Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/549

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այս գործը 14 ամսէ ի վեր սկսած է, բայց միայն երեք ամսուան գործունէութեան հաշուետուութիւն մըն է եղածը: Ասիկա անբաւական է անշուշտ Առաքելութեան մասին լիակատար կարծիք մը կազմելու համար:

Տիար Վահան Թէքէեան. Տեղեկագրին մէջ շատ մանրամասնութիւններ կան հիւանդանոցներու, դարմանատուներու, դեղատուներու, նոյնիսկ դեղատուներու կողմէ պատրաստուած դեղագիրներու թիլին նկատմամբ, բայց չէ յիշուած, թէ ասոնցմէ իւրաքանչիւրին համար ի՜նչ ծախսուած է, ի՜նչ ծախք կ՚ըլլայ բժիշկներուն համար: Չեն յիշատակուած տակաւին ասոնց նման կարգ մը անհրաժեշտ մանրամասնութիւններ, որոնցմով կարելի պիտի ըլլար լիովին գաղափար մը կազմել Առաքելութեան ձեռնարկին նկատմամբ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուգ. Յիշատակուած են այն տեղեկութիւնները, որոնք մեզի հասած էին մինչեւ Օգոստ. 31, անկէ ասդին մանրամասնութիւն չունինք: Առաքելութեան ամսական ծախքը 25000 ֆրանք, կանոնաւորապէս ղրկուած է միշտ: Ապրիլին Տիկին Եսայեան եւ Տոքթ. Մնացականեան գրած էին, թէ մէկ կողմէ տիրող սղութեան եւ միւս կողմէ ֆրանքի արժէքին անկման պատճառաւ չի բաւեր այղ գումարը, եւ խնդրած էին, որ գոյացած բացը գոցելու համար 30000 ֆրանքի բարձրացուի:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Քանի որ Տիկին Եսայեւսնի եւ միւսներուն նամակները կը հասնին, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ տեղեկագիրը չի հասնիր: Ուրեմն, անփութութիւն մը կայ Առաքելութեան կողմէ:

Տիար Տոքթ. Նեվրուգ. ճիշդ այդ մտածումով խիստ նամակ մը գրեցինք, պահանջելով, որ կարելի եղած արագութեամբ եւ ամեն մանրամասնութեամբ տեղեկութիւն տան Առաքելութեան գործունէութեան մասին: Բայց պէտք չէ այս առթիւ ուշադրութենէ վրիպեցնել այն քաղաքական պայմանները, որոնց ենթակայ է այս միջոցին Կիլիկիա եւ որոնք հաւասարապէս կրնան արտակարգ մտահոգութեանց եւ զբաղման աղբիւր մը դարձած ըլլալ նաեւ Առաքելութեան անդամներուն համար:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Անցեալ տարի Համագումարն էր, որ կազմեց Բժշկական Յանձնաժողովը: Այսօր կը տեսնենք, որ Յանձնաժողովը բոլորովին փոխուեր եւ Պատուիրակութեան իրաւասութեան ենթարկուեր է: Կը փափաքէի գիտնալ, թէ Պատուիրակութեան իմաց տրուա՜ծ է նոր անդամներ նշանակուած միջոցին եւ թէ, միւս կողմէ, Պատուիրակութիւնը կանոնաւորապէս տեղեկութիւն ստացա՛ծ է Յանձնաժողովին գործունէութեան նկատմամբ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Նոր անդամները առաջարկուած են Յանձնաժողովին կողմէ եւ պաշտօնի հրահանգուած են Պատուիրակութեան կողմէ: Յանձնաժողովն իր գործունէութեան մասին միշտ տեղեկագիր տուած է Պատուիրակութեան:

Տիար Բրոֆ. Թումայեան. Արդեօք Յանձնաժողովը Բժշկական Առաքելութեան մասին ուղղակի տեղացիներէ քննադատութիւն կամ գնահատականներ ստացա՞ծ է:

Տիար Տոքթ. Նեւրուգ. Տեղացիներէն ուղղակի բան մը չէ հասած: Բայց անկէ եկողներն ընդհանրապէս լաւ վկայութիւններ տուած են:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Այս կէտին նկատմամբ կ՛ուզեմ տալ տեղեկութիւն մը, զոր տեղեկագիրը մոռցած էր յիշատակել եւ ասիկա այն շատ պատուաբեր գնահատութիւնն էր, զոր Կիլիկիոյ վարիչ Գնդապետ Պրեմոն Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին ուղղուած նամակով մը ըրած էր, թէ՛ Բժշկական Առաքելութեան գաղափարին յղացման եւ թէ՛ անոր գործադրութեան նկատմամբ, մասնատրաբար յիշատակելով Տոքթ. Ղազարոսեանի եւ ընկերներուն օգտակար ու փայլուն գործունէութիւնը:

Տիար Դաւիթ-Բէկ ալ յիշատակեց ամերիկացիի մը կողմէ եղած նոյնքան խանդավառ վկայութիւնը Առաքելութեան գաղափարին եւ անոր գործառութեան եղանակներում նկատմամբ: