Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/537

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեր Դաշնակից պետութեան հանգամանքին շնորհիւ պիտի կրնանք վայելել տՏաճկաստանի տնտեսութեան համար կազմուելիք կարգ մը յանձնաժողովներու մասնակցութեան իրաւունքը, ինչ որ անշուշտ այլապէս օգտակար պիտի ըլլայ մեր ազգին: Այդ յանձնաժողովներէն՝ մեզի զլացուած է Պոլսոյ եւ նեղուցներու վարչութեան յատուկ յանձնաժողովին մասնակցութեան իրաւունքը, անշուշտ անոր համար, որ ծովային պետութիւն մը չենք տակաւին, որքան ալ ելք մը պիտի ունենանք Սեւ Շովուն վրայ: Դիտելի է, որ միեւնոյն նկատումով՝ Սեւ Օովուն վրայ ելք ունեցող Վրաստանն ալ չի մասնակցիր այդ յանձնաժողովին:

Երկրորդ խնդիրը, որ մեր մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՛ Հայաստանի սահմաններում հարցն էր: Դաշնագիրը վերջնական կերպով չէ ճշդած այդ սահմանները: Այս զանցառութեան մասին միանգամայն բարեբախտության ու դժբախտութեան նկատումներ իրարու կը զուգադիպէին: Եթէ այսօր ի վիճակի ըլլայինք անմիջապէս գրաւելու տրուելիք հողամասերը, եւ ատոնք որոշուած չըլլային, անշուշտ դժբախտ պիտի նկատէինք ինքզինքնիս: Բայց կերպով մը բարեբախտութիւն մը կը դառնայ այս զանցաոութիւնը, քանի որ եթէ որոշուած ըլլային սահմանները, ատիկա պատճառ պիտի դառնար որ թուրքերը, այդ նահանգները փրկելու համար, յարձակին նոյնիսկ Հանր. կառավարութեան վրայ, ինչպէս կը յարձակին Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ վրայ: Յետոյ, մխիթարական է, որ անոնց մասին իրաւարարութիւնը կը թողուի Ամերիկայի Հանրապետութեան Նախագահին: Ծանօթ ըլլալով այն ամեն յայտարարութեանց, որոնցմով Նախագահ Ուիլսոն միշտ շեշտած է հայոց արդար ըղձանքները պսակելու անհրաժեշտութեան ու քաղաքական անկախութեան տիրացման պէտքը, կրնանք լաւատես ըլլալ իր իրաւարարութեան մասին: Ասիկա պարզ նկատողութիւն մըն է. զոր կ՛ընեմ:

Այս սահմաններու մասին: Դաշնագրին յօդուածներուն խմբագրութեան ձեւը բաւարար չէ, մինչդեռ ամեն իրաւունք ունինք լաւագոյն բանի մը սպասելու: Բայց կը կրկնեմ, որ մխիթարական տրամադրութիւններ ալ ունի Դաշնագիրը: Մինչեւ այս դաշնագրին խմբագրութիւնը՛ մեր պետութեան դիրքը կապուած էր Տաճկաստանէն անջատուելով անկախութիւն ստանալու կոչուած միւս ժողովուրդներու դիրքին հետ, որոնց խնամակալութիւնը, Ազգերու Ընկերակցութեան անունով, պիտի յանձնուէր գարգացեալ ազգի մը հոգատարութեան: Ընկերակցութեան կանոնագրին 22-րդ յօդուածը կը տրամադրէր. «Կարգ մը ժողովուրդներ, որոնք երբեմն Օսմ. կայսրութեան կը պաքթանէին, հասած են զարգացման աստիճանի մը, որուն համեմատ կարելի է առժամաբար ճանչնալ զիրենք իբր անկախ ազգեր, պայմանաւ, որ հոգատարի մը խորհուրդներն ու օգնութիւնը ուղղեն իրենց վարչութեանը, մինչեւ այն ատեն, ուր պիտի կրնան ինքգինքնին կառավարել»: Դաշնագիրը մեր պետութիւնը կը հանէ այս դիրքէն, արդէն իսկ անկախ պետութիւն մը նկատելով, բայց եւ առ այդ՝ պէտք տեսնելով, որ Թուրքիոյ հայկական նահանգներուն կարեւոր մեկ մասը անոր միացուի: Ասոր մէկ առաւելութիւնը սա է, որ Դաշնակիցները հռչակած կ՛ըլլան, թէ Հայաստան արդէն իսկ՜ կարողութիւնն ունի ինքգինքը կառավարելու, Ել այս առաւելութեան մէկ կարեւորութիւնը այն ատեն միայն կրնանք ըմբռնել, երբ կը մտածենք, թէ ատոր ուղղակի հետեւանքով Հայաստան ալ կրնայ շուտով աթոռ մը ունենալ Ազգերու Ընկերակցութեան մէջ: Մինչդեռ եթէ հոգատարութեան ենթարկուած ըլլայինք, ինչպէս օրինակի համար Սուրիա, Միջագետք, Պաղեստին, երկար ատեն մեզի անկարելի պիտի ըլլար ատիկա: Իմ անձնական կարծիքս է, որ Ազգերու Ընկերակցութեան մէջ աթոռ մը ունենալը շատ թանկագին առաւելութիւն մըն է մեր պետութեան համար: Ատիկա ո՛չ միայն մեծ նշանակութիւն մը կ՚ընծայէ հայոց, այլ պիտի ունենայ իր անհաշուելի օգուտները մեր ժողովուրին համար: Ասիկա կ՛ըսեմ որովհետեւ ես թերահաւատ չեմ Ազգերու Ընկերակցութեան մասին, համոզուած եմ, որ ապագային շատ նշանաւոր դեր մը պիտի խաղայ մարդկութեան համար: