Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/538

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Յետոյ կայ նաեւ Կիլիկիոյ սահմաններուն հարցը: Դաշնագրին ընկերացող քարտէսը ցոյց կու տայ, որ Կիլիկիա երկու մասի կը բաժնուի: Մեծագոյն մասը կը մնայ Տաճկաստանի, բայց քանի մը զազաներ եւ թերեա սանճագ մը, որոնք տնտեսապէս հարստագոյն մասերն են Կիլիկիոյ, կը մնան դուրս, իբր Սուրիոյ մաս: Ասոնց մէջ է նաեւ զուտ հայ ոստան մը, Տէօրթ Եօլը, ուր մեր պատուական անդամակիցը, Տիգրան Խան Քէլէկեան, իր ծանօթ առատաձեռնութեամբ տարիներէ ի վեր կը պահէ մասնաւոր որբանոց մը, որուն ընծայած օգուտները կարծեմ պէտք չկայ թուելու: Անշուշտ փափաքելի էր, որ ոեւէ անջատում չըլլայ Կիլիկիոյ եւ պահուի անոր քաղաքական ու տնտեսական ամբողջութիւնը: Այդ ուղղութեամբ կարելի է աշխատիլ նորէն:

Երրորդ խնդիրը, զոր ամէնէն աւելի ուշադրութեան նկատի առինք Դաշնագրին քննութեան միջոցին՝ փոխարինութեանց եւ վնասուց հատուցման խնդիրն էր: Կը ցաւիմ ըսելու եւ անշուշտ ամէնքդ ալ այստեղ կը բաժնէք այս ցաւը, որ այդ մասին մեր ունեցած ակնկալութիւնները չեն պսակուած Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ: Իրաւ է, որ այս տեսակէտով մինակ մենք չենք անիրատւած, ուրիշ ազգերու ալ միեւնոյն զրկանքը եղած է, բայց ասիկա չի կրնար մխիթարութիւն մը դառնալ մեզի: Մենք պատերազմին մէջ ամէնէն աւելի տուժող ժողովուրդներէն մէկն եղանք: Անձի կորուստէն շատ նոփրական անսահման վնասներ ունեցանք: Գրեթէ կէս առ կէս փճացանք: Մասնաւոր միջոցներ պէտք էին մեր վերականգնութեան համար, եւ այս մասին իրաւունք ունէինք շատ բան ակնկալելու Գերագոյն Խորհուրդէն, մտաբերելով այն անձնուէր աջակցութիւնը, զոր ընծայեցինք իրենց յաղթանակին համար: Չեմ ըսեր, որ դաշնագիրը այդ մասին բնաւ գոհացում չի տար մեր ժողոփսրդին. տրամադրութիւններ կան, որոնք որոշ հատուցումներ կապահովեն: Բայց մեր իրաւունքներուն եւ այդ մասնակի հատուցմանդ միջեւ խրամատը շատ լայն է: Ո՛չ մէկ տրամադրութիւն կայ նաեւ Հայաստանի կցուելիք նահանգներուն՝ Վանի, Պիթլիսի, էրզրումի արդի դրութեան բարւոքման մասին: Գիտենք, թէ ինչ խեղճ կացութեան մը մատնուած են այդ նահանգները: Այնպէս՝ ինչպէս մեզի պիտի դարձուին, բեռ են, քան շնորհ: Եւ մեր ազգին սեփական միջոցները այնքան մեծ բաներ չեն, որ մինակնիս կարենանք անոնց վերականգնումն իրականացնել: Այս մասին՝ հատուցման կամ փոխարինութեան իրաւունքնիս արդար է, եւ անշուշտ պէտք է ջանալ, որ կատարուելիք նոր աշխատութեանց ընթացքին մեր այդ իրաւունքն ալ արժեցոփ: Դաշնագիրը, որ այդ տեսակէտով ոչինչ կը տրամադրէ, միւս կողմէ հարկ մըն ալ դրած է այդ նահանգներուն վրայ, այսինքն՝ Թուրքիոյ հանրային պարտուց այն բաժինը, զոր Հայաստան պիտի ստանձնէ այդ նահանգներուն տիրանալով: Թէ իրապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ գումարը՛ չենք գիտեր: Բայց կրնանք մերձաւոր հաշիւ մը ընել անոր մասին: Թուրքիոյ ընդհանուր հաշիւները, Պալքանեան պատերազմէն ետք եւ վերջին պատերազմէն առաջ, կը հասնէին տարեկան 28 միլիոն ոսկիի: Ըսենք 30 միլիոն, որպէսզի աւելի դիւրանայ մեր այս վերիվեր հաշիւը: Արդ, վերոյիշեալ երեք վիլայէթները՝ Վան, Պիթլիս, էրզրում ի՜նչ բաժին ունէին այդ ընդհանուր հաշիւներու մէջ: Կը գտնենք 7-800 000 ոսկի: Աս ալ ենթադրենք մէկ միլիոն, հաշոփ նոյն դիւրութեան համար: Ուրեմն՛ Թուրքիոյ ընդհանուր հասոյթներուն 30-էն մէկ բաժինը կը գոյանար յիշեալ երեք վիլայէթներէն: Դաշնագիրը 162 միլիոն ոսկի կը գնահատէր Թուրքիոյ ընդհանուր պիւտճէն: Ուրեմն՝ այդ 162 միլիոնին մէկ յիսներորդ մասը պիտի իյնայ Հայաստանի, այն է՝ 5 ու կէս միլիոն ոսկիի պարտք մը, որ 5% ֊էն կամ 6 տոկոսով՛ կ՚ենթադրէ մօտաւորապէս 300 000 ոսկիի տարեվճար մը: Բայց այս գումարէն պէտք է զեղչել գէթ 1/3-ը, քանի որ վերոյիշիւսլ նահանգներէն քանի մը սանճագներ, ինչպէս Հէքիարի, Աղերդ, եւ այլն Տաճկաստանի կը մնան, որով հայկական պետութեան իրազեկ տարեվճարը, միշտ մերձաւոր հաշուով, կ՚իջնէ 200 000 ոսկիի: Կան տակաւին կարգ մը նկատումներ ալ, զորս երկար կ՚ըլլայ թուել հիմա, եւ որոնց շնորհիւ կարելի է դեռ զգալի զեղչ մը ընել այդ գումարին վրայ: Անշուշտ արդար պիտի ըլլար, որ Հայկ. Պետութեան ինկած այս պարտքը փոխարինուէր,