Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/556

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համագումարը նոյնպէս ընդունեց այս առաջարկութիւնը:

Տիար Արշակ Չօպանեան յայտնեց, թէ Բրոբականտի Յանձնաժողովին տեղեկագրին առթիւ սկսուած վիճաբանութիւնը չէ փակուած եւ պատգամաւորները ազատ են Պատուիրակութեան պիւտճէի վիճաբանութեան առթիւ վերադառնալ նաեւ Բրոբականտի Յանձնաժողովին տեղեկագրին քննութեան: Համագումարը համամտութիւն յայտնեց, նոյն նկատման ենթարկելով նաեւ Բժշկական Յանձնաժողովին տեղեկագիրը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6 ½ -ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 60, թթ. 1-23: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Թ

2 Յունիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 17 պատգամաւոր

Ամեն. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Տիարք Աղաթօն Պէյ, Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Տեղեկագիր ելեւմտական գործառնութեանց Ազգ. Պատոփրակութեան

2. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատոփրակութեան համարատուութեան

3. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 1-ի նիստին ատենագրութիւնը:

2. Նամակ այրի Տիկին Մոստիչեանի

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան հաղորդեց, թէ այրի Տիկին Մոստիչեան նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնած է այն յարգանքի ցոյցին համար, որ Համագումարին կողմէ կատարուած էր իր ողբացեալ ամոանին Տիար Յարութիւն Մոստիչեանի ի յիշատակ, եւ որու մասին Դիւանը տեղեկութիւն տուած էր իրեն ինչպէս յանձնարարած էր Համագումարը:

Ընթերցուեցաւ ատենագիրը:


Օրակարգ

Տեղեկագիր ելեւմտական գործառնութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան

Ազգ. Պատուիրակութեան ելեւմտական գործառնութեանց քննութեան համար Համագումարին կողմէ կազմուած յանձնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան կարդաց Պատուիրակութեան ելեւմտական հաշուեցոյցին նկատմամբ պատրաստուած տեղեկագիր մը: Տիար Ֆնտգլեան դիտել տուաւ, թէ Ազգ.