Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/566

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութեան վերակազմութենէն ետք: Ես ալ, իբր անդամ, սկիզբները մասնակցեցայ այդ Յանձնաժողովին եւ առաջին քայլէն իսկ համոզում գոյացուցի, թէ կարելի չպիտի ըլլայ դարմանել այդ անփութութիւնը: Ամէնակենսական անհրաժեշտութիւն մը կար մեծ tirage-ով օրկանի մը, որ եւրոպական աշխարհին առջեւ մեր պահանջմանց թարգմանն ըլլար յարատեւ եւ ազդու կերպով մը: Բրոբականտի համար ամէնէն էական միջոցներէն մէկն էր ասիկա, եւ առաջին վայրկեանէն իսկ այդ տեսակ օրկանի մը ստեղծման պէտքը շեշտեցի: Պատուիրակութիւնը պատասխանեց, թէ դրամական միջոցներ չկան: Մինչդեռ, միւս կողմէ, նուազ կարեւոր, նուազ անհրաժեշտ, երբեմն նաեւ անպէտ բաներու համար, որոնք կ՛ըլլային բրոբականտի անունով, Պատուիրակութիւնը երբեք չդադրեցաւ նոյնիսկ կարեւոր գումարներ ծախսելէ: Այն բրոբականտը, որ կատարուեցաւ, ուղղուած էր սահմանափակ շրջանակի մը: Bulletin-ը զոր սկսան հրատարակել, քաղաքական նպատակի մը չէր ծառայեր, որովհետեւ պարզ տեղեկատու թերթ մըն էր: Երբէք անոր մէջ չպաշտպանուեցաւ մեր ազգային դատին վերաբերող ո՛չ մէկ տեսակէտ: Նոյնիսկ այդ վիճակին մէջ կը տպուէր հազիւ 1500 օրինակ, որոնց մեծ մասը կը ղրկուէր հայերու, հազիւ 3-400 օրինակ միայն կը տարածուէր օտար շրջանակներու մէջ, այն տեսակ անձերու, որոնք ճանչցուած են իբր մեզի բարեկամ: Մինչդեռ մենք աւելի պէտք է աշխատինք մեր բրոբականտը կատարել ոչ-բարեկամ կամ անտարբեր տարրերու մէջ՜ նոր բարեկամներ շահելու համար: Միւս կողմէ ո՛չ ոք մտածեց գոնէ Օերակոյտի եւ Երեսփոխանական ժողովի 1500-ի մօտ անդամներում ղրկել այդ թերթը, անոնցմէ թերեւս հազիւ 50, շատ-շատ հարիւր հոգի կը ստանային զայն:

Անցնելով Պատուիրակութեան գործունէութեան, դիտելի է, որ ո՛չ միայն թոյլ եղած է, այլ նաեւ՝ պակասաւոր: Տեղեկագիրը, որ կարդացուեցաւ, հատուցման հարցին նկատմամբ կատարուած ձեռնարկի մը յիշատակութիւն անգամ չունէր: Պատուիրակութեան անդամները այս մասին ինքզինքնին պաշտպանեցին, ըսելով, որ դիմումներ ըրինք եւ պատասխան չստացանք: Բայց կարծեմ սխալ մը չպիտի ըլլայ ըսել, թէ այդ մասին չեն աշխատած պէտք եղածին պէս: Համեմատաբար աննշան հարցերում շուրջ երկար յօդուածներ գրուեր են, ճառեր խօսուեր են, միթինկներ սարքուեր են, բայց հատուցման կենսական խնդրին համար, որ մեր պահանջմանց մէջ պէտք էր առաջին տեղերէն մէկը գրաւեր, ցոյց տրուեր է տնփութութիւն մը, զոր ոչինչ կ՚արդարացնէ: Ո՛չ մէկ լուրջ ու բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն այդ հարցին նկատմամբ՝ ոեւէ թերթի մէջ ես գոնէ չտեսայ: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ հայկական ջարդերու հեղինակները պատմելու հարցին նկատմամբ: Ամերիկայի մէջ պէտք էր ամէնէն աւելի աշխատութիւն շռայլուեր մեր Դատին համար, նկատի առնելով մանաւանդ այն սերտ առնչութիւնը, որ հաստատուած էր Հայկական Խնդրին եւ Ամերիկայի քաղաքականութեան միջեւ: Պատուիրակութեան ամբողջ ըրածը այս մասին Յովհ. Խան Մասեհեանցը Ամերիկա ղրկելու որոշումն էր: Յովհ. Խան նախ չդժկւսմեցաւ, ընդունեց Պատուիրակութեան առաջարկը, նոյնիսկ իրեն քարտուղար նշանակեց Պ. Լեւոն Շանթը, որ բնաւ յարմարութիւն չունէր այդ պաշտօնին: Մասեհեան Խան չգնաց սակայն, եւ ցաւալի է լսել, որ իր մերժումէն ետք, անբողջ վեց ամիս, Պատուիրակութիւնը այլեւս չանդրադարձար այս հարցին, իբր թէ խնդիրը լոկ Յովհ. Խանը ղրկելու վրայ ըլլար: Մինչդեռ այդպէս չէր, Յովհ. Խանը ղրկել մտածուեցաւ, որովհետեւ պէտք մը կար Ամերիկա մարդ ղրկելու, եւ այդ պէտքը չվերցաւ երբ Յովհ. Խան չգնաց: Ապացոյցը սա է, որ վեց ամիս վերջ դարձեալ այդ պէտքին վրայ խորհուեցաւ եւ մէկի տեղ ղրկուեցաւ երկու անձ, ինչպէս մէկ առաքելութեան տեղ ալ երկու առաքելութիւն, ինչ որ սխալ էր, որովհետեւ անձերուն եւ առաքելութեսսնց հետ հետապնդուած քաղաքականութիւնն ալ կրկնոէԵցաւ այնտեղ:

Կանցնիմ մանտայի հարցին: Տեղեկագիրը չի պարզեր, թէ երբ Ամերիկայի մանտան բոլորովին անհւսւանական դարձաւ, Պատուիրակութիւնը ի՞նչ տեսակէտ