Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/560

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համագումարը մեծամասնութեամբ իրաւացի գտաւ Տիար Բարսեդեանի դիտողութիւնը, եւ հարկ չդատեց նախորդ նիստի ատենագրութեան ակնարկուած մասը ջնջելու, այլ յանձնարարեց Հաշուեքննիչ Յանձնաժողովին՝ ստանալ ծախուց մանրամասնութիւններ եւ ժողովոյ տեղեկագրել ընդ փոյթ նաեւ այդ կէտին նկատմամբ եւ իր տեղեկագրով ներկայացնել ժողովին:

Տիար Արշակ Չօպանեան դիտել տուաւ, որ թէպէտ նախկին Պատուիրակութիւնը Ն. Վսեմութիւն Պօղոս Փաշայի տունը կ՛ունենար իր նիստերը, բայց Համագումարին ընտրած Պատուիրակութեան համար արդէն իսկ մասնաւոր պաշտօնատեղի մը անհրաժեշտ պիտի ըլլար:


Օրակարգ

Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ.

Պատուիրակութեան համարատուութեան

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Օրակարգի խնդրին անցնելէ առաջ կուզէի լուսաբանուիլ երկու կէաերու մասին, որոնք չէին արձանագրուած Պատոփրակութեան տեղեկագրին մէջ:

Առաջին կէտը սա է: Անցեալ աշնան կամ ամռան վերջերը, մամուլին մէջ հրատարակուեցան կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնց համեմատ՝ Ազգ. Պատուիրակութիւնը էջմիածնայ Կաթողիկոսին նամակ կամ հեռագիր մը ուղարկելով խորհուրդ տուած էր, որ արեւմտահայերը չմասնակցին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց, առարկելով թէ կրնան քաղաքական ծանր անպատեհութիւններ ծագիլ: Կը փափաքիմ գիտնալ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, որ Համագումարէն ընտրուած է, ի՞նչ իրաւունքով կրնար Կաթողիկոսին այդ տեսակ քաղաքական դիմում մը ընել:

Երկրորդ կէտը, որուն նկատմամբ լուսաբանուիլ կ՛ուզեմ, սա է: Ազգ. Պատուիրակութիւնը դաշնագրին յանձման միջոցին ոեւէ հրաւէր ստացա՞ծ էր Գերագոյն Խորհուրդին կամ անոր Ընդհ. Քարտուղարութեան կողմէ իբր պաշտօնական մարմին մը, որ դեր մը պիտի կատարէ դաշնագրին ստորագրութեան միջոցին:

Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար դիտել տուաւ, թէ այս տեսակ հարցումներ պէտք է նախապէս գրաւոր տեղի ունենան, որպէսզի Պատուիրակութիւնը կարենայ ակնարկուած խնդիրներուն. վերաբերող պաշտօնագրերը միասին բերել ու կարդալ: Յետոյ, պատասխանելով Տիար Բարսեդեանի առաջին հարցման, բացատրութիւններ տուաւ այն պարագաներուն նկատմամբ, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին վերոյիշեալ հեռագրին առաքումը: Այդ պարագաները արեւմտահայոց համար մանաւանդ կը ներկայացնեն տեսակէտ մը, զոր չէին կրնար տչքէ վրիպիլ, եւ արդէն արեւմտահայերն իրենք ալ բողոքի ձայն բարձրացուցած էին այդ մասին: Բողոքը Կաթողիկոսին ղրկուած էր, որովհետեւ արեւմտահայոց քաղաքական դերը որոշ չէր այդ միջոցին, եւ Կաթողիկոսը մանաւանդ իբր ընդհանուր հոգեւոր պետ կը զբաղէր անոնց ճակատագրով: Եւ արդէն բողոքը գաղտնի բան մը չէր: Միեւնոյն առթիւ Պատուիրակութիւնը բողոքած էր նաեւ Երեւանի կառավարութեան, նոյն պատճառաբանութիւններով:

Համագումարը բաւական նկատեց Պատուիրակութեան Նախագահին այդ մասին տուած բացատրութիւնները եւ անցաւ Տիար Բարսեդեանի երկրորդ հարցման, որ երկար վիճաբանութեան մը դուռ բացաւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բնական է, թէ հրաւիրուած էի դաշնագրին յանձման արարողութեան, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայի երթալ բազմիլ Դաշնակից