Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/548

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Աղաթօն Պէյ. Արդեօք ֆրանսական կառավարութիւնը ինք իր ծախսերով Ստանայի մէջ կամ այլուր հիւանդանոց կամ դարմանատուն հաստատե՞ց:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Ո՛չ: Ստանայի մէջ կար արդէն թաղապետական հիւանդանոց մը, զոր ֆրանսական իշխանութիւնները կը տնտեսեն: Աւելի շատ կայ նաեւ ամերիկեան հիւանդանոցը, որ սակայն մատչելի չէ կարօտ ժոդովուրդին:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Տեղեկագրին նշած դարմանատուներուն մէջ Բժշկական Առաքելութեան անդամներէն ոչ ոք պաշտօնի չանցա՞ւ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Ամէննին ալ իրենց պաշտօնն ունեին: Ատանայէ դուրս պէտք եղաւ Առաքելութիեան աւելցնել [հեռու] տեղացի բժիշկներ:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Շարունակ կը լսենք, թէ դեղի անմիջական կարօտութիւն կայ Կիլիկիոյ մէջ: Կը փափաքէի գիտնալ, թէ այստեղ հայթայթուած դեղերը ատենին հասա՞ն Կիլիկիա:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Գոնէ կրնամ ըսել, թէ այղ մասին ոեւէ ջանք չխնայուեցաւ: Դեղերը միշտ յարմար ատենին ղրկուեցան, բայց, հակառակ նոյնիսկ Տիար Սաաթճեանի կողմէ Մարսիլիոյ մէջ շռայլուած անխոնջ աշխատութեանց, երբեմն սնտուկներու առաքումը յապաղեցաւ:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Ղրկուած բժիշկները պէտք եղած ւսրդիւնքը տոլի՞ն:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Ամէնքն ալ իրենց կարողութեան չափով աշխատած են: Թեեւ եղան պզտիկ զանցառութիւններ, բայց կարելի ղարձաւ շուտով ղարմանել: Ասոր հետ մէկտեղ միշտ պէտք կայ վարիչ բժշկապետի մը:

Տիար Վահան Թէքէեան. Առաքելութեան բոլոր անդամներն ալ կը շարունակե՞ն իրենց պաշտօնը:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Տիարք Տոքթ. Մանկրեան եւ Վարղանեան մեկնած են, իսկ ժնեւէն գազողները կը ւիափաքին հեռանալ, բայց բժշկապետին ժամանման կը սպասեն, որպէսզի իրենց տեղ ուրիշներ նշանակէ եւ սպասարկութիւնը չկասի:

Տիար Վահան Թէքէեան. Այղ պարագաները պէտք էին յիշատակուած ըլլալ տեղեկագրին մէջ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Կարղացուած տեղեկագիրը Բժշկական Առաքելութեան գործունէութիւնը կը պաքթերացնէր մինչեւ այն թուականը, որ Տոքթ. Ղազարոսեան մեկնած էր Կիլիկիայէն: Անկէ ի վեր ամիսներ անցած են եւ այս վերջին շրջանին մէջ Առաքելութեան ունեցած գործունէութեան նկատմամբ ո՛չ մէկ յիշատակութիւն կայ: Տեղեկագիրը միւս կողմէ պէտք ցոյց կու տայ Առաքելութեան յաքթացուած ամսավճարը բարձրացնելու, բայց լաւագոյն չէ՞ր, որ աքթէ առաջ տեղեկութիւն առնուեր, թէ ի՜նչ է Առաքելութեան արդի գործունէութիւնը: Ո՞վ կերաշխաւորէ, թէ անիկա լիապէս կը կատարէ իրեն վստահուած գործը:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. ճիշդ է, որ տեղեկագրին մէջ յիշատակուած է միայն Առաքելութեան մինչեւ Օգոստոսի վերջ ունեցած գործունէութիւնը, բայց եթէ անկէ ասդին եղածին նկատմամբ մանրամասնութիւն չկայ, պատճառը սա է, որ տեղեկութիւն չէ հասած մեզի: Մեզ հասած նամակներէ իմացած ենք, որ գործը իր առջի վիճակովը կը շարունակուի Կիլիկիոյ ամեն կողմը, բացի Մարաշէ, ուր վերջին ղէպքերուն եւ կոտորածին պատճառաւ ամեն բան տակն ու վրայ եղաւ: Ի բացակայութեան բժշկապետին Տոքթ. Տամլամանեան, Տոքթ. Գրիգորեան եւ Տոքթ. Մնացականեան ձեռք-ձեռքի կաշխատին Առաքելութեան գործը արդիւնաւէտելու համար: Միակ մեղադրանքը, զոր կարելի է ընել իրենց տեղեկագիր չղրկելն է: Տոքթ. Մնացականեանի կողմէ վերջերս ստացած ենք նամակ մը, որով կը ծանուցանէր, թէ ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկագիր մը ղրկած է, բայց դժբախտաբար չէ հասած մեր ձեռքը: Ապահովաբար կորսուած պէտք է ըլլայ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կիլիկիոյ Վեհ. Կաթողիկոսը տեղեկագիր չբերա՞ւ իրեն հետ Բժշկական Առաքելութեան կողմէ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Կը սպասէինք, բայց յուսախաբ եղանք: