Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/543

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէ անոնց կոդմէ տրուած որոշումը այդ մասին աղօտ է եւ անբաւարար: Կառաջարկեմ, ուրեմն, անմիջապէս դիմում կատարել, եւ եթէ, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, եղածը խմբագրութեան ձեւական թերութիւն մըն է, աշխատիլ, որ այդ թերութիւնը սրբագրուի: Ամեն պարագայի մէջ,- ըլլայ խմբագրութեան թերութիւն, ըլլա՚յ նպատակաւոր անտեսում, անհրաժեշտ է կատարել բոլոր ջանքերը որպէսզի մասնաւոր յօդուածի մը մէջ յիշատակուի եւ վճռուի Թրքահայաստանի անկախութեան հարցը:

Տիար ԹԷրզիպաշեանի այս յայտարարութեան վրայ տեղի ունեցաւ կարծեաց փոխանակութիւն մը՝ մասնաւորաբար Թրքահայաստանի հարցին եւ անոր էութեան սպառնացող վտանգին նկատմամբ: Տիարք Տէր-Ստեփանեան եւ Արտաւագդ Հանըմեան այղ մասին համակարծիք ըլլալով Տիար ԹԷրզիպաշեանի, միեւնոյն կերպով շեշտեցին ազդու եւ անմիջական դիմումներ ընելու անհրաժեշտութիւնը: Փափաք յայտնուեցաւ այս առթիւ, որ աշխատուի Նախագահ Ուիլսընի հրաւարարութեան վճիռը ունենալ դաշնագրին ստորագրութեան թուականէն առաջ: ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար յայտարարեց, թէ նախապէս այն վստահութիւնն ունէին, որ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութեան թուականը Նախագահին վճիռը հասած կ՚ըլլայ, բայց երկու օրէ ի վեր միայն յայտնի աղաւ, որ պիտի հասնի աւելի ուշ, դաշնագրին ստորագրութենէն ետք, ինչ որ, յարեց, նոր վտանգ մը կը ստեղծէ մեր դատին համար: Ն. Վսեմութիւնը յայտնեց, թէ ջանք չի նայուիր նաեւ այս վտանգը հեռացնելու համար, ո՛չ միայն այստեղ, այլ նաեւ Ամերիկայի մէջ, դիւանագիտական եւ գինուորական առաքելութեանց կողմէ:

Համագումարը որոշեց, որ պատգամաւորներէն անոնք, որ կը փափաքին, արենան ներկայ գտնուիլ այն աշխատութեանց, զորս պիտի կատարէ օրէնսգէտներու մասնախումբը, որուն կազմութիւնը ծանուցած էր Վսեմ. Նախագահը: Համագումարը որոշեց նաեւ, որ այդ մասնախումբին խորհրդակցութեանց արդիւնքը, Ազգ. Դատուիրակութեան կարծիքին հետ, ներկայացուի ժողովին քննութեան:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 59, թթ. 25-44: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ է

28 Մայիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Տիար Գ. Սինապեանի:

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր՝

Տիարք՝ Աղաթօն Պէյ, Տոքթ. Ա. Բարսեղեան, Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, էաւիթ-Բէկ, Թէրգիպաշեան, Վահան Թէքէեան, Բրօֆ. Թումայեան, Արտաւագդ անըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, ինապեան, Տէրպէտէրեան, Ն. Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնագլեան Գառնիկ: