Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/562

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հանրապետութեա՞ն անունով ստորագրեն, թէ՞ մէկը ստորագրէ յանուն Հանրապետութեան եւ միւսը յանուն Թուրքիոյ հայոց: Որովհետեւ կը կարծեմ, թէ այս խնդրին մէջ պէտք է նկատողութեան առնենք այն բոլոր քաղաքական հաւանականութիւնները, որոնք կրնան ծագիլ Կովկասի մէջ օրինակի համար պոլշեւիզմի վտանգը, որ կրնայ այդ պարագային խախտել ո՛չ միայն Փաշային, այլ նոյն ինքն Հանրապետութեան ներկայացուցչին դիրքը դաշնագրի ստորագրութեան միջոցին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Տիար Ահարոնեան այդ մտածումը ունեցաւ այն կանխատեսութեամբ, որ եթէ յառաջիկային թուրքերու կողմէ առարկութիւն ըլլայ Վսեմ. Փաշային ներկայացուցած լիազօրութեան գիրերուն համար, պահեստի թուղթ մը գտնուի, որուն շնորհիւ Ն. Վսեմութիւնը կարենայ ստորագրել դաշնագիրը: Զինքը շնորհատրեցի այս մտածման համար: Կը կարծեմ,- թէ այդ հեռագիրը ղրկուած է անշուշտ: Այդ օրը խօսեցանք նաեւ այն քաղաքական երկիւղներու մասին, որոնց ակնարկեց Տիար Թէքէեան: Յարմար դատուեցաւ, որ առանց նկատի առնելու հաւանական ձեւավտխութիւնները, որոնք կրնային առաջ գալ Կովկասի մէջ, այդ լիազօրութեան գիրերը ուզոփն եւ պատրաստ ըլլան:

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան. Բուն խնդիրը սա է, թէ Փաշան թրքահայո՞ց, թէ՞ Հանրապետութեան անունով պէտք է ստորագրէ: Կը կարծեմ, թէ պէտք է թրքահայոց կողմէ ստորագրէ, եւ ասոր համար ամեն ջանք պէտք չէ խնայուի: Դաշնագիրը քննած ատեննիս մենք գանգատ յայտնեցինք, թէ թրքահայոց խօսք չէ եղած, ինչո՞ւ չաշխատինք ուրեմն կարելի եղածին չափ լայն մեկնութիւն մը տալու դաշնագրին մէջ գործածուած «Агтёте» բառին:

Տիար Ա. Չօպանեան. Այս հարցը շատ կարետր է ո՛չ միայն իրաւաբանական տեսակէտով, որ մասնագիտական հանգամանք մը ունի, այլ՝ մանաւանդ մեր ազգ. պատմութեան տեսակէտով, որ աւելի կարետր է: Փաշան իրաւունք ունէր յիշեցնելու, որ ինք վեց տարիէ ի վեր Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչն է, ինչպէս արդէն ծանօթ է Դաշնակից պետութեանց: Խնդիր եղաւ, թէ պէտք է կռթնէր Համագումարին կողմէ տրուած մանտայի մը: Բայց արդէն Համագումարը ո՛չ միայն զինքը հռչակած է իբր թրքահայոց ներկայացուցիչ, այլ՝ իւր տիրէքթիւներէն մէկն ալ կը տրամադրէ, որ երկու Պատուիրակութիւնները միասին պիտի գործեն եւ տրուած թուղթերը պիտի կրեն երկու Նախագահներուն ստորագրութիւնները: Այսպէս ալ եղած է միշտ, այսպէս եղաւ նաեւ Լոնտոնի ու Սան Ռեմոյի մէջ: Տիար Ահարոնեան մտածումը ունեցեր է իր կառավարութենէն լիազօրութեան թուղթ մը բերել տալու Ն. Վսեմութեան համար: Պատոփրակութեան այդ նիստին ներկայ չէի, այլապէս պիտի ընէի առաջարկ մը, զոր հիմա այստեղ կ՛ընեմ: Ես կ՚առաջարկեմ, որ ինչպէս Հանրապետութեան կառավարութիւնը Ն. Վսեմութիւնը պիտի հռչակէ նաեւ Հանրապետութեան կողմէ լիազօր, այնպէս ալ Համագումարը Թուրքիոյ հայոց անունով լիազօրութեան թուղթ մը տայ Տիար Ահարոնեանի, որով երկու Նախագահները անգամ մըն ալ լիազօր կը դառնան ամբողջ Հայկական Խնդրին համար եւ այդ հանգամանքով Դաշնագիրը ստորագրելու իրաւունք կը ստանան:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Լիազօրութեան գիր մը օրինական հանգամանք ունենալու համար պէտք է, որ այդ գիրը տուողը արդէն իսկ օրինական գոյութիւն մը ունեցած ըլլայ: Թուրքիոյ հայոց կողմէ իբր օրինական առանձին մարմին մէկ գործողութիւն մը միայն կատարուած է, այն գիրը, որ 1918 Նոյեմբեր 30-ին ուղղուեցաւ Դաշնակից պետութեանց եւ որով թրքահայոց անկախութիւնը կը հռչակուէր: Բայց Դաշնակից պետութիւնները ո՛չ կը ճանչնանք ըսին, ո՛չ ալ չենք ճանչնար ըսին: Իրաւ է, Պատուիրակութիւնը գործողութիւններ ըրաւ, որոնց մէջ իր ստորագրութիւնը ճանչցուեցաւ իբր Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցչի ստորագրութիւն, բայց ատիկա բաւական չէ դաշնագիր մը ստորագրելու համար: Որպէսզի թրքահայերն օրինական մարմին մը նկատուէին, անհրաժեշտ էր, որ Դաշնակից պետութիւնները