Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/554

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Չօպանեան պատասխանեց, թէ Պատուիրակութիւնը Տիար Խանզատեանը օգնած է իր գործին հրատարակութեան համար: Անշուշտ Տիար Խանզատեան իրատւնք ունէր իբր հեղինակ իր գործին կէսը իրեն պահելու, բայց գոնէ կարեւոր մաս մը պէտք է տար Պատոփրակութեան, իր ստացած գումարին փոխարէն, ինչ որ չըրաւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Տիար Խանզատեան այդ գործին խօսքը ըրաւ ինծի, հարցուցի թէ որքա՞ն դրամ պէտք է, 7000 ֆրանքի պէտք մը ցոյց տուաւ, եւ որովհետեւ գործը օգտակար էր՝ իսկոյն վճարեցինք այդ դրամը, մտածելով, որ անոր փոխաէեն գոնէ մաս մը գիրք պիտի դնէ Պատոփրակութեան տրամադրութեան տակ, բրոբականտի ծառայելու համար: Վերջէն սակայն հազիւ 20 օրինակ տպեց, եւ ա՛լ գրքի երես չտեսանք: Եթէ տրամադրելի օրինակներ ունենայինք, պիտի փութայինք տպագրել զանոնք, որով այլապէս մեծ պիտի ըլլար՜ գրքին ընծայելիք օգուտը: Առջի օր շատ ուրախ եղայ, Պ. Պէռատի գրասեղանին վրայ տեսնելով օրինակ մը: Պէտք էր Արեւելքի խնդիրներով հետաքրքրուող բոլոր անձնաւորութեանց գրասեղանին վրայ ալ գտնուեր:

Տիար Թէրզիպաշեան. Եթէ Բրոբականտի Յանձնաժողովին տեղեկագիրը նոյնութեամբ պիտի անցնի ատենագրութեան մէջ, ըստ իս, լաւ կ՚ըլլայ, որ վերցուին անոր այն մասերը, որոնք երաժշտական կտորներու նկատմամբ կը խօսին, եւ որոնց յիշատակութիւնը շատ ալ պատշաճ չէ մեր այսօրուան կացութեանը:

Տիար Չօպանեան. Սկզբունքով համաձայն չեմ, որովհետեւ ասոնք նոյնքան բրոբականտի միջոցներ են: Արդեօ՞ք տեղը բան մը չի շահիր, երբ իր գեղարուեստական յաքթութիւնները կը ծանօթացուին եւ զմայլանք կը յարուցանեն:

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան վերստին անդրադարձաւ Պ. Օկիւսթ Կովէնի պարագային եւ առաջարկեց, որ Համագումարին անդամները նախաձեռնարկ ըլլան արժէքատր նուէր մը ընելու անոր, աստիճան մը փոխարինած ըլլալու համար այն մեծ ու անշահախնդիր աջակցութիւնը, զոր Պ. Կովէն միշտ ընծայած է մեր դատին:

Տիար Չօպանեան յայտնեց, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը արդէն իսկ խորհած է այդ մասին եւ թէ մօտ օրէն այս մտածումը գործադրութեան պիտի դնէ, թանկարժէք նուէր մը ընելով Պ. Կովէնին, բոլոր կարելի փափկութեամբ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բրոբականտի ձեւերը մեծ զանազանութիւն ունին, ուստի բրոբականտը գիտութիւն մըն է: Տեղ կայ, որ քիչ ծախքով մեծ արդիւնք ձեռք կը բերոփ, տեղ ալ կայ, որ նոյնիսկ մեծ ծախքերով նշանակալի արդիւնք մը չի գոյանար: Ասոր համար սերտել պէտք է այն զանազան եղանակները, որոնք անհրաժեշտ են բրոբականտը արդիւնաւոր դարձնելու համար, եւ միշտ պէտք է խորհրդակցիլ ձեռնհաս եւ փորձառու անձնաւորութեանց հետ: Օգտակար կ՚ըլլայ կարծեմ, որ Բրոբականտի Յանձնաժողովը խորհրդակցի այս մասին Տիար Տէօվլէթեանի հետ որպէսզի կարելի ըլլայ այստեղ ալ կիրարկել բրոբականտի այն ձեւերը, որոնք յաջողութեամբ կիրառուած են Անգլիոյ մէջ:

Համագումարը յաջորդաբար լսեց Ազգ. Պատոփրակութեան համարատուու- թիւնը, նաեւ անոր յարակից տեղեկագիրներէն երկուքը: Կը մնայ տակափն ելեւմտա- կան գործառնութեանց տեղեկագիրը, որ պիտի կարդացոփ յառաջիկայ նիստին:

Որպէսզի այս բոլոր համարատուութեանց մասին կարելի ըլլայ որոշման մը յանգիլ առանց զանոնք տարտղնելու, լաւագոյն է անշուշտ, որ Համագումարն իր մէջէն մասնախումբ մը կազմէ, որ ամփոփէ եղած դիտոդութիւնները եւ զանոնք խտացնելով բանաձեւով մը ներկայացնէ ժողովին՝ ինչ որ անհրաժեշտ է խնդրոյն եզրակացութեան համար: Չմոռնանք, որ ժամանակներս սուղ է, պէտք է շուտով վերջ տանք այս ժոդովին աշխատութեանց, եւ առ այս առաջին կարեւոր բանը սա է, որ պէտք է մեթոտով աշխատինք:

Տիար Տէօվլէթեան. Կը ձայնակցին Վսեմ. Նախագահին խօսքերուն, եւ կը կարծեմ, որ ժողովն ամբողջ համամիտ է այս մասին հետ: Ինչպէս այնքան լաւ կերպով