Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/557

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութեան կողմէ ղրկուած հաշուեցոյցը գումարներու ներկայացում մըն է եւ անոր մէջ չկան իւրաքանչիւր գործառնութեան մանրամասնութիւնները:

Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա ըսաւ, որ իր Դիւանը միշտ պատրաստ է ուզուած մանրամասնութիւնը տալու, ըլլայ Յանձնաժողովին, ըլլայ Համագումարի անդամներուն, կը բաւէ որ պահանջուած մանրամասնութեանց մասին որոշ հարցում մը ուղղուի:

Համագումարին անդամներէն ոմանք փափաք յայտնեցին, որ յետաձգուի տեղեկագրին նկատառումը, եւ Յանձնաժողովը Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին Դիւանէն պէտք եղած մանրամասնութիւնները ստանալէ վերջ բերէ նոր տեղեկագիր մը:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան առաջարկեց չյետաձգել տեղեկագրին նկատառումը, քանի որ Համագումարը միշտ ազատ է վիճաբանութեան ընթացքին պէտք տեսնուած մանրամասնութիւններն ստանալու Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին Դիւանէն:

Համագումարը այդ մասին հաւանութիւն յայտնած ըլլալով, Տիար Տոքթ. Ա. Բարսեղեան ւոեղեկութիւն հարցուց հետեւեալ երեք կէտերու նկատմամբ.

ա.- Ներգաղթի համար կատարուած ծախքերու յիշատակութիւն մը կար տեղեկագրին մէջ, ծախքեր, որոնք եղեր էին Ֆրանսայի, Իտալիոյ ու Զուիցերիոյ մէջ գտնուող հայեր հայրենի ղրկելու համար, կարելի չէ՞ գիտնալ, թէ ուրկէ՞ կու գային այդ հայերը եւ ո՞ւր կերթային:

բ.- Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան ծախքերուն համար ընդհանուր գումար մը յիշատակուած էր: Կարելի չէ՞ գիտնալ, որ այդ ծախքերէն ո՞րքանը եղած է Ազգ. Պատուիրակութեան եւ ո՞րքանը Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կողմէ:

գ.- Ազգ. Համագումարի համար 36000 ֆրանքի ծախք մը նշանակուած էր. ի՞նչ բանի գործածուած կրնայ ըլլալ այդ կարեւոր գումարը:

Առաջին հարցման յաջորդաբար պատասխանեցին Պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Տիարք Աղաթօն Պէյ ու Հանըմեան եւ յայւոնի եղաւ, թէ զինադադարէն ասդին Զուիցերիայէն, Իւոալիայէն ու Ֆրանսայէն դիմում ընող կարգ մը հայերու, ինչպէս նաեւ ուսանողներու, որոնք կը փափաքէին Երկիր դառնալ եւ ատոր համար ո՛չ մէկ միջոց ունէին, ճամբա ծախք տրուած էր:

Երկրորդ հարցման ի պատասխան Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտնեց, թէ Համագումարին կողմէ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կագմութենէն առաջ, Ազգ. Պատուիրակութիւնը կը գումարուէր իր բնակարանին մէջ, որով ո՛չ առանձին պաշտօնատուն վարձելու, ո՛չ ալ առանձին գրագրութիւն կազմելու պէտք կար. իր անձնական քարտուղարները կը կատարէին ամեն աշխատութիւն: Մինչդեռ արդի շէնքը, ինչպէս նաեւ հաստատուած դիւաններուն, անոնց պաշտօնեաներուն ու ծառայողներուն պէտք տեսնուած է լոկ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան համար, այս է պատճառը որ անոր անունով ատենագրուած են այդ ծախքերը: Այս առթիւ Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտնեց, որ թէեւ նախապէս որոշուած էր որ Ազգ. Պատուիրակութիւնն ու Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը կէս առ կէս ընեն այդ ծախքերը, բայց Հանր. Պատուիրակութիւնը իր բաժինը չվճարեց եւ ամբողջ ծախքերը վճարուեցան Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ:

Դարձեալ, ի պատասխան Տիար Ա. Բարսեղեանի երրորդ հարցման, Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտնեց, որ Համագումարին համար եղած ծախքերուն մէջ կայ նախ շէնքի վարձքը, յետոյ կան գրագրութեան եւ սպասարկութեան ծախքերը եւ այն բացառիկ ծախքերը, որոնք եղան մէկ քանի պատգամաւորներու համար, ինչպէս զոր օրինակ Տիարք Բրօֆ. Խաչատուրեան եւ Լեւոն Շանթ, որոնց թէ՛ գալու եւ թէ՛ մեկնելու ծախքերը, ինչպէս նաեւ Փարիզ մնացած ատեննին որոշ ամսական մը Պատուիրակութիւնը վճարեց: