Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/565

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երբ իր գրաւոր պատասխանը ստանանք, աւելի գիտակցութեամբ կ՛անդրադառնանք այդ կէտին:

Տիար Ա. Չօպանեան. Տիար Ա. Ահարոնեանի կողմէ ծանօթ հեռագիրը ղրկուած ըլլալուն նկատմամբ կասկածներ յայտնուեցան:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Կարծեմ, թէ վերջնական պատասխան մը կը սպասուէր ղրկելու համար:

Տիար Ա. Չօպանեան. Ես կը պնդեմ իմ առաջարկիս վրայ: Պէտք է. որ Փաշան լիագօր նշանակոփ ո՛չ միայն թրքահայերու, այլ եւ Հանրապետութեան կողմէ ստորագրելու եւ Համագումարն ալ լիազօրութիւն տայ Տիար Ահարոնեանի յանուն թրքահայոց ալ ստորագրելու: Միւս կողմէ, համամիտ չեմ Տիար Թէրզիպաշեանի, որ Թրքահայաստանի խնդիրը թաղուած կը նկատէ: Եթէ Հանրապետութեան կառավարութեան չպիտի կցուին Թրքական Հայաստանի հողամասեր, ուրեմն ինչո ւ Թուրքիան ստիպէին դաշնագիր կնքելու Ռուսական Հայաստանի հետ: Այդ ստիպումը ինքնին փաստ մըն է, որ Օսմ. Կայսրութենէ մասեր պիտի կցուին Հայկական Հանրապետութեան: Պէտք է նոր դիմումներ ընենք դաշնագրին հիման վրայ, որպէսզի այդ կցուելիք չորս նահանգներուն ներկայացուցիչն ստորագրէ դաշնագիրը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Տիար Ահարոնեանին պիտի հարցնեմ, թէ ղրկե՞ց հեռագիրը, եւ եթէ ժողովը չի հակառակիր, պիտի յայտնեմ, թէ Համագումարը կը բաղձայ, որ ամեն կանխատեսութեան համար այդ լիազօրութեան թուղթը պատրաստ ըլլայ: Կրնայ ըլլալ, որ թուղթը ատենին չհասնի, եւ կամ Հանրապետութեան կառավարութիւնը մերժէ: Ասիկա պատճառ մը չէ որ մենք մեր պարտքը չկատարենք: Միւս կողմէ, որովհետեւ ամէնոա բաղձանքն է, որ թրքահայերն առանձին ներկայացուցիչ մը ունենան դաշնագրին ստորագրութեան միջոցին, ատոր համար ալ այստեղ կատարուիլը հնարաւոր եղող ամեն բան ընել Պ. Պարթոլեմէի գրաւոր կարծիքն ալ լսելէ վերջ:

Համագումարը համամտութիւն յայտնեց Տիար Ահարոնեանի մօտ կատարուելիք դիմումին համար եւ այդ առթիւ միաձայնութեամբ ցաւ յայտնեց Փարիզ հրատարակոտղ թերթի մը կողմէ Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին նկատմամբ եղած անվայել հրատարակութեանց մասին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսի մէկ հարցման վրայ Վսեմ. Պօղոս Փաշա յայտնեց, թէ դաշնագրին ստորագրուելէ վերջ Թրքահայաստանի դատը կրնայ փակոփլ եւ Պատուիրակութեան դերը կը լրանայ: Այս առթիւ Տիար Վահան Թէքէեան դիտել տուաւ, թէ այդ հարցը արդէն իսկ օրակարգին վրայ է եւ պիտի քննուի իր կարգին:

Իբր Ազգ. Պատուիրակութեան վերակազմութեան խնդիր Համագումարը Ագգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան վիճաբանութեան անցնելով, խօսք առաւ

Տիար Ն. Տէր Ստեփանեան. Ազգ. Պատուիրակութեան տեղեկագրէն այն տպաւորութիւնը կրեցինք, թէ Պատուիրակութիւնը չէ ունեցած գործունէութեան որոշ ծրագիր եւ որոշ մեթոտ, թէ այդ գործունէութեան միշտ պակսեր է աշխատանքի լուրջ բաժանում մը, եւ ընդհանրապէս մեր Դատին հետապնդութիւնը կատարուեր է թուլութեամբ, տեսակ մը կանխակալ վհատումով: Տեղեկագիրը չի յիշեր գործնական արդիւնք մը, որ ձեռք բերուած ըլլայ տարուան մը գործունէութեան ընթացքին: Միակ արդիւնքը, որ կը յիշոփ, Պ. Հուվէրի հետ ստորագրուած ալիւրի պայմանագրութիւնն է: Այս անկազմակերպ գործունէութիւնը դիտուած է նաեւ Պատուիրակութեան երկու յանձնաժողովներուն մէջ: Փաստերը չեն պակսիր այս մասին: Բժշկական Յանձնաժողովը գործեր է առանց Պատուիրակութեան քոնթրոլին, նոյնիսկ իր տեղեկագիրը չէ անցած Պատուիրակութեան բովէն: Գալով Բրոբականտի Յանձնաժողովին, իր գործունէութիւնը, միեւնոյն թերութեանց բերմամբ, չէ տուած երբեք այն արդիւնքը, որ կը սպասուէր: Նոր Պատուիրակութեան կազմութենէն առաջ անհոգութիւն մը կար այդ մասին, Եւ այդ անհոգութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ