Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/555

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըսաւ Ն. Վսեմութիւնը՝ ժամանակնիս սուղ է, մեր գործերը լքեր եկեր ենք, չենք կրնար հետ ատեն մնալ այստեղ, պէտք է օր առաջ վերջացնենք մեր աշխատութիւնը:

Տիար Ֆնտգլեան. Բնական է՝ ամէնքս ալ համամիտ ենք այս մասին: Եթէ Համագումարին աշխատութիւնները չափազանց յետաձգուին՛ վերջ ի վերջոյ դժուար պիտի ըլլայ մեծամասնութիւն գոյացնել, որովհետեւ մեգմէ շատեր, որոշ ժամանակ մը վերջ պիտի ստիպոփն ելլել:

Տիար Տէօվլէթեան. Արդէն դրուած աւելի հրատապ հարցեր կան: Անցեալէն աւելի. ներկայի խնդիրները պէտք է մեզ զբաղեցնեն: Նախնական խորհրդակ- ցութիւններով կրնանք հարթել թէ՛ անհամաձայնութիւնները եւ թէ՛, մանաւանդ, մեր դիտողութիւնները ժողովին բերել իրենց վերջնական ձետվ, որով աւելորդ վիճաբանութեանց պէտք չի մնար եւ ամեն խնդիր կը լրանայ շուտով:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ինչպէս յայտնի է Համագումարիդ, որոշուած էր թրքական դաշնագրին մեզի աննպաստ մասերում սրբագրոլթեան համար եւրոպացի ձեռնահաս իրաւաբանի մը կարծիքն իմանալ: Այս որոշման համեմատ, Ազգային Պատոփրակութեան Վսեմ. Նախագահին հետ դիմեցինք յայտնի ֆրանսացի իրաւաբանի մը՝ Պ. ժոզէֆ Պարթէլոմէի, որ Փարիզու համալսարանի դասատուներէն է եւ միանգամայն Երեսփոխանական ժողովոյ անդամ: Պ. Պարթէլոմէ քանի մը օրէն պիտի պատասխանէ մեր կողմէ իր կարծիքին ենթարկուած հարցումներում: Երբ այդ պատասխանը ստանանք, իսկոյն պիտի հաղորդոփ այն յանձնաժողովին զոր Համագումարը կազմեց դաշնագրին քննութեան համար եւ բանաձեւ մը կազմուելով պիտի ենթարկուի ժողովիդ: Միւս կողմէ. Ազգ. Պատուիրակութիւնն ալ անշուշտ իր նկատողութիւնները պիտի յայտնէ ստացուած պատասխանին նկատմամբ, եւ այդ առթիւ ժողովին պիտի հաղորդէ այն մտածումները, զորս ունի յառաջիկային ընելիք ձեռնարկներու մասին: Որպէսգի այս բոլորը շուտով քննուին ժողովիդ կողմէ, անհրաժեշտ է, որ ինչպէս Տիար Տէօվլէթեան զիս կանխելով ըսաւ՝ աշխատութեան մեթոտ մը հաստատենք: Հետեւաբար, պիտի առաջարկեմ, որ պատգամաւորներէն անոնք, որոնք դաշնագիրը քննեցին եւ անոր նկատմամբ դիտողութիւններ ունին, իրարու հետ խորհրդակցելով գրաւոր կերպով ձեւաբանեն իրենց թելադրութիւնները եւ յանձնեն Դիւանիս, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ դասաւորման մը ենթարկել բոլոր վիճելի կէտերը եւ ապահովել անոնց արագ ու կանոնաւոր քննութիւնը:

Համագումարը միաձայնութեամբ համամտութիւն յայտնեց այդ առաջարկութեանը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Միւս կողմէ՝ պէտք է ուղեգիծ մը հաստատենք նաեւ Համագումարին ընղհանուր աշխատութեանց համար, որպէսզի կարենանք սահմանել անոր տեւողութեան միջոցը եւ այդ սահմանուած ժամանակին մէջ լրացնել բոլոր աշխատութիւնները: Անոնց մէջ մեծագոյն տեղը կը բռնէ անշուշտ Ազգ. Պատ.- թեան միամեայ գործունէութեան համարատուութեան մասին կատարուելիք վիճաբանութիւնը: Այս գործը եւ Պատ.-թեան բոլոր գործերը պէտք չէ ուշանան: Համագումարը չի կրնար յաւերժանալ: Տարակոյս չկայ, որ չենք կրնար երրորդ նստաշրջան մը ունենալ, ասիկա ո՛չ պատշաճ է, ո՛չ ալ գործնական: Այս մասին անշուշտ բոլորդ ալ համակարծիք էք ինծի: Որպէսզի կարելի ըլլայ հաստատել այս ձեւ ուղեգիծ մը, կարծեմ լաւ պիտի ըլլայ, որ պատգամաւորներն իրենք իրենց միջեւ խորհրդակցելով հասունցնեն վիճելի հարցերը եւ առանձինն կամ հաւաքաբար բանաձեւեն զանոնք ու բերեն ժողովին: Որոշ գործի մը համար եւ որոշ նպատակով մը հաւաքուած ենք, պէտք է որ կարելի եղածին չափ շուտով լրացնենք այդ գործը ու ցրուինք: Ինչպէս ըսուեցաւ՝ հեռաւոր տեղերէ եկածներ կան, որոնք արդէն մեծ զոհողութիւն մը ըրած են իրենց գործերը լքելով եւ մինչեւ Փարիզ գալով: Խղճի խնդիր է անոնց կացութիւնը նկատի առնելը, աշխատելու ենք որ այդ զոհողութիւնը որքան կարելի է նուազ սուղի նստի իրենց, եւ արդէն մեր խնդիրն, այսօրուան դրութիւնն ամեն բանէ աւելի աշխատութեան արագութիւն կը պահանջէ: