Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/564

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէ թրքահայերը կը հրաժարին իրենց բոլոր անտեսուած պահանջումներէն եւ իրաւունքներէն, ինչ որ թուրքերու աչքին բաղձալի կը դարձնէ դաշնագրին թրքահայոց կողմէ ստորագրելը: Ես կը կարծեմ, որ այս պայմաններուն մէջ լաւագոյն է չստորագրել դաշնագիրը թրքահայոց անունով, եւ անոնց դատը չմեռցնել բոլորովին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Կուզէքէ գիտնալ, թէ Հանրապետութեան կառավարութեան անունով դաշնագիրը պիտի ստորագրուի մէ՞կ Հայաստանի, թէ՞ Միացեալ Հայաստանի համար:

Տիար Վ. Թէքէեան. Մինչեւ դաշնադիրի ստորագրութեան վայրկեանը, բնական, է, թէ երկու Հայաստանի գոյութիւնը նկատի կ՚առնուէր: Դաշնագիրը ստորագրուած վայրկեանին է, որ մէկ Հայաստան կը կազմուի: Ես փափաքեցայ, որ երկու Հայաստանի անունով ստորագրուի, եւ այս տեսակէտով, հակառակ եմ Տիար Տէր- Ստեփանեանի քիչ մը paradoqsal կարծիքներուն: Տիար Հանըմեան յիշեց, որ անցեալ տարուընէ ի վեր շատ անգամներ դիմումներ ըրինք Գերագոյն Խորհուրդին մօտ՝ Վեհաժողովին աշխատութեանց մասնակցելու համար ու մերժուեցանք: Բայց այս անգամ հրաւիրուեցանք դաշնագրին յանձնման արարողութեան: Ուրկէ՞ առաջ եկաւ այս նոր կացութիւնը: Տիար Հանըմեան ըսաւ, թէ Հանր. ճանաչումէն: Կը կարծեմ որ ո՛չ, որովհետեւ մենք չկոչուեցանք մասնակցելու դաշնագրին խմբագրութեան, հակառակ անոր մէջ միւս Դաշնակիցներու կարգին յիշուած ըլլալնոա: Այսուհետեւ դաշնագրին սրբագրութեան վերաբերող մեր դիտողութիւններով եւ ստորագրութեան մէջ մեր մասնակցութիւնով է, որ պիտի կրնանք Դաշնակից ըլլալ, եւ ատոր մէջ ալ թրքահայութեան ներկայացուցչի հանգամանքը պէտք է առանձին պահել: Արդէն դաշնագրին մէջ իրենց պայմանները Թուրքիայի ներկայացնող տէրութեանց կարգին Հայաստանի յիշատակութիւնը փաստ մըն է, թէ այդ Հայաստանը Թուրքիայէն անջատուող հայ հողամասերուն կը վերաբերի: Ռուսական Հայաստանի յիշատակութիւնը Թուրքիոյ հետ կնքուելիք դաշնագրի մը մէջ բոլորովին անիմաստ պիտի ըլլար:

Տիար Թէրզիպաշեան. Կառաջարկուի, որ դաշնագրին ստորագրութեան համար դիմում ըլլայ Գերագոյն Խորհուրդին, բայց ասոր համար իրական հիմը կը պակսի մեզի: Ցորչափ դաշնագիրը չէ ստորագրուած, մենք պէտք է մեր խորհրդակցութեան ընթացք տանք մեր ձեռքը եղած դաշնագրին վրայ հիմնուելով: Դաշնագիրը կը յիշատակէ լոկ Հանրապետութիւնը, որպէս ստորագրելու իրատւնք ունեցող կողմ: Իսկ Թրքահայաստանի հարցին մասին ոչինչ չենք տեսներ անոր մէջ: Եղածը լոկ սահմաններու ճշդման յիշատակութիւն մըն է: Իմ կարծիքով՝ փոխանակ ստորագրութեան համար դիմում ընելու, նախապէս պէտք է դիմում ընել դաշնագրին ստորագրութեան համար, ուրմէ կրնայ բղխիլ ինքնին յանուն Թրքահայաստանի ստորագրելու իրաւունքը: Ներկայ վիճակին մէջ դաշնագիրը թաղած է Թրքահայաստանի հարցը, եւ եթէ այդ վիճակին մէջ նոյնիսկ Թրքահայաստանի ներկայացուցչի մը կողմէ ստորագրուի, ո՛չ մէկ դրական արդիւնք առաջ չի գար: Թերեւս ատով Տիար Տէր-Ստեփանեանի ակնարկած վտանգն ալ առաջ կու գայ: Կառաջարկեմ յետաձգել այս հարցին վիճաբանութիւնը, որովհետեւ քաղաքական իրադարձութիւնները մեծ փոփոխութեան կրնան ենթարկուիլ եւ մեր այսօրուան վիճաբանութիւնը ապարդիւն կը մնայ: Լաւպգոյն է անշուշտ, որ այս հարցն ալ Համագումարի Վսեմ. Նախագահը պարզէ իր ձեռնհասութեամբ, եւ եթէ պէտք տեսնէ՛ մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ լուսաբանէ, որովհետեւ եթէ առանց հիմքը շտկելու լոկ ստորագրութեամբ բաւականանանք, կրնան ապագային վնասներու ենթարկել մեր ձգտումները: Եւ ես կը կարծեմ, որ Համագումարը այդ հաւանականութիւնը բառնալու համար, յանուն գերագոյն շահերու, սիրով պիտի ուզէ զոհել իր նախանձախնդրութիւնները:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բրօֆեսոր Պարթոլեմէի յղուած հարցումներում մէջ այդ կէտն ալ մօտէն շօշափող խնդիրներ կան. որոնք կրնան լոյս սփռել այդ մասին: