Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/541

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նախագահ Ուիլսոն Հայաստանի սահմանները որոշելու առթիւ յայտնէ, թէ արդարութիւն չէ, որ Տաճկաստանէ անջատուելով Հայաստանի կցուելիք նահանգները տրուին այն վիճակով, որուն մէջ կը գտնուին այսօր, հաւանական է որ այս արդարացի դիտողութիւնը Գերագոյն Խորհուրդը մղէ մեր տեսակէտին համապատասխան կարգադրութիւն մը ընելու: Արդէն օրինակները կան: Գերմանիոյ վրայ պարտք դրուեցաւ վերաշինելու Պելճիքայի այն մասերը, որոնք քանդուած էին պատերազմին ընթացքին, նաեւ՝ հատուցելու այն արջառները, զորս գրաւած էր: Նմանօրինակ պարտք.մըն ալ դրուեցաւ Պուլկարիոյ վրայ՝ Սերպիոյ հանդէպ: Եթէ Նախագահ Ուիլսըն իր պատասխանին հետ այս իմաստով պահանջ մը դնէ, թերեւս անկարելի չդառնայ մեգի ի նպաստ կարգադրութիւն մը ձեռք բերել՝ դրամով եւ կամ արջառ ստանալով, վերոյիշեւսլ նախընթացներում հիման վրայ: Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահն ու նուաստս, ասոր ի նախատեսութիւն՝ անցեալ օր այս գաղափարը յայտնեցինք ամերիկեան դեսպանին: Ըսելէ Ետք, թէ շատ գոհ ու երջանիկ ենք, որ Նախագահ Ուիլսըն ընդունեց Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ եղած իրաւարարութեան առաջարկն, աւելցուցինք, թէ այն պայմաններուն մէջ, որոնցմով մեզի կը տրուին այդ նահանգները, շնորհ մը ըլլալէ աւելի բեռ պիտի դառնան նորակազմ հայկական պետութեան, քանի որ անոնց մէջ ամեն բան աւերակ ըլլալով, հնարաւոր չէ ոեւէ արդիւնաբերութիւն, պարագայ, զոր հաւանականապէս Գերագոյն Խորհուրդը մոռացմամբ նկատի չէ առած: Դեսպանը ամենայն սիրով պատրաստակամութիւն յայտնեց իր կողմէ ամեն ոյժ տալու մեր առաջարկութեան եւ փափաք յայտնեց, որ այդ մասին ծանօթագիր մը տանք իրեն, որպէսզի անմիջապէս հաղորդէ Ուաշինկթոնի կառավարութեան, ստիպողական կարգադրութիւն մը յանձնարարելով:

Դաշնագրին պակասաւոր կէտերուն նկատառման համար ուրիշ պատեհութիւն մըն ալ կրնան դառնալ այն հակաառաջարկները, զորս հաւանական է, որ ընէ Տաճկաստան՝ եթէ առանց բոլորովին մերժելու դաշնագիրը, անոր վերաքննութիւնը պահանջէ: Այդ պարագային հարկաւ մեզի ալ դիւրութիւն կ՚ըլլայ մեր տեսակէտով գոհացումներ ձեռք բերելու: Միլս կողմէ, դաշնագրին 90-րդ յօդուածը կը տրամադրէ, որ յետագայ դաշնագրութիւններով կարգադրուին այն բոլոր խնդիրները, որոնք կարգադրուած չեն ներկայ դաշնագրով: Աս ալ անշուշտ առիթ կընծայէ թերի խնդիրներու լուծման: Կան նաեւ ինչ-ինչ խնդիրներ, որոնց լուսաբանութեան համար Գերագոյն Խորհուրդին մեկնաբանութեան դիմելով՝ կրնանք թերեւս լուծել տալ մեր տեսակէտներուն համաձայն եղանակով մը:

Ահա՛, Տիա՚րք, ընդհանուր գիծերուն մէջ այս է դաշնագիրը: Անոր մէջ կան բարեփոխման կարեւոր կէտեր, եւ ինչպես քիչ առաջ ըսի, բարեփոխելու եղանակներ չեն պակսիր: Նոր ջանքեր պէտք Են անշուշտ, ջանքեր, որոնք պէտք է ըլլան շուտով: Եւ տարակոյս չկայ, որ ո՛չ ոք ասանկ րոպէի մը պիտի թերանայ իր պարտաւորութեանց մէջ: Մաղթենք միայն եւ ջանանք, որ հաշտութեան խնդիրը շուտով հասնի իր վախճանին, որովհետեւ, եթէ երկարի՝ հետեւանքը լաւ չպիտի ըլլայ մեր եղբայրներուն համար, որոնք անդին, մեծ մասամբ անօթի ու անապաւէն կը մնան, ոմանք տակաւին անապատները, վրաններու տակ, ուրիշներ նոյնիսկ վրանէ ալ զուրկ, ձեռքերնին բաց, եւ որոնք մեծ ակնկալութիւններով կը նային Եւրոպայի, թերեւս կը նային նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան եւ Համագումարիս ալ, վայրկեան մը առաջ դարման մը սպասելով իրենց ողբալի դրութեան: Պէտք է, ուրեմն, որ երկրորդական պատճառներով չյամենայ այս խնդրին կարգադրութիւնը, դաշնագիրը ստանայ վերջնական հանգամանք, Հայաստան օժտուի բնականոն վիճակով մը եւ կարելի ըլլայ փրկել կեանքերը, որոնք վտանգի մէջ են: Ներկայիս՝ ամէնէն անհրաժեշտ բանը այս է: Դժբախտաբար, զինադադարէն ի վեր մէկ ու կէս տարի անցաւ ապարդիւն եւ այս մէկ ու կէս տարիները քանի մը հարիւր հազար անձի կորուստ արժեցին մեզի, ինչպէս տխուր առիթը ունեցան ստուգելու ամեն անոնք, որոնք Հայաստան այցելեցին: