Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/559

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ առթիւ յայտնելով, թէ Տիար Տոքթ. Ղազարոսեան բողոքագիր մըն ալ տուած է Ազգ. Պատուիրակութեան. առաջարկեց, որ Համագումարը իր ներկայութեան ընդունի Տոքթ. Ղազարոսեանը եւ անկէ անձամբ բացատրութիւն ստանալ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաւ, որ յարմար ատենին կարելի է վերադառնալ այդ խնդրին երբ Յանձնաժողովը իր տեղեկագիրը բերէ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 60, թթ. 24-30: Բնագիր: Ձեռագիր:


Նիստ ժ

3 Յունիս 1920, ժամը 4-ին,
նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր՝

Ամեն. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ., Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան

2. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան հաշուական գործառնութեանց տեղեկագիրներուն

3. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանծնաժողովին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ Յունիս 2-ի նիստին ատենագրութիւնը:

Ատենագրութեան ընթերցման վրայ Տիար Ա. Բարսեղեան ըսաւ, թէ նախորդ նիստին մէջ Համագումարի ծախքերում նկատմամբ տրուած բացատրութեան ընթացքին երբ Պատուիրակութեան Նախագահը Տիարք Շանթի եւ Բրօֆ. Խաչատուրեանի ճամբու ծախքը եւ ամսական վճարուած ըլլալը յայտնեց միջանկեալ կերպով, ինք այնպէս կարծեց, թէ այդ պարագան չպիտի արձանագրուի ատենագրութեան մէջ: Այլապէս պիտի պատասխանէր, թէ անոնց համար եղած ծախքերը պէտք էին մնալ Պատուիրակութեան ընդհանուր ծախքերուն մէջ, քանի որ Տիարք Շանթ եւ Բրօֆ. Խաչատուրեան Համագումարին սկսելէն առաջ նախորդ Պատուիրակութեան կողմէ հրաւիրուած էին, առաջինը Պատուիրակութիւնը զօրացնելու համար, եւ երկրորդը իբր մօտէն տեղեակ Միջագետք գտնուող վերապրողներու դրութեան: Տիար Բարսեղեան յայտնելէ ետք, թէ Պատուիրակութեան Նախագահը մինակ Տիարք Շանթի եւ Բրօֆ. Խաչատուրեանի չէր ակնարկած, այլ նաեւ ուրիշներու, որոնց անունը չէ տրուած, պահանջեց, որ կա՛մ ամէնուն ալ անունը արձանագրուի եւ կա՛մ ատենագրութեան այդ մասը ջնջուի: