Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/547

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա կարդաց նաեւ հետեւեալ հեռագիրը, գոր ուղղած էր Տիար Մ. Սվազլըի. վերոյիշեալ հեռագրին ի պատասխան.

«1 Յանիս 920. Սվազլը, Ուաշինկթոն.

Ստացայ ձեր հեռագիրը, որով կը հաղորդէք Փաստրմաճեանի գոհացուցիչ բացատրութիւնները, բայց չէք բացատրեր, թէ ինչպէ՞ս կրցաք առանց կանխաւ քննելու հեռագրել այդ աստիճան խորապէս անճիշղ լուր մը, որ կրնար ծանր հետեւանքներու ծնունդ տալ մեր միջեւ:

Նուպար»

Համագումարը գոհացուցիչ գտաւ Ն. Վսեմութեան այս հեռագիրը եւ միջադէպը փակուած նկատեց:


Օրակարգ

1. Տեղեկագիր համարատուութեան Ազգ. Պատուիրակութեան Բժշկական Յանձնաժողովի:

Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան վիճաբանութեան անցնելէ առաջ, կարդացուեցաւ ‘Պատուիրակութեան Բժշկական Յանձնաժողովի գործունէութեան մասին հետեւեալ տեղեկագիրը, որուն տեղեկաբերն էր Տիար Տոքթ. Նեւրուզ:


Տեղեկագիր

Տեղեկագրին ընթերցումէն ետք, Տիար Տոքթ. Նեւրուզ բերանացի տեղեկութիւններ տուաւ Համագումարին կարգ մը կէտերու մասին որոնք չէին յիշատակուած տեղեկագրին մէջ: Նախ յայտնեց, թէ Տիար Տոքթ. Արթինեան, որ իբր պետ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան Կիլիկիա պիտի երթար եւ այդ պատճառաւ Պոլսոյ մէջ ունեցած պաշտօնէն հրաժարելով եկած էր Փարիզ Պատուիրակութեան հրահանգները ստանալու, վերջին պահուն անձնական հարկեցուցիչ պատճառով մը Ետ կեցած էր երթալէ, որով Ազգ. Պատուիրակութիւնը անոր տեղ նշանակած էր վիրաբույժ-մանկաբարձ Տիար Տոքթ. Չաւուշեանը: Տիար Տոքթ. Նեւրուզ այդ առթիւ յայտնեց, թէ Տոքթ. Չաւուշեան Ստանայի հիւանդանոցին մէջ պիտի ստանձնէ վիրաբուժական ճիւղը, Տոքթ. Տամլամանեան ներքին հիւանդութեանց ճիւղը, իսկ իբր վարիչ-տեսուչ պիտի նշանակուի տեղացի ձեռնահաս անձնաւորութիւն մը, որան ընտրութիւնը Պատուիրակութիւնը թողած է Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ Տիար Մ. Տամատեանի, որ անշուշտ տեղական ազգ. մարմիններու գործակցութեամբ պիտի յաջողի յարմար անձ մը կոչել այդ պաշտօնին: Գալով Առաքելութեան Կիլիկիա գտնուող անդամներուն, անոնք, ըստ աոաջնոյն, կը մնան իրենց պաշտօնին գլուխը: Տիար Տոքթ. Նեւրուզ այս առթիւ մասնաւոր շնորհակալութեամբ մը յիշատակեց ծանօթ դեղագործ Տիար Լաքրուան, որ միշտ նամակագրությամբ գործակցած էր Բժշկական Յանձնաժողովին, Բարիզի Service Sanitaire-ի տնօրէն Տիար Կօթիէն, որ ամէնանպաստաւոր պայմաններով դեղեր տրամադրած էր Կիլիկիոյ Ազգ. Առաքելութեան համար, Մարսիլիոյ Ազգ. Միութեան Նախագահ Տիար Սաաթճեանը, որ թէ՛ Առաքելութեան անդամներուն եւ թէ՛ դեղերու առաքման առթիւ ամեն տեսակ դիւրութիւն ընծայած էր, ինչպէս նաեւ Տիար Արտաւազդ Հանըմեանը, որ անձնուիրաբար ստանձնած էր Բժշկական Յանձնաժողովին քարտուղարութեան ամբողջ աշխատութիւնը: Տիար Տոքթ. Նեւրուզ ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանսական կառավարութեան որ ո՛չ միայն իր շոգենաւերուն վրայ մասնաւոր տեղ տրամադրած էր Առաքելութեան անդամներուն համար, այլ նաեւ առաջին անգամ մեկնող անդամներէ վարձք աւ չէր առած Կիփկիա Փոխադրելու համար: