Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/545

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարդալով այդ անհաւատալի լուրը, զոր կը հաստատէր Պատոփրակութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Տիար Միհրան Սվազլըի կողմէ Ուաշինկթոնի նոյն օրուան թուականով տրուած հետեւեալ հեռագիրը.

«Ուաշինկթոն, 27 Մայիս. Ն. Վսեմութիւն Պօղոս Փաշա, Բարիզ.

«Փաստրմաճեան. Գարտաշեան եւ Երեւանի Արքեպիսկոպոսը այսօր իմացացին Լօճին եւ ուրիշ ծերակուտականներու, որ հայերը չեն ուզեր Ամերիկայի «մանտա»ն: Խնդրեմ, հեռագրեցէք Պատուիրակութեան հրահանգները այս ստիպոդական հարցի մասին»:

/ստորագրութ./ Միհրան Սվազլը

Այս հեռագիրը կարդալէ վերջ, Վսեմ. Պօղոս Փաշա յայտնեց, թէ պարագան ծանր էր եւ ամեն իրաւունք ունէին վրդովուելու, նկատի առնելով մանաւանդ Տիար Փաստրմաճեանի պաշտօնական դիրքը: Տիար Փաստրմաճեան Հանրապետութեան ներկայացուցիչը ըլլալով Ամերիկայի մէջ, իր կողմէ եղած նմանօրինակ յայտարարութիւն մը շատ Փափուկ ու վտանգաւոր կացութեան մը կը մատնէր հայ ազգը թէ՛ Գերագոյն Խորհուրդին հանդէպ, որ ազգին ներկայացուցիչներու խնդրանքին վրայ՛ ծանօթ նոր դիմումը ըրած էր Նախագահ Ուիլսընի, որպէսզի Ամերիկա ընդունի Հայաստպնի «մանտա»ն, եւ թէ՛ Նախագահ Ուիլսընի հանդէպ, որ դեռ նոր-նոր, այնքան գեղեցիկ եւ յուզիչ կերպով մը արտայայտուած էր ի նպաստ Հայաստանի «մանտա»-յին ընդունելության:

Տիար Թերզիպաշեանի այն դիտողութեան վրայ, թէ չի՞ կարծեր, որ Տիար Փաստրմաճեան այդ յայտարարութիւնը ըրած ըլլայ առանց իր կառավարութենէն հրահանգ ունենալու, Վսեմ. Պօղոս Փաշա ըսաւ, թէ այդ մասին ապահովուելու համար իր դիրքը շեշտեց, որ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը իսկոյն գումարում մը ունենայ: «ճիշդ այդ գումարումէն կ՛ելլենք»,- յարեց Ն. Վսեմութիւնը, աւելցնելով, որ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Նախագահ Տիար Ահարոնեան, յայտնելով, թէ բնաւ տեղեկութիւն չունի Տիար Փաստրմաճեանի կողմէ եղած դիմումին, ինչպէս նաեւ այդ մասին Երեւանի կառավարութենէն տրուած հրահանգի մը նկատմամբ, փոլթաց ստորագրել հետեւեալ հիմնագիրը, զոր պէտք տեսանք Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան անունով ղրկել Ամերիկեան Մամուլի Ընկերակցութեան.

«Փարիզ, 28 Մայիս 1920. Մամուլի Ընկերակցութեան /Association of Press/, Նիւ Եորք.

Զարմացմամբ կարդացինք «Նիւ Եորք Հերալտ»ի այն լուրը, թէ հայ եպիսկոպոս մը յայտարարած է, որ հայերը չեն ուզեր Ամերիկայի «մանտա»ն: Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը ո՛չ մէկ անձի իրաւասութիւն տուած է ընելու այդ տեսակ յայտարարութիւնը մը, որ կը հակասէ մեր ժողովուրդին միահամուռ իղձերուն: Մեր ժողովուրդը վստահութեամբ կը սպասէ Ամերիկեան Ծերակոյտին նպաստաւոր պատասխանին՝ ի մասին Խաղաղութեան Վեհաժողովին կողմէ Հայաստանի «մանտա»յին կամ Հայաստանի օգնելու համար եղած առաջարկութեան»:

Ամբողջական Հայաստանի
Պատուիրակութեան կողմէ
Ահարոնեան Նուպար

Համագումարը համամտութիւն յայտնեց այս հիմնագրին անհրաժեշտութեան նկատմամբ: Վսեմ. Պօղոս Փաշա ծանուցած ըլլալով, թէ Տիար Ահարոնեան հեռագրով տեղեկութիւն պիտի խնդրէ Տիար Փաստրմաճեանէն՝ Համագումարը, Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեանի առաջարկութեան վրայ, որոշեց Տիար Փաստրմաճեանի պատասխանին սպասել, այս խնդրին անդրադառնալու համար:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 59, թթ. 45-50: Ձեռագիր: Բնագիր: