Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/558

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս հարցուց, թէ ինչո՞ւ Եգիպտոսի մէջ պատսպարուած որբերուն եւ վերապրողներուն համար դրամ ղրկուած էր, մինչդեռ Եգիպտոսի գաղութը կրնար ինք հոգալ անոնց ծախքերը: Պատոփրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտնեց, որ այդ գումարը ղրկուած էր ո՛չ թէ Եգիպտոս գտնուող որբերու եւ վերապրողներու համար, այլ՝ Հայաստանի զանազան կողմերէն հետզհետէ Եգիպտոս հասնողներուն համար, որոնց օգնութեան հասնելու անմիջական պէտք կար: Տիար Վահան Թէքէեան ալ աւելցուց, թէ Եգիպտոսի գաղութը միշտ իր կարելին ըրած է իր շրջանակին մէջ գտնուող կարօտութիւնները դարմանելու համար:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեանի առաջարկութեան վրւսյ' Համագումարը պէտք չտեսաւ, որ Յանձնաժողովը, Պատոփրակութեան Վսեմ. Նախագահին Դիւանէն մանրամասնութիւնները ստանալէ վերջ նոր տեղեկագիր մը բերէ, այլ՝ ինք իր կողմէ անհրաժեշտ հակակշիռը ընելով՝ լոկ եզրակացութիւնը հաղորդէ Համագումարին: Յանծնարարեց նաեւ, որ եթէ սխալ մը տեսնէ, այդ սխալն ալ հաղորդէ իր եզրակացութեանց հետ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս այս որոշման առթիւ ըսաւ, թէ լաւագոյն հակակշիռ մը կար ընելիք, գիտնալու համար, որ Պատոփրակութեան կողմէ զանազան տեղեր ղրկուած գումարները իրապէս յաքթացուա՜ծ են իրենց նպատակին: Այս դիտողութեան ձայնակցեցան ուրիշ պատգամաւորներ ալ: Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի առաջարկութեան վրայ Համագումարը որոշեց յանձնարարել Ազգ. Պատոփրակութեան, ոք ղրկուած գումարներու տեղւոյն վրայ գործածութեան եղանակին նկատմամբ իրեն հասած տեղեկութիւններն առանձին տեղեկագրով մը հաղորդէ Համագումարին:

Տեղեկաբեր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան կարդաց նաեւ անցեալ տարի Համագումարին կողմէ կազմուած պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հետեւեալ տեղեկագիրը: Տեղեկաբեր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան բացատրութիւններ տուաւ այս տեղեկագրին նկատմամբ եւ պատասխանեց ազգ. հանգանակութեան մասին պատգամաւորներու կողմէ եղած հարցումներուն: Համագումարը պէտք տեսաւ, որ այդ մասին ալ, մանաւանդ Ազգ. հանգանակութեան նկատմամբ Յանձնաժողովը անհրաժեշտ մանրամասնութիւններն ստանայ Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին Դիւանէն եւ անջատ տեղեկագիր մը բերէ, որպէսզի քննոփ Պատոփրակութեան ելեւմտական գործառնութեանց վերաբերող եզրակացութեանց հետ:

Ազգ. հանգանակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութեան առթիւ Տիար Աղաթօն Պէյ ցաւ յայտնեց կարգ մը թերթերու մասին, որոնք այդ հանգանակութեան դէմ արտայայտուած էին եւ պատճառ դարձած, որ պէտք եղած արդիւնքը չգոյանայ, ինչ որ այնքան վնասաբեր եղած էր ազգին, մանաւանդ կարօտ ժողովուրդին, որ իր յոյսը դրած էր Ազգ. Պատոփրակութեան վրայ:

Դարձեալ այդ տեղեկատուութեան ընթացքին Համագումարը գովեստով եւ շնորհակալութեամբ յիշատակեց մասնաւորաբար Անգլիոյ հայ գաղութը, որ իրմէ ակնկալուածէն աւելին ըրած էր ազգ. հանգանակութեան համար, ինչպէս հակիրճ կերպով տեդեկացուց Տիար Տիրան Տէօվլէթեան, պարզելով մանաւանդ այն խիստ հակակշիռը, որ դրամին գործածութեան միջոցներն կը կատարուի թէ՛ գաղութներուն եւ թէ՛ հանգանակուած գումարն կրկնապաքթուելով Անգլ. կառավարութեան կողմէ: Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան փափաք յայտնեց, որ Տիար Տիրան Տէօվլէթեան վերադարձին Համագումարին շնորհակալութիւնները հաղորդէ Անգլիոյ գաղութին: ժողովը ձայնակցեցաւ այս առաջարկութեան: Շնորհակալութեամբ յիշատակուեցան նաեւ այն գաղութները, որոնք պսակած էին ազգ. հանգանակութեան մասին իրենց վրայ դրուած ակնկալութիւնները:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան ակնարկեց նաեւ կարգ մը ծախքի չափազանցութեանց եւ իբր օրինակ ցոյց տուաւ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութիւնը: