Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/553

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սեղանին շուրջը, առիթ մը դարձաւ, որ բոլորն ալ տեղեկանան Հայկական Հարցին ստացած նոր երեւոյթներուն: Պէտք էր աւելի ընդարձակ սահմանի մը մէջ եւ աւելի յաճախ ընել այդ ընդունելութիւնները եւ միշտ ատենն է այս կերպով շարունակելու:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Համամիտ եմ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Եթէ չեղաւ պատճառը դրամի պակասն էր: Պատուիրակութիւնը այն աստիճան ծանր դրամական անձկութեան մը մատնուած էր վերջերս, որ նոյնիսկ մէկ քանի դիրքեր, որոնց տպագրութիւն սկսուած էր երկար ատենէ ի վեր, կարելի չեղաւ մինչեւ այսօր հրապարակ հանել:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Տիար Գալենտէրեան կըսէր. թէ Փարիզի ամերիկեան շրջանակներուն մէջ ըլլալիք բրոբականտը պէտք եղած կերպով չէ կատարուեր:

Տիար Ա. Չօպանեան. Ինք սակայն դարմանեց: Նախապէս շատ լայն յարաբերութիւններ չունէինք, իր միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ մտանք Նիւ Եորքի Մամլոյ Ընկերակցութեան ներկայացուցչին հետ եւ հիմա այդ պակասն ալ լրացած է:

Տիար Տ. Տէօվլէթեան. Տիար Չօպանեանի ի պատասխան, պիտի ըսեմ, թէ ֆրանս. խնդիրներու հրատարակութեանց անտեղեակ չեմ, բայց երբեք չեմ տեսած անոնց մէջ մեր դատին ի նպաստ պատճառ մը այն ձեւով ինչ ծեւով որ կ՛ընեն, օրինակի համար, «Մանչեսթր Կարտիան», «Թայմզ», նոյն իսկ «Տէյլի Քրոնիքլ» եւ ուրիշ անգլերէն թերթեր:

Տիար Ա. Հանըմեան. «Մանչեսթր Կարտիան»ի այդ հրատարակութեանց արդիւնքն ի՞նչ եղաւ:

Տիար Տէօվլէթեան յայտնեց, թէ Անգլիայի մէջ, իրենք քանի մը հոգի, անգլիական 3000 ոսկով յաջողեցան խոշոր շարժում մը առաջ բերել ի նպաստ Հայկական Դատին:

Տիար Դաւիթ Բէկ յայտնեց, թէ Բրոբականտի Յանձնաժողովն ալ շատ մեծ ծրագիրներ ունէր, բայց նիւթական միջոցներու պակասը միշտ արգելք եղաւ այդ ծրագիրներու գործադրութեան, թէ Յանձնաժողովը նոյնիսկ իր անձուկ միջոցներով կրցաւ սարքել տալ շատ մը հրապարակային ժողովներ, զորս մոռցած էր յիշատակել Տիար Չօպանեան, եւ այդ ժողովները մեծապէս նպաստեցին Հայկական Հարցին ծանօթացման: Ի վերջոյ յիշատակելով թէ Բրոբականտի Յանձնաժողովը, Image պաքթերազարդ թերթին Հայաստանի նուիրուած թիլին գտած ընդունելութենէն քաջալերուած որոշեց Armenie Illustre անունով պաքթերազարդ թերթ մը հրատարակել, բայց միջոց չունեցաւ այդ մտածումը գործադրելու: Տիար Դաւիթ-Բէկ ալ կրկնեց, որ եթէ կը փափաքուի մեծ արդիւնք ստանալ բրոբականտէն, պէտք է անոր համար մասնաւոր գումարներ հայթայթել: Տիար Ա. Հանըմեան ալ դիտել տուաւ, թէ Յանձնաժողովը ամբողջ տարին 3000 ոսկի չունեցաւ իր տրամադրութեան տակ, ու-ր մնաց մէկ անգամի համար: Միւս կողմէ, հրաւիրեց Տիար Տէօվլէթեանը որպէսզի եթէ ուգէ ներկայանայ իր պիւրոն, տեսնելու համար այն ահագին թուով հրատարակութիւնները, որոնք ֆրանս. մամուլին մէջ եղած են ի նպաստ Հայկական Դատին: Տիար Տիրան Տէօվլէթեան Տիար Դաւիթ-Բէկի պատասխանելով ըսաւ, թէ Փարիզի հայերն իրենք պէտք էին հոգալ բրոբականտի ծախքերը, առանց ատոր համար դուրսէն աջակցութիւն սպասելու, ինչպէս չէին սպասէր բնաւ Անգլիոյ հայերը, որոնք իրենք իրենց մէջ կը գոյացնեն միշտ բրոբականտի անհրաժեշտ գումարները:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան վերստին արծարծեց Տիար Խանզատեանի քարտէսներու ալպոմին հարցը եւ ուզեց գիտնալ, թէ արդեօք Բրոբականտի Յանձնաժողովը ի նք տպեց այդ գործը, ինչպէս կրնայ հասկցուիլ կարդացուած տեղեկագրէն, մինչդեռ յարեց, ինք լաւ գիտէ, որ Հանր. Պատուիրակութեան տրուած օրինակներուն փոխարէն ալ դրամ կը պահանջուի հեղինակին կողմէ: Եթէ Բրոբականտի Յանձնաժողովը կամ Պատուիրակութիւնն են հրատարակողը, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ չեն կրցեր հեղինակէն ստանալ պէտք եղած օրինակները: