Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/535

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Կը կրկնեմ, որ Համագումարին եւ Պաաուիրակութեան իրաւասութիւնները. կը շփոթուին, քանի որ առաջինը համարառու եւ երկրորդը՝ համարատու մարմիններ են: Կը պնդեմ դարձեալ, որ աշխատութիւնները կատարուին առանձինն եւ կը խնդրեմ, որ այս պահանջումս արձանագրուի ատենագրութեան մէջ:

Տիար Տէօվլէթեան վերստին յուղեց Վսեմ. Պօղոս Փաշայի առաջարկութեան հարցը՝ անհրաժեշտ նկատելով Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի անդամակցութիւնը Ազգ. Պատաիրակութեան, նոյնիսկ եթէ ատոր համար պէտք ըլլար Համագումարին՝ զրկուիլ իր Նախագահէն: Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան անգամ մըն ալ յայտնեց, թէ կը վերապահէ իր հաւանութիւնը: Համագումարը որոշեց օրակարգ անցընել այդ առաջարկութիւնը Ազգ. Պատուիրակութեան վերակազմութեան խնդրին հետ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 51/2 -ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 59, թթ. 1-24: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Զ

26 Մայիս 1920, Ժամը 4 1/2-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի: Ներկայ էին 17 պատգամաւոր՝

Երուանդ Պէյ Աղաթօն, Տոքթ. Ա. Բարսեղեան, Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան, Դաւիթ- Բէկ, Թէրգիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Մսըրլը Պէյ, Ներսէսեան Խան, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Սինապեան, Տէր- Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Քէլեկեան Խան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան

համարատուութեան

2. Տեղեկագիր հաշուական գործառութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան

3. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում եւ վաւերացում ատենագրութեան

Նախ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան ծանոյց, որ թէեւ Մայիս 22-ի նիստին ատենագրութիւնը պատրաստ է, բայց անոր, ինչպէս Մայիս 21-ի նիստին ատենագրութեանց ընթերցումը դարձեալ պիտի յետաձգուի, նկատելով որ ժողովականներէն մաս մը ուշ եկած ըլլալով՝ կարելի չէ եղած որոշուած ժամուն նիստը բանալ, եւ թէ բաւական ժամանակ չէ մնացած ժողովին աշխատութեանց: Ընդունուեցաւ:


2. Տեղեկատուութիւն Վսեմ. Նախագահին՝ դաշնագիրը քննելու համար

Համագումարին կողմէ կազմուած յանձնաժողովին

աշխատութեանց նկատմամբ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան' Ազգ. Համագումարի կողմէ դաշնագիրը քննելու համար կազմուած յանձնաժողովին աշխատութեանց մասին հետեւեալ տեղեկատուութիւնը ըրաւ: