Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/552

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կովկասի, ինչպէս Տաճկաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Այդ կարօտութեան դարմանումը ամէնուս ալ մտահոգութեան մեծագոյն առարկան էր: Իսկ րրորականտի համար շատ քիչ բան միայն տրամադրուեցաւ, եւ այդ քիչով եղաւ այն բոլորը, զորս յիշատակած էր տեղեկագիրը: Մենք ստիպուած էինք մեր միջոցներում ներած չափով միայն աշխատիլ եւ տարակոյս չկայ, որ մեր ձեռք բերած արդիւնքն ալ այդ չափով կրնար ըլլալ: Մինչդեռ յոյները եւ թուրքերը չէին հաշուեր իրենց տուածը, որովհետեւ իրենց կառավարութիւններն էին տուողը: Վերջին անգամ երբ անձնապէս մասնակցեցայ հանգանակութեան, ստիպուած եղայ իմ տուած բաժինն ամբողջովին յաքթացնել բրոբականտի գործին, նկատի առնելով անոր անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Համամիտ եմ Տիար Տէօվլէթեանի, թէ միշտ ատենն է շարունակելու բրոբականտը եւ հիմա, այս վճռական պահում մանաւանդ պէտք է ոյժ տրուի անոր:

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան շատ համակրալիր կերպով մը դրուատիքը ըրաւ «Տեպա»յի քաղաքական բաժնի խմբագիր Պ. Օկիւսթ Կովէնի, որ սկիզբէն ի վեր բոլորովին անշահախնդիր կերպով մը պաշտպանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել Հայկական Հարցը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Չեմ գիտեր, թէ Տիար Տէօվլէթեան, մօտէն տեղեակ չըլլալով, կրնա՞յ լիակատար գաղափար մը կազմած ըլլալ ֆրանսական մամուլին նկատմամբ, եւ չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս առանց այղ անհրաժեշտ ծանօթութեան՝ կը քննադատէ Բրոբականտի Յանձնաժողովին այղ ուղղութեամբ ունեցած գործունէութիւնը:

Տարակոյս չկայ, որ ֆրանսական մամուլը մեր խնղրին նկատմամբ չըրաւ այն ամենն, ինչ որ կրնար ընել: Բայց մեր դատին արդարութիւնը մինակը չէր բաւեր ատոր համար, որպէսզի կարելի ըլլար մեզ մեղադրել, թէ չըրինք ինչ որ հնարաւոր էր ընել: Դրամ եւ մեծ դրամ պէտք էր այդ արդիւնքին հասնելու համար, եւ այդ դրամը չունեցանք: Բայց նորէն կը կարծեմ իրաւունք ունենալ յայտարարելու, թէ մեր բրոբականտը Ֆրանսայի մէջ, ամէնափայլուն արդիւնք մը տուաւ: Ասիկա նոյնիսկ օտարները գնահատեցին: Ռումանական դեսպանատան մէջ անձամբ առիթ ունեցայ լսելու ռումէն դիւանագէտներու շնորհաւորութիւնները մեր Բրոբականտի Յանձնաժողովին եւ Տեղեկատու Պիլրոյին նկատմամբ, գովեստով կը յիշատակէին անոնց գործունէութիւնը, յայտնելով, թէ կը յաջողինք բոլոր տեղերը ողողել Հայկական Հարցին պաքթանող լուրերով, այնքա՛ն որ կարելի չէ ուշադրութենէ վրիպեցնել զանոնք: Չեմ հասկնար նաեւ, թէ Տիար Տէօվլէթեան ինչո՞ւ անպէտ կը նկատէ հրատարակուած դիրքերը: Յոյներն եւ թուրքերը նոյնպէս բրոբականտի այդ եղանակին ալ դիմեցին: Բայց անոնք լայն միջոցներ ունէին եւ աւելի մեծ ծաւալ կրնային տալ հենց հրատարակութեանց: Օրինակի համար, թուրքերը 100 000 օրինակներով տպած եւ ցրուած էին հայկական պահանջմանց դէմ իրենց հրատարակած դիրքերը: Այդքան մեծ ծաւալ տոլին նաեւ այն գրքոյկին, որան դէմ Պ. Թահմազեան շատ արժէքաւոր գիրք մը գրեց: Բայց մենք հազիւ 3000 օրինակ միայն կրցանք տպել, որովհետեւ միջոց չկար աւելի տպելու, եւ այդքանը միայն տպուեցաւ: Յետոյ պզտիկ ազդեցութիւն կրնանք ընել, զոր օրինակ, Քամել Մօէլերի եւ Տիկին Կապրիել [Սիվաշի] պէս մեծ գրագէտներու - Հայկական Դատին նուիրուած աշխատութիւնները: Մեծ թերթերը ձեռք ւսռնելու համար անհրաժեշտ միջոցները չունէինք, բայց որքան ալ պայմանները նեղ էին, նորէն Բրոբականտի Յանձնաժողովը կրցածը ըրաւ: Նոյն իսկ Պ. Կովէն, զոր Տիար Ֆնտգլեան այնքան արդարօրէն դրուատեց պահ մը առաջ, մինակը չըրաւ, մենք գացինք, խօսեցանք, գիտնալով որ կը հետաքրքրուի՝ շարունակ իրեն ղրկեցինք մեր դատին ծառայող ամեն տեսակ գրուածքներ: Միջոց մը ընդունելութիւններ կը սարքէինք մեզի բարեկամ անձնաւորութիւններ հրաւիրելով. լաւ եղանակ մըն էր ասիկա եւ միշտ իր օգուտն ունեցաւ: Գերապայծառ Նագլեան Եպիկոպոսի ի պատիւ սարքուած թէյասեղանին մասնակցեցան 15 նշանաւոր անձնաւորութիւններ, եւ անոնց համախմբումը միեւնոյն