղ է Հանրապետության Պատուիրակութիւնը, որ կրնայ նոյնը ընել փոխանորդաբար:

Վսեմ Պօղոս Փաշա Նուպար. Այդ էր նաեւ մեր մտածումը: Յանձնաժողովը որ կազմուեցաւ՛ հրաւիրուած է Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան անունով:

Երուանդ Պէյ Աղաթօն. Ես համամիտ չեմ Տիար Բարսեղեանի կողմէ եղած դիտողութեանց: Եթէ թոդունք, որ յանձնաժողովները առանձին գործեն, պիտի պատահի այն, ինչ որ պատահեցաւ անցեալ տարի: Ամեն անդամ ճշդապահ չպիտի ըլլայ նորէն եւ շաբաթներ պիտի անցնին բոլորովին ապարդիւն կերպով: Մինչդեռ բոլորը մէկ՛ Պատուիրակութեան հետ աշխատելու ստիպողութիւնը կրնայ գրգիռ մը ըլլալ, որ աւելի ճշդապահ ըլլան այս անգամ: Գալով Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի՛ Պատուիրակութեան անդամակցութեան, չեմ կարծեր, որ անպատեհութիւն մը ըլլայ ատոր մէջը: Կը բաւէ, որ Ն. Վսեմութիւնն ընդունի եւ ձեւ մը կը գտնուի անշուշտ ուրիշ ամեն արգելիչ պատճառ բառնալու համար:

Համագումարը մեծամասնութեամբ որոշեց, որ յանձնաժողովները միասին եւ ի հարկին Պատուիրակութեան հետ աշխատին: