Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/550

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Գործին առաջին քայլերուն կը պաքթանին այդ բոլոր գնահատութիւնները, Եւ մենք ալ այդ մասին ամեն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տոքթ. Ղազարոսեանի: Բայց կը կրկնեմ, որ անհրաժեշտ էր գիտնալ, թէ այդ 3-4 ամսուան շրջանէն ետք, երբ բժշկապետը մեկնեցաւ, Առաքելութեան գործունէութիւնը կը շարունակէ՞ պահել այն գովելի ընթացքը, զոր ունէր իր սկզբնաւորութեան օրերուն:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Գէշ լուրը շուտ կը հասնի, Սրբազա՛ն, եւ մինչեւ այսօր վրդովման տեղի տոտդ լուր մը չառինք այդ մասին: Այդ հիմնարկութիւնը կը շարունակուի այն պայմաններով, որոնք գոյութիւն ունէին Տոքթ. Ղազարոսեանի մեկնած միջոցին: Նոյնիսկ անոր մեկնումէն ասդին Առաքելութեան անդամներուն մէջ կը տիրէ աւելի համերաշխ ոգի մը, քան ինչ որ գոյութիւն ունէր իր գտնուած ատենը: Ամեն կողմէ հասած լուրերը ասիկա կը վկայեն: Տարակոյս չկայ, որ իրենց կողմէ թերացում մըն է տեղեկագիր չղրկելը, կամ եթէ ղրկուած էր կորսուած ըլլալը իմանալէ ետք նոր օրինակ մը չհասցնելը: Թէեւ ասիկա աստիճան մը կ՚արդարանայ այնտեղ գոյութիւն առած քաղաքական արտակարգ պայմաններուն պատճառաւ, բայց նորէն բնաւ իրաւունք չեմ տար իրենց այդ թերացման համար: Աէկ անգամ մըն ալ կը կրկնեմ, որ Առաքելութեան գործունէութիւնը այսօր աւելի գոհացուցիչ ընթացք մը ունի, քան ինչ որ ունէր Տոքթ. Ղազարոսեանի բժշկապետութեան շրջանին: Եթէ եղած են զանցառութիւններ Առաքելութեան այս կամ այն անդամին կողմէ, անպատիժ չեն թողուած: Վերջապէս, ամեն բան եղած է Առաքելութիւնը իր կոչման պատշաճ կացութեան մը մէջ պահելու համար, եւ մեզի հասած կողմնակի տեղեկութիւնները կը հաստատեն, թէ արդիւնքը լաւ է բոլորովին եւ տեղի չկայ վրդոփսելու:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Բայց քանի որ տեղեկագիր չէ տուած, յայտնի չէ, թէ իրապէս ի՞նչ վիճակ ունի այսօր Առաքելութեան գործը, ինչպէս որ կողմնակի տեղեկութիւններու վրայ կարելի է վճռել, որ այդ գործը լաւագոյն դրութեան մը մէջ կը գտնուի այս միջոցին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կիլիկիայէն եկած անձ մը աննպաստ տեղեկութիւններ տուաւ ինծի Բժշկական Առաքելութեան մասին: Եղածը լոկ խօսք էր, լոաաբանուելու համար ուզեցի գիտնալ, թէ Յանձնաժողովը ի՞նչ կերպով կը ներկայացնէր Առաքելութեան գործունէութիւնը: Դժբախտաբար, իր տեղեկագրին մէջ ոչինչ կար այդ մասին: Անշուշտ լաւ պիտի ըլլայ, որ վտւթով ղրկուի բժշկապետը եւ ստացուին բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները Առաքելութեան գործունէութեան վերջին շրջանին նկատմամբ: Երբ մէկ կողմէ նոր յաւելում մը կառաջարկեն տրուած ամսավճարին վրայ, պարտք մըն է գիտնալ, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է գործը:

Տիար Նեւրուզ. Յանձնախումբին բաղձանքն ալ ատ է, եւ ատոր պիտի աշխատի: Եթէ մինչեւ այսօր այդպէս չեղաւ' յայտնեցի պատճառը: Տեղը մօտ չէ, որպէսզի կարելի ըլլայ օրը օրին տեղեկութիւն առնել: Մեկնողներ ալ միշտ գոյութիւն չունին: Այլապէս Յանձնախումբն այսքան ատեն առանց լուրի չէր մնար Առաքելութեան մասին: Ապահովաբար, փափաքը չէր, որ կը պակսէր իր մօտ:

Տիար Չօպանեան դրուատեց այս առթիւ Տոքթ. Տամլամանեանը, իբրեւ եռանդուն, ազգասէր եւ լուրջ հայ մը, փափաք յայտնեց, որ Համագումարը պէտք է պիւտճէին խնդրով զբաղած միջոցին մասնատր ուշադրութեան առարկայ դարձներ Բժշկական Առաքելութեան այս ձեռնարկը:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Ամէնքս ալ անշուշտ կը ձայնակցինք Տոքթ. Ղազարոսեանի մասին եղած գնահատութեանց: Բայց գործադիրը դրուատած ատեննիս պէտք չէ մոռնանք նաեւ բուն գործը ստեղծողը՛ Տիար Տոքթ.Նեւրուզը եւ պէտք է անոր ալ յայտնենք մեր շնորհակալութիւններն այս առթիւ:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Կրնա՞մ արդեօք գիտնալ, թէ ինչո՞ւ մեկնած է Տոքթ. Մանկրեան: