Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/539

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինչպէս ըսուած էր Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան Յիշատակագրին մէջ, մեր ազգին կրած վնասուց հատուցման իրաւանց մէկ մասին հետ:

Ուրիշ խնդիր մը, որ մեր ուշադրութեան առարկայ եղաւ՝ ազգայնութեան խնդիրն էր: Ո՞ր հայերը պիտի կրնան Հայաստանի հպատակ ըլլալ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի դառնայ պսակել օտար հպատակութեան մեջ գտնուող հայոց Հայաստանի հպատակութիւնը ընդունելու արդար բաղձանքը: Նաեւ՝ քաղաքական ի՞նչ իրաւունքներ պիտի վայելեն Թուրքիոյ մէջ հպատակութիւննին անփոփոխ մնացած հայերը: Բարդ խնդիրներ են ասոնք: Հայերը միայն ռուսական կամ թրքական հպատսմկութեան մէջ չէին գտնուեր. շատեր հպատակ են եւրոպական պետութեանց եւ Ամերիկայի: Կան հայեր, որոնք պարագաներու բերմուվ ստիպուած էին քանի մը հպատակութիւն իսկ ունենալ: Այն օրէնսգէտներու մասնախումբը, որուն կազմութիւնը ծանուցի, առանձինն պիտի քննէ այս հարցերը: Այն ձեւով, ինչպէս որ կը ներկայանայ այսօր այդ խնդիրը, երկիւղի տեղի տալու հանգամանք մը չունի: Վտանգի տեսակէտէն աւելի՝ բարդութեան ու դժուարութեան տեսակէտէն են, որոնք մեզ մտահոգ կ՛ընեն: Որովհետեւ ամեն պետութեան հպատակ հայոց համար՝ լուծման ձեւը նոյնը չէ: Օրինակի համար, Եգիպտոս գտնուող հայերը պիտի կրնան տեղափոխել իրենց հպատակութիւնը: Բայց տաոբեր պետութեան մը հայ հպատակներուն համար պիտի ծագին դժուարութիւններ: Հայկական պետութիւնն ալ, տակաւին նոր կազմուած, միջոց չէ ունեցած այս խնդրին անդրադառնալու եւ կապ մը ստեղծելու իրեն ու աշխարհիս չորս կողմը ցրուած հայերու միջել: Երէկ՝ Յանձնաժողովս յարմար նկատեց առաջարկել Տիար Ահարոնեանի, որ հանրապետութեան կառավարութիւնը անմիջապէս հպատակութեան առժամեայ օրենք մը պատրաստէր, հակիրճ բայց որոշ օրէնք մը, քանի մը յօդուածով, որով հռչակուի, թէ ամեն հայ՝ ի՛նչ թեմի մեջ ալ ծնած ըլլայ եւ կամ ո՛րտեղ ալ գտնուի, իրաւունք ունի Հայկական հպատակ ըլլալու, եւ հանրապետութեան կառավարոլթեան կամ անոր արտասահմանի ներկայացուցիչներուն դիմելով ստանալու ազգայնութեան վաւերագիր մը: ճիշդ է, որ հիմա ամեն հայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչներն կը ստանայ անցագիր՝ ճամբորդութեանց համար, բայց անցագիրը՝ հպատակութեան խնդրին մէջ այն չէ, ինչ որ կրնար ըլլալ ազգայնութեան վաւերագիրը: Անցագիրը արտօնութիւն մըն է պարզապէս եւ չի՛ բաւեր հպատակութեան բացարձակ փաստ դառնալու: Կը յուսանք, որ այդ օրէնքը երբ հաստատուի հայկական կառավարոլթեան կողմէ, պիտի կրնայ միջոց մը դառնալ, որուն ոյժով ամեն հայ, որ կը բաղձայ իր ազգային պետութեան հպատակութիւնն ընդունելու, իր դիրքը ճշդէ օրինական հիման վրայ:

Տիար Քէլէկեան Խան. Միա տերութիւնները թոյլ պիտի տա՞ն, որ իրենց հպատակ հայերը փոխեն հպատակութիւննին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Միջազգային օրէնքով՝ իւրաքանչիւր տէրութիւն аНёдеапсе կանոններ ունի: Պետութիւններ կան, որոնք իրենց հպատակներուն կ՚արգիլեն հպատակութեան փոփոխութիւնը: Օրինակի համար, Թուրքիոյ հպատակ մը չէր կրնար օտար պետութեան մը հպատակ դառնալ ինք իր գլխուն եւ Թուրքիա դառնալով վայելել այն առանձնաշնորհումները, որոնք յատուկ էին օտար պետութեանց հպատակներու: Ուրիշ պետութիւններ բնաւ արգելք չունին այս մասին, ազատ կը թողուն իրենց հպատակները, որ իրենց յարմար թուած պետութեան հպատակութիւնն ընդունին' բացի եթէ գինուորական ծառայութեան մէջ են: Ոմանք ալ նոյն ագատութիւնը կու տան այն պայմանաւ, որ հպատակութիւննին փոխած իրենց հպատակները արտասահմանի մէջ միայն կարենան արժեցնել այդ նոր հանգամանքը, եւ իրենց մայր երկիրները դառնալուն պէս նորէն անոր հպատակ նկատուին:

Հայոց համար՝ անսովոր վիճակի մը բերմունքն էր մանաւանդ պատճառը, որ օտար հպատակութիւններ փնտրելու մդուեցան: Ջարդերէ եւ հարստահարութենէ նեղուող ժողովուրդը ստիպուեցաւ լքել իր հայրենիքը եւ արտասահման անցնելով