Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/540

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ապաւինիլ ոեւէ օտար պետութեան մը պաշտպանութեան: Հանրապետութեան կառավարութիւնն անշուշտ պիտի պարզէ այս տեսակէտը, աւելցնելով, որ հիմա այլեւս այդ անսովոր վիճակը գոյութիւն չունի, որով պէտք չէ արգելք մը ըլլայ, որ ոեւէ հայ չդառնայ իր հայրենիքը, եւ իբր հայ չընդունի իր ազգային պետութեան հպատակութիւնը: Յուսալի է, որ ո՛չ մէկ պետութիւն ուզէ հայոց զլանալ այս բնական իրաւունքը:

Ուշադրութեան առնենք նաեւ այն պայմանները, որոնց պիտի ենթարկուին իրենց նախնի կամ հպատակութեամբ Թուրքիոյ սահմաններում մէջ մնալիք հայերը: Այդ պայմանները մանրամասնուած են դաշնագրին Droits des Minorites վերնադիրը կրող մասին մէջ: Կարելի է ըսել, որ դաշնագիրն ամէնէն խնամով պատրատուած մասը այդ է: Անոր մէջ՝ ապահովութիւններ կընծայուին ո՛չ միայն հայոց, այլ նաեւ բոլոր միւս տարրերում: Անցողակի կը յիշեմ անոնցմէ գլխաւորները. բռնի իսլամացողները ազատօրէն կը վերադառնան իրենց մայրենի տեղերը, էմվալը Մէթրուքէի Օրէնքը, որով թուրք պետութիւնը գրաւած էր տարագիր եւ տեղահան եղած Հայոց կալուածներն ու ստացուածքը, կը ջնջուի եւ այդ գրաւումները կը վերադարձուին իրենց տէրերուն կամ ազգին, եթէ տէրերը մեռած են. թուրք կառավարութեան վրայ հարկ կը դրուի հայթայթել քանդուած վայրերու վերաշինութեան համար անհրաժեշտ գործաւորներ. ջարդերու եւ տեդահանութեանց դերակատարներն ու թելադիրները կը հեռացոլին կամ դատի կ՚ենթարկուին. ասոնց մասին ամբողջ գլուխ մը կայ դաշնագրին մէջ. Ազգ. Սահմանադրութեան ու Պատրիարքարանի առանձնաշնորհումները կը վերահաստատուին. լեզուի ազատութիւն կը հռչակուի նոյնիսկ դատարաններու առջեւ թուրք կառավարութիւնը յանձն կ՚առնէ ճանչնալ ոչ-թուրք վարժարաններու բոլոր վկայականները, ընտրական օրէնքը կենթարկուի այն տեսակ պայմաններու, որ ւիոքրամասնութիւնները կարենան օգտուիլ իրենց բոլոր իրաւունքներէն: Չեմ թոլեր ամեն բան՝ մտածելով, որ առիթ ունեցաք աչքի անցընելու դաշնագիրը: Այս տրամադրութիւնները Թուրքիոյ դաշնագրին մէջ մեծ մասամբ նոյնն են, ինչ որ էին Գերմանիոյ Եւ միւս թշնամի պետութեանց հետ կնքուած դաշնագիրներուն մէջ: Հիմնական անխախտ տրամադրութիւններ են բոլոր Եւրոպայի համար եւ իբր այդ՝ սրբագրելի լոկ Ազգերու Ընկերակցութեան կողմէ: Միւս կողմէ՝ այդ տրամադրութիւնները ենթարկուած են փոխադարձութեան տեսակէտի մը, որ նոյնպէս պարտադիր պիտի ըլլայ: Օրինակի համար՝ ինչպէս որ հայեր պիտի մնան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, թուրքեր ալ պիտի մնան Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Եւ ինչպէս որ թուրքերը պարտաւորութիւններ ստանձնած են իրենց սահմաններուն մէջ մնացած հայ փոքրամասնութեանց մասին, պարտաւորութիւններ պիտի ստանձնէ նաեւ Հանրապետութեան կառավարութիւնը' իր սահմաններուն մէջ մնալիք թուրք փոքրամասնութեանց մասին: Առ այս՛ Գերագոյն Խորհուրդը Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեանը տուած է օրինագծի պատճէն մը, որուն մէկ օրինակը անցեալ նիստին Դիւանիս յանձնուեցաւ եւ որ այժմ Համագումարի Յանձնաժողովին մօտն է:

Մեր պարտքն է հիմակ խորհիլ, թէ ի՞նչ միջոցներով պիտի կրնանք դաշնագրին այն պակասաւոր կէտերուն սրբագրութեան եւ մեզի համար աւելի որոշ ու նպասւոաւոր տրւսմադրութեանց հաստատման աշխատիլ: Դաշնագիրը մեզ տարօրինակ դիրքի մը մէջ դրած է: Անիկա Թուրքիոյ կը ներկայացուի նաեւ մեր անունով, իբր թէ մենք տլ Դաշնակից պետութեանց հետ գլուխ-գլխի աշխատած ըլլայինք անոր պատրւսստութեան: Մինչդեռ իրականութիւնը հակառակն է, ինչպէս Պւստուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը պարզեց մեր անցեալ նիստին մէջ: Ամեն բան խմբագրուած է մեզմէ գաղտնի: Եւ մինակ մեզի չէ եղած ասիկա: Բոլոր պզտիկ ազգերն ալ այդպէս հեռու պահուած են դաշնագրին պատրաստութենէն: Նոյնիսկ Հիճազ, որ մեզի հետ Դաշնակից պետութիւն կը հռչակուի, անտեղեակ էր իր մասին տրուաձ որոշումներէն, ինչպէս իր ներկայացուցիչներն իսկ անձամբ յայւոնեցին ինծի: Եթէ