Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/551

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Չարժէր ծանրանալ այդ մասին, բժշկապետին հետ պարզ անհամաձայնութիւն մըն էր պատճառը:

2. Տեղեկագիր համարատուութեան Ազգ. Պատուիրակութեան Բրոբականտի Յանձնաժողովին

Տիար Արշակ Չօպանեան կարդաց Ազգ. Պատուիրակութեան Բրոբականտի Յանձնաժողովին գործունէութիւնը պաքթերացնող հետեւեալ տեղեկագիրը.


Տեղեկագիր

Տիար Աղաթօն ՊԷյ. Տեղեկագրին մէջ յիշատակուած էր նաեւ Տիար Խաչատուրեանի քարտէսներու ալպոմը: Արդեօք ինչո՞ւ գոնէ Համագումարին անդամներուն մէկ-մէկ օրինակ չտրուեցաւ այդ աշխատութիւնը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Պատուիրակութիւնը դրամը վճարեց, բայց գրեթէ քարտէսի երես չտեսաւ:

Տիար Աղաթօն ՊԷյ. Ի՞նչ վճարուեցաւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. 7000 ֆրանք, ինչպէս ինքն իսկ պահանջած էր նախապէս: Վերջէն նորէն դրամ ուզեց, բայց մերժեցի, որովհետեւ հազիւ 20 օրինակ ղրկած էր Պատուիրակութեան: Պէտք է ընդունիլ, որ վճարուած դրամը չէ կորած, որովհետեւ գիրքը շարելով տարածուեցաւ հեղինակին իսկ ձեռքով:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Բրոբականտի Յանձնաժողովին կատարած գործը ունի կարգ մը կէտեր, որոնք գովելի են անշուշտ, բայց անոր գործունէութեան մէջ կան նաեւ պակասներ, որոնց մասին ցաւս կը յայտնեմ: Կարդացուած տեղեկագրին մէջ ամէնէն աւելի կ՚ուգէի տեսնել, թէ ի՞նչ եղած է Յանձնաժողովին գործունէութիւնը ազդելու համար ֆրանսական մամուլին վրայ, որուն բռնած ուղղութիւնը մեր հարցին նկատմամբ շատ հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ: Մենք երբեք չկրցանք մեր դատին արդարութեան համապատասխան ընթացք մը տալ ֆրանսական թերթերու հրատարակութեանց, մինչդեռ թուրքերը եւ յոյները լիապէս յաջողեցան իրենց դատին ծառայեցնել գանոնք:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Անոնք դեղին ոսկի ունէին:

Տիար Տ. Տէօվլէթեան. Կարծեմ մենք ալ դեղին ոսկի ունեցանք, մենք ալ դեղին ոսկի ծախսեցինք: Խնդիրը հոն է, որ մեր ծախսած դրամին համապատասխան արդիւնք մը ձեռք չէ բերուած: Չեմ ըսեր, թէ դժուարաթիւններ չկային, կ՚ընդունիմ, որ մեծ աշխատութիւն պէտք էր ասոր համար, բայց ֆրանսական մամուլին այսօրուան ուղղութիւնն իսկ ցոյց կու տայ, թէ պէտք եղածին պէս չէ աշխատուած: Այս դիտողութիւնը կ՛ընեմ, որպէսզի գէթ ասկէ վերջ ֆրանսական մամուլին, մտաւորականներուն եւ հոգեւորականներուն մօտ լաւագոյն մղում մը արուի բրոբականտի գործին, ինչպէս եղած է, եւ կ՚ըլլայ Անգլիոյ մէջ, որովհետեւ դեռ ուշ չէ, դեռ կարելի է աշխատիլ, եւ պէտք է աշխատուի:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կընդունիմ, որ մեր կողմէ կատարուած բրոբականտը անբաւական էր: Անշուշտ կարելի էր աւելին ընել: Բայց ատոր համար պէտք էր ունենայինք աւելի լայն միջոցներ, զորս չունեցանք: Բրոբականտի գումարը պիտի հոգացուէր ազգ. հանգանակութեամբ, բայց անոր հասոյթը լոկ բրոբականտի չէր յաքթացուած, շատ աւելի մեծ պահանջներ կային, որոնք այդ հանգանակութեամբ պիտի հոգացուէին: Երբ այդ հանգանակութեան կոչը ըրի, խնդրեցի նուիրատուներէն, որ որոշ կերպով սահմանեն, թէ իրենց նուէրը ի՞նչ նպատակի կ՛ուզեն, որ յաքթացուի: 80-90 առ հարիլրը սովորաբար նպաստի գործին կը սահմանէին, եւ ասիկա բնական էր, նկատի առնելով այն մեծ կարօտութիւնը որուն մատնուած էր մեր ժողովուրդը,