Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/561

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կառավարաթեանց ներկայացուցիչներու կարգին: Դաշնագրին յանձնուելէն օր մը առաջ, բոլորովին անակնկալ կերպով մը ստիպողաբար հրափրուեցայ Արտաքին Գործոց պաշտօնատունը. այնտեղ հարցուցին, թէ ստացա՞ծ եմ հրափրագիրը: Պատասխանեցի, թէ ոչ: Զարմացան եւ փնտրելով հասկցան, թէ հրաւիրագիրը ղրկուած էր Տիար Ահարոնեանի, իբր ներկայացուցիչ Հանրապետութեան կաոավարութեան: Այն ատեն բացատրեցի Թուրքիոյ հայոց ալ ունեցած իրաւունքը հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրելու մասին: Խորհրդակցութիւն մը կատարուեցաւ, որմէ վերջ, իմ պարզած տեսակէտս ընդունելով, իսկոյն հրաւիրագիրը տուին:

Տիար Բարսեղեան. Տիար Ահարոնեանէն հրաւիրագիրը տրուած միջոցին, պահանջուած էին լիազօրութեան թուղթեր, անշուշտ նոյն պահանջումը ըրած են նաեւ Պատուիրակութեան Նախագահին: Ինծի ըսուեցաւ, թէ Կաթողիկոսէն կոնդակ մը եւ Պոլսոյ Համազգային խորհուրդէն լիազօրութեան թուղթ մը ներկայացուած է, ճի՞շդ է:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Այո՛, ճիշդ է:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Եթէ ասիկա ճիշդ է, Ազգ. Պատուիրակութեան միւս անդամները տեղեկութիւն ունի՞ն այդ մասին:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Երբ իմ լիազօրութեան թաղթերս պահանջեցին, յիշեցուցի, թէ վեց տարիէ ի վեր Եւրոպայի մէջ կը ներկայացնեմ արեւմտահայերը, էջմիածնայ Կաթողիկոսին կողմէ տրուած լիազօրութեամբ մը, որ ճանչցուած է բոլոր Դաշնակից կառավարութիւններէն, եւ անոր հիման վրայ կատարուած են իմ դիմումներս իրենց մօտ: Իրատւնք տոփն ինծի: Ուրիշ բան, թէ պէտք էր նաեւ Համագումարին կողմէ տրուած լիազօրութիւն մը: Ասիկա կրնաք ընել հիմա, բայց չմոռնանք, որ շատ անկանոն, գրեթէ աննախընթաց կացութեան մը մէջ ենք, դուք իբր արեւմտահայերը ներկայացնող մարմին, մենք իբր ձեզմէ բղխած գործադիր տարր: Ո՛չ դուք կառավարութիւն մը կը ներկայացնէք, ո՛չ ալ մենք: Բայց անդին կայ սկզբունք մը, զոր պէտք է փրկենք, եւ ատիկա դաշնագրին ստորագրութեան մէջ Թուրքիոյ հայոց մասնակցութեան սկզբունքն է: Ամբողջ խնդիրն ատոր մէջ է: Եթէ պէտք է, որ ստորագրեն անհրաժեշտ է, որ ներկայացուցիչ մը ունենան: Այս մասին ո՛չ այնքան ձեւական տեսակէտներուն, որքան սկզբունքին փրկութեան պէտք է աշխատէինք: Դիտել կու տամ այս առթիւ, որ եթէ դաշնագրին տակ չգտնուէր նաեւ Թուրքիոյ հայոց մէկ ներկայացուցչին ստորագրութիւնը, ատիկա ամէնէն առաջ գոհունակութիւն պիտի պատճառէր թուրքերուն: Ես կը զարմանամ, որ հայեր խնդիր կ՛ընեն ասիկա:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Դաշնագրին մէջ արեւմտահայութիւնը շատ տեղ չունի: Պէտք չէ առնենք անանկ քայլ մը, որ վերջէն ծիծաղելի դառնանք եւ ներքին խնդիրներա նոր դուռ բացուի:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Չենք գիտեր, թէ դաշնագրին մէջ գործածուած «Armdnie» բառը Գերագոյն Խորհուրդին մտածմանդ մէջ ի՞նչ կերպով ըմբռնուած է. լոկ Հանրապետութի՞ւնը կ՛ըմբռնեն, թէ Հանրապետութեան հետ նաեւ Թրքական Հայաստանի այն մասերը, որոնք յիշատակուած են: Այս կէտը չճշդուած՜ չենք կրնար վճռել, թէ դաշնագրին մէջ Թուրքիոյ հայերը շատ տեղ չունին:

Տիար Վ. Թէքէեան. Քանի որ Տիար Բարսեղեան հարցուց, թէ Պատ.-թեան անդամները տեղեկութիւն ուսի՞ն Նախագահին ներկայացուցած իրաւասութեան գիրերուն նկատմամբ, կ՛ուզեմ պատասխանել թէ այո, եւ թէ այդ մասին Պատուիրակութեան մէկ նիստին մէջ խորհրդակցութիւն կատարուած է: Երբ Նախագահը յայտնեց, թէ անմիջական պէտքին առջեւ ներկայացուցած է Կաթողիկոսէն ստացած իրաւասութեան գիրը, յայտնեցինք, որ դաշնագրին ստորագրութեան համար պէտք է հիմնոփլ Համագումարին իշխանութեան վրայ, որ իբր Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչ մարմին, իրատւնք ունի այս լիազօրաթիւնը տալու իրեն: Նոյն նիստին մէջ դաշնագրին ստորագրութիւնը նախատեսելով, Տիար Ահարոնեան առաջարկեց հեռագրել Կովկաս, որպէսզի Հանր. կառավարութիւնը արտօնէ Փաշան եւս իր կողմէ դաշնագիրը ստորագրելու: Խնդիր է, թէ երկու Նախագահներն ալ պէտք է