Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/546

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ Ը

1 Յունիս 1920, ժամը 3 ½-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 19 պատգամատր՝ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, Տիարք Աղաթօն Պէյ, Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Ներսէսեան Խան, Վսեմ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Բժշկական Յանձնաժողովին:

2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Բրոբականտի Յանձնաժողովին:

3. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան:

4. Տեղեկագիր հաշուական գործառնութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան:

5. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին:

6. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան:


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում եւ վաւերացում ատենագրութեան

Կարղացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Մայիս 28-ի նիստին ատենագրութիւնը:

2. Խնդիր մանտայի հարցին նկատմամբ Ամերիկայի մեջ եղած յայտարարութեան:

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար Համագումարին Մայիսի 28-ի նիստին որոշման համաձայն, հաղորդեց հետեւեալ հեռագիրը, զոր Պատուիրակութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Տիար Միհրան Սվազլը ղրկած էր ի պատասխան Ն. Վսեմութեան հեռագրին:

«Ուաշինկթոն, անթուական (հեռագիրը ստացուած է Մայիս 30-ին), Պօղոս Նուպար, Փարիզ.

«Տիար Փաստրմաճեան այսօր հաղորդեց ինծի, թէ սխալ տեղեկութիւն ստացած եմ եւ անջատ կէտը բացատրեց հետեւեալ կերպով: Կաթողիկոսին կոնդակները Լօճ եւ Հիէլքոք ծերակուտականներուն մատուցած միջոցին Արքեպիսկոպոսը յոյս յայտնած է, թէ Ամերիկա պիտի շարունակէ իր օգնութիւնը Հայաստանի: Ամերիկեան Քոմիթէին անունով Գարտաշեան յայտարարած է ծերակուտականներուն, թէ Նախագահին պատգամագրին մերժումը աղիտաբեր պիտի ըլլայ Հայաստանի, եւ եթէ ատ մանտան մերժուի, պէտք է ձեռք առնեն միջոցներ, որպեսզի Նախագահը իրաւունք ունենայ Հայաստանի օգնելու»:

Միհրան Սվազլը

Համագումարու խնդիրներին վրայ Վսեմ. Պօղոս Փաշա բերանացի հաղորդեց նաեւ Տիար Փաստրմաճեանի կողմէ Հանր. Պատուիրակութեան Նախագահ Տիար Ահարոնեանի հասած հետեւեալ հեռագիրը.

«Ո՛չ մէկ յայտարարութիւն եղած է մանտայի դէմ, բրովոքասիոն մըն է»:

Մէկ քանի պատգամաւորներ դիտողութիւն ըրին, թէ «բրովոքասիոն» բառը ճիշդ չէ եւ թէ եղածը սխալում մըն է: Դարձեալ ուրիշ պատգամաւորներ դիտել տուին, թէ Տիար Սվազլը պէտք էր նախապէս խնդիրը ստուգելէ վերջ հեռագրեր: