Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/563

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճանչցած ըլլային անոնց անկախութիւնը, եւ այս տեսակ բան մը չեղաւ: Պէտք է աշխատինք նախ այդ օրինական հիմը ստեղծելու:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Պ. Քլէմանսօ չպատասխանեց մեր անկախութեան յայտարարութեան, բայց անգլիական կառավարութիւնը ստացած ըլլալն ծանոյց, աւելցնելով, որ արձանագրած է զայն: Կրնանք ասոր վրայ հիմնուիլ նոր դիմումի մը համար: Թէ՛ մեր ապագային եւ թէ՛ մեր պատմութեան տեսակէտով, անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ հայերը ստորագրեն դաշնագիրը: Կը կրկնեմ դարձեալ, որ անձերը նկատի չառնենք, այլ՛ լոկ սկզբունքը:

Տիար Ա. Հանըմեան. Խնդրին անցնելէ առաջ կ՛ուզեմ դիտել տալ, թէ տեսակ մը անբաղձալի խտրական ոգի գոյութիւն առած է մեր վիճաբանութեանց մէջ, եւ մասնաւորաբար մեզի՝ Դաշնակցականներուս նկատմամբ կանխակալ համոզում մը ունին ոմանք, թէ անպատճառ յետին միտք մը կայ մեր խօսքերուն տակ: Ասիկա ճիշդ չէ: Ամէնքս ալ կը փափաքինք, որ Փաշան ստորագրէ դաշնագիրը: Ես անձամբ ներկայ գտնուեցայ դաշնագրին յանձնման, չեմ կրնար նկարագրել, թէ ի՛նչ հպարտութիւն զգացի, երբ զինքը տեսայ նստած թուրք լիազօրներու հետ դէմ առ դէմ, անոնց դատապարտութիւնը վճռող այդ հանդիսաւոր հաւաքման մէջ, ինք՝ դատաւորի աթոռին, անոնք՝ յանցաւորներու աթոռին վրայ: Եւ սակայն, ինծի անկարելի կը թուի, որ մենք յաջողինք սոսկ թրքահայոց անունով դաշնագիրը ստորագրելու իրաւունք մը ձեռք բերել, որովհետեւ Թուրքիոյ լուծէն ազատագրուող, բայց անկախութեան չտիրացած ուրիշ ժողովուրդներու ալ, ինչպէս Սուրիոյ, Պաղեստինի, այդ իրաւունքը չտրուեցաւ: Հեճազ եւ Հնդուստան միայն ստացան այդ իրաւունքը, բայց անոնք հռչակուած էին անկախ պետութիւն: Ամեն անգամ, որ Պատուիրակութիւնը դիմում ըրաւ Վեհաժողովին աշխատութեանց մասնակցելու համար, մերժում միայն գտաւ: Նախագահ Ուիլսոն իսկ, որ այնքան համակիր էր մեզի, իր պատասխանին մէջ ըսաւ, թէ քանի որ հայ ազգը տակաւին չի մտած Ազգերու մեծ Ընկերակցութեան մէջ, իրաւունք չունի մասնակցելու Վեհաժողովին աշխատութեանց: Հիմա ալ, նոյն հիման վրայ պիտի մերժեն, եթէ թրքահայոց անունով դաշնագիրը ստորագրելու մասին դժուարութիւններ ծագին: Անշուշտ պիտի աշխատինք, որ Փաշան ստորագրէ դաշնագիրը իբր Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչ: Բայց եթէ չկարենանք վերջին պահուն նոր թուղթ մը ցոյց տալով ծիծաղելի չպիտի՛ ըլլանք յետոյ, բանի մը պիտի ծառայէ՞ իրօք:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ո՛չ, անպատեհութիւն մը չկայ: Ատիկա պարզ chancellerie-ի գործ մըն է: Գերագոյն Խորհուրդը չէ, որ անով պիտի զբաղի, այլ՛ դիւան մը, եւ եթէ իւր եզրակացութիւններն ընդունուին Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ, թուրքերը ստիպուած են նոյնպէս ընդունիլ:

Տիար Ա. Հանըմեան. Կարելի չէ՛, որ Հանր. կառավարութիւնը լիազօրէ Փաշան՝ դաշնագիրը ստորագրելու, նկատի առնելով անոր՛ Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցչի հանգամանքը, եւ այդ պարագան շեշտելով իւր տալիք լիազօրութեան գիրին մէջ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Տէրութիւնները եթէ նկատի առնեն, որ Թրքահայաստան ինքզինքը անկախ հռչակած է, թէ Վսեմ. Փաշան յանուն թրքահայոց կատարած է դիմումներ եւ գործողութիւններ, որոնք ժօ facto ընդունուած են իրենց կողմէ, եւ եթէ այսքանը բաւական նկատեն իբր օրինական հիմ ու խնդիրը վճռեն առանց թոլրքերուն կարծիքը հարցնելու, այն ատեն ամեն բան կը կարգադրուի: Բայց եթէ թուրքերուն հարցնեն, բնականաբար ո՛չ պիտի ըսեն, եւ խնդիրը պիտի վտանգուի: Պէտք է աշխատիլ նախապէս, որ տէրութեանց համամտութիւնը ձեռք բերուի:

Տիար Ն. Տէր-Ստեփանեան. Ես համամիտ չեմ, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ թուրքերը իրենք պիտի փափաքին, որ թրքահայոց կողմէ ստորագրուի դաշնագիրը: Որովհետեւ այն ձեւով ինչպէս որ պատրաստուած է այդ դաշնագիրը, մեր պահանջումները ենթարկուած են շատ մեծ կրճատումներու, եւ անտեսուած են մեր ամէնէն հիմնական իրաւունքները, ինչպէս, օրինակի համար, հատուցման իրաւունքը: Եթէ դաշնագիրը թրքահայոց կողմէ ստորագրուի այդ ձեւով, ատիկա պիտի նշանակէ,