Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/542

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եւ այս կորուստը միշտ պիտի բազմապաքթոփ, քանի յամենայ դաշնագրին վաւերացումն ու գործադրութիւնը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ըստ իս՝ դաշնագրին Հայաստանի վերաբերեալ յօդուածներու թերութիւնները ձեւական բնոյթ չունին լոկ: Ընդհակառակը, կը պնդեմ, որ այդ յօդուածներուն մէջ թողուած է Թրքահայաստանի հարցը: Ի՞նչ կ՚ըսէ 88-րդ յօդուածը. «Թուրքիա յանձն կառնէ ճանչնալ Հայաստանը իբր ազատ եւ անկախ պետութիւն, ինչպէս ճանչցած են Դաշնակից պետութիւնները»: Արդ, Դաշնակից պետութիւնները հետեւեալ ֆորմուլով ճանչցած էին Հայաստանի անկախութիւնը. «Հայկական պետութեան կառավարութիւնը գոյապէս ճանչցուած է: Այս ճանաչումը չի կանխորոշեր այս պետութեան ապագայ սահմաններու խնդիրը»: Հետեւաբար, Թուրքիա, ստորագրելով դաշնագիրը, ճանչցած պիտի ըլլայ միայն այն Հայաստանը, զոր Դաշնակիցները իրենք ճանչցած էին, այսինքն՝ Երեւանի Հանրապետութիւնը իր արդի սահմաններուն մէջ: 89-րդ յօդուածին մէջ ուր, կը կարծենք, թէ Թրքահայաստանի հարցը վճռուած է, մենք ոչինչ կը տեսնենք որոշ, այնտեղ վճռուած սկզբունք մը գոյութիւն չունի, հիմ մը չէ դրուած. յօդուածը լոկ սահմանագծութեան վերաբերող անորոշ տրամադրութիւն մը ունի: Քննենք, թէ ի՞նչ կըսէ այդ յօդուածը. «Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ ստորագրող միւս կողմերը, կը համաձայնին Ամերիկայի Նախագահին իրաւարարութեան ենթարկել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններուն գծումը, էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի վիլայէթներուն մէջ»: Եթէ դաշնագիրը ուզած ըլլար Թրքահայաստանի մասին վճռական բան մը ըսել, պէտք է ըսէր, թէ Թուրքիա կ՛ընդունի վերոյիշեալ չորս վիլայէթներու մէջ անկախ Հայաստանի մը գոյութիւնը, որուն կը միանայ Ռուսական Հայաստանը, կամ որ կը միանայ Ռուսական Հայաստանին: Այս վերջին զանազանութիւնը հիմա չենք փնտռեր, որովհետեւ դաշնագրին մէջ հարցին էութիւնն իսկ ուրացուած է: Սկզբունքային այսպիսի որոշում մը արձանագրելէ վերջ էր, որ սահմանագծումը կարելի էր ենթարկել ոեւէ իրաւարարութեան: Այդպիսի բան մը եղած չէ դաշնագրին մէջ: Այն հարցը, որ միջազգային իրադարձութեանց մէջ յաջորդաբար նուիրագործուած էր 61-րդ յօդուածով, Մայիսեան ծրագրով, Յունուարի ռեֆորմներով եւ որուն համար միլիոնաւոր կեանքեր զոհուեցան, թողուած է դաշնագրին մէջ: Դաշնագրին 89-րդ յօդուածին մէջ սահմանագծման պայման կայ միայն, ուրիշ ոչինչ, եւ այդ պայմանը դրուած է շատ աղօտ կերպով, առանց վերապահումներու, այնպէս որ եթէ Նախագահ Ռւիլսոն չընդունի իրաւարարութեան առաջարկը, կամ հիւանդանայ, հրաժարի, եւ կամ եթէ քաղաքական անցքեր անհնար դարձնեն այդ իրաւարարութիւնը, ո՛չ մէկ միջոց չի մնար, ո՛չ մէկ ուրիշ ճանապարհ չի ստեղծուիր, քանի որ դաշնագրին մէջ էութիւն մը չէ վճռուած, այլ լոկ՛ մանրամասնութիւն մը: 89-րդ յօդուածին մէջ չկայ նաեւ այն տեսակ տրամադրութիւն մը, որ պարտաւորութիւնը դնէր իրաւարարին վրայ յիշեալ չորս վիլայէթներէն անպատճառ հողամասեր միացնելու համար Հայաստանի:

Միւս կողմէ՝ 90-րդ յօդուածին սկիզբը ըսուած է. «Այն պարագային, եթէ այդ վիլայէթներուն մէկ մասը կամ ամբողջութիւնը [փոխոփ]» նաեւ՝ 91-րդ յօդուածին սկիզբը՛ «Եթէ ոեւէ հողամաս մը Հայաստանի կցոլի», ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ չկցուելու պարագան ալ նւսխատեսուած է: Եթէ հարցը վճռուած ըլլար ըստ էութեան, այնպէս ինչպէս վերը բացատրեցի, ո՛չ միայն փրկուած կ՛ըլլար, այլ նաեւ իրաւարարութեան անպայման կերպով յապաղման կամ ըստ կամս մեկնուելուն վտանգներն ալ գոյութիւն չէին ունենար: Մինչդեռ հիմա, հարցը ուրացուած է, եւ այդ չորս յօդուածներուն մէջ մէկ որոշ բան միայն ըսուած է, այն' թէ կը ճանչնան Ռուսահայաստանի անկախութիւնը. գոյապէ՞ս թէ իրաւապէս՝ խնդիր չէ, որովհետեւ մէկ կամ միւս ձեւով այդ Հայաստանը կապուած է Ռուսաստանի պայմաններուն հետ եւ ենթակայ կը մնայ անոր ոտնձգութեան: Մենք ուրախ ենք անշուշտ, որ ճանչցուած են Հայկ. Հանխսպետութեան շատ մը իրաւունքներ, բայց չենք կրնար անտեսել, թէ Դաշնակիցները չեն վճռած Հայկական Հարցին այն մասը, որուն բախտը լրիւ կախուած կը մնար իրենց որոշումէն,