Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/536

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Յանձնաժողովը, զոր Համագումարը կազմած էր, երկու յաջորդական նիստերու ընթացքին նկատի առաւ դաշնագիրը եւ առանձին քննեց անոր գրեթէ իւրաքանչիւր տրամադրութիւնը: Գործը ժամանակի կարօտ էր: Թուրքիոյ հետ հաշտութեան դաշնագիրը կը պարունակէ 473 յօդուած եւ այս տեսակէտով՝ վերջին ատեններս կնքուած բոլոր դաշնագիրներուն մէջ կու գայ անմիջապէս վերջ Գերմանիոյ հետ կնքուած դաշնագրին, որ մօտատրապէս 440 յօդուած ունէր: Մեր քննութիւնը գլխաւորաբար կեդրոնացաւ դաշնագրին այն կէտերուն վրայ, որոնք հեռուէն ու մօտէն առնչութիւն ունին Հայկական Խնդրին հետ: Ուզեցինք հասկնալ նախ, թէ ի՞նչ դիրք տրուած է հայ ազգին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի, թէ հայոց իրաւունքները նկատի առնուա՞ծ են այնպէս, ինչպէս ամէնքս ալ կը բաղձայինք, որ առնուին: Յանձնաժողովը դեռ վերջնական կերպով լրացուցած չէ իր գործը, եւ, միւս կողմէ, տակաւին չէ կրցած տեղեկանալ Ազգ. Պատուիրակութեան կարգած յանձնաժողովին աշխատութեանց, որովհետեւ ժամանակը կը պակսէր: Յանձնաժողովոյ վերջին նիստին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը եւ Տիար Աճէմօֆ: Տիար Աճէմօֆի առաջարկութեան վրայ՝ օգտակար նկատուեցաւ դաշնագրին կարգ մը դժուարին կէտերուն քննութեան համար կարծիքը առնել նաեւ եւրոպացի հեղինակաւոր մասնագէտի մը, որուն հետ խորհրդակցելու համար որոշուեցաւ կազմել մասնախումբ մը, անդամակցութեամբ Պ. Մանտէլշթամի, որ ծանօթ է մեր ազգին նկատմամբ ունեցած համակրութեամբ եւ իր օրէնսգիտական հմտութեամբ, Տիար Աճէմօֆի եւ նուաստիս: Ասիկա պիտի ըլլայ անմիջապէս եւ արդիւնքը պիտի հաղորդուի ժողովիդ: Սպասելով ատոր, անշուշտ անհամբեր էք իմանալու, թէ յանձնաժողովը ի՜նչ եզրակացութեանց յանգեցաւ դաշնագրին նկատմամբ:

Նախ ըսեմ, որ դաշնագիրը, իր ամբողջութեան մէջ, մեզի կընծայէ կարգ մը առաւելութիւններ, զորս թանկագին կը նկատենք, որովհետեւ մեկուկէս տարիէ ի վեր անհամբեր կը սպասէինք ունենալ այդ առաւելութիւնները: Մխիթարական բան մըն է, որ գոնէ հիմա կը տրուին: Անոնց մէջ գլխաւորագոյնը սա է, որ Հայաստան կը հռչակուի կատարելապէս անկախ եւ ազատ պետութիւն, ձեռք կը բերէ միւս պետութեանց համահաւասար դիրք եւ նշանակութիւն: Հայերը վերջապէս կը թօթափեն ճնշուած ազգի իրենց հանգամանքը, կը դառնան անկախ ժողովուրդ, եւ յետոյ դաշնագիրը իբր այդ իրեն իրաւունք կու տայ պայմաններ պարտադրելու Տաճկաստանի եւ անկէ պահանջներ ընելու: Ինչպէս ծանօթ է ժողովիդ, դաշնագրին սկիզբը Հայաստան հռչակուած է իբր Դաշնակից պետութիւն եւ այս պետութեանց գլուխը դասուած է այբուբենի կարգով, անմիջապէս վերջ Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսիայէն, Իտալիայէն եւ ճապոնիայէն, որոնք կը կազմեն Դաշնակից գլխաւոր պետութիւնները: Արդ, դաշնագրին տրամադրութեանց մէջ կը տեսնենք, որ Դաշնակից պետութեանց տրուած են կարգ մը իրատւնքներ եւ առաւելութիւններ: Տարակոյս չկայ, որ հայերն ալ պիտի ունենան այդ իրաւունքները եւ պիտի վայելեն այդ առաւելութիւնները, քանի որ Հայաստան կը նկատուի Դաշնակից պետութիւն: Այդ իրաւունքներուն եւ առաւելութեանց մէջ՝ առաջին տեղը պիտի բռնէ այն դիրքը, զոր Երեւանի Հանրապետութեան եւ անոր կցուելիք Տաճկաստանի հողամասերուն միացմամբ կազմոււսծ Հայկական Պետութեան քաղաքացիները պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ: Դաշնագիրը իրենց բոլոր զօրութեամբ կը վերահաստատէ երբեմնի capitulation-ները, որոնց պաշտպանութիւնը պիտի վայելեն բոլոր Դաշնակից պետութեանց հպատակները, ուրեմն նաեւ Հայկական Պետութեան հպատակները: Մինչդեռ երբեմն րայաներ էինք Տաճկաստանի մէջ, այսուհետեւ պիտի ունենանք եւրոպացի ժողովուրդներուն համահաւասար դիրքն ու առանձնաշնորհումները: Մասնատր կերպով ուրախ պէտք է ըլլանք այս արդիւնքին համար, որովհետեւ կան պետութիւններ, որոնց չէ տրուած այդ իրաւունքը, եւ որ անշուշտ մեզի կը տրուի այն մեծ զոհողութեանց փոխարէն, զորս կրեցինք պատերազմին մասնակցելով: Դարծեալ