Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/544

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Շարունակութին վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան

համարատուութեան

2. Տեղեկագիր հաշուական գործառնութեանց Ազգ. Պատուիրակութեւնն

3. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանձնախումբին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցան եւ վաւերացուեցան Մայիս 21-ի, Մայիս 22-ի, Մայիս 26-ի նիստերուն ատենագրութիւնները:


2. Խնդիր մանտայի հարցին նկատմամբ Ամերիկայի մէջ եղած

յայտարարութեան

Ազգ. Պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս Համագումարի Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան, կարեւոր խորհրդակցութեւսն մը համար ստիպուած ըլլալով բացակայիլ, որոշուեցաւ օրակարգի չանցնիլ:

Տիար Աւետիս Թէրզիպաշեան ժողովին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ուաշինկթոնէն «Նիւ Եորք Հերալտ»-ի ուղղուած Մայիս 27 թուակիր հետեւեալ հեռագրին վրայ.

«Ուաշինկթոն, 27 Մայիս. 4-ի դէմ 11 քուէով Շերակոյտի Արտաքին Գործոց Յանձնախումբը ընդունեց Քոննէքթիքէթի իր ծերակուտական Մր. Պրէնճիի որոշումնագիրը, որով Յանձնաժողովը յարգալից կերպով կը մերժէ Միացեալ Նահանգները արտօնել՝ ընդունելու Հայաստանի մանտան:

Առտու կանուխ՝ էրզրումի Եպիսկոպոսը տեսակցութիւն մը ունեցաւ ծերակուտական Լօճի հետ եւ թարգմանի մը միջոցաւ անոր տեղեկացուց, թէ հայերը չեն ուզեր, որ Միացեալ Նահանգները մանտան ընդունին, զգալով որ մանտային ընդունելութիւնը զիրենք հպատակները պիտի դարձնէ այդ երկրին, մինչդեռ իրենք կատարեալ անկախութիւն կը պահանջեն»:

Պ. Թէրզիպաշեան՛ յայտնելէ ետք, թէ հեռագրին մեջ յիշատակուած «էրզրումի Եպիսկոպոս» բառերը սխալի մը արդիւնք են, եւ պէտք է ըլլան «Երեւանի Եպիսկոպոս», աւելցուց, որ խնդիրը կը դառնայ Երեւանի Առաջնորդ Մուրատբէկեան Խորէն Եպիսկոպոսի վրայ եւ թէ անոր կողմէ Մր. Լօճի մօտ կատւսրուած այդ դիմումը կը ստեղծէ նոր ու շատ ծանր բարդութիւն մը, որու մասին անհրաժեշտ է, որ Համագումարը խորհրդակցի Ազգ. Պատուիրակութեան հետ:

ժողովականներէն ոմանք կասկած յայտնեցին հեռագրին ճշդութեան մասին եւ պէտք տեսան, որ ստուգուի: Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, յայտնելով, թէ այդ տեսակ յայտարւսրութիւն մը կը հակասէ ազգին հետեւած ուղղութեան, եւ կրնայ ծանր անպատեհութեանց ծնունդ տալ, առաջարկեց անմիջապէս հերքում մը տալ:

Խնդիր եղաւ նաեւ, թէ Խորէն Եպիսկոպոս ի՞նչ հանգամանք ունի: Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ, որ մինակ Վեհ. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը չէ, ինչպէս կըսէր Տիար Ա. Բարսեղեան, այլ նաեւ Երեւանի կառավարութեան: Նոյնը հաստատեցին նաեւ Տիարք Բրօֆ. Թումայեան եւ Գառնիկ Ֆնտգլեան, յայտնելով, որ Խորէն Եպիսկոպոս Լոնտոնի մէջ անձամբ իրենց ըսած է այդպէս ըլլալը:

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահը' Վսեմ. Պօղոս Փաշա ժողովասրահ մտնելով, իսկոյն յայտարարեց, թէ Պատուիրակութիւնը նոյնպէս յուզուած էր