Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/567

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ունեցաւ: Խօսքեր կան Մր. ճերալտի առաջարկած ուղղութեան մասին, որուն Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք չէր որ փարեր, քանի որ Ամերիկեան Քոմիթէն յայտնապէս Ոփլսընի հակառակորդներա քաղաքական հայեացքները ապացուցած էր: Քանի որ մեզի ծանօթ էին այն հակառակութիւնները, որոնք պիտի յարոլցուէին մանտային ընդունելութեան դէմ, իբր Ազգերու Ընկերակցութեան դաշինքէն բղխող կարգադրութիւն մը, եւ որոնք վերջ ի վերջոյ անհնարին պիտի դարձնէին ատիկա, ու միւս կողմէ քանի որ Նախագահ Ուիլսըն միշտ լաւ տրամադրուած էր հայոց մասին, պէտք էր ամեն միջոցներով աշխատէինք, որ Նախագահը Ամերիկայի կողմէ մեգի ընծայուելիք պաշտպանութիւնը դնէ տարբեր եւ աւելի ապահով հիման մը վրայ: Եթէ Հայաստանի պաշտպանութեան առաջարկը ըրած ատենը Նախագահը բացորոշ կերպով մը յայտնած ըլլար, թէ Հայաստանի ընծայուելիք պաշտպանութիւնը Ազգերու Ընկերակցութենէն եւ միջազգային ուրիշ խնդիրներէ անջատ բան մըն է, կարելի էր, որ ընդունուեր իր տեսակէտը: Անտեղի կը գտնեմ նաեւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի եղած «մանտա»յի առաջարկը: Որովհետեւ մանտա ընդունիլն այնքան թեթեւ խնդիր մը չէ, որ պետութիւն մը մէկ օրէն միւսը կարենայ ըսել թէ կ՛ընդունի: Ատկէ առաջ անհրաժեշտ են նախապատրաստական աշխատութիւններ եւ լուրջ ուսումնասիրութիւններ: Եթէ այսպէս յանկարծ, բոլորովին անակնկալ կերպով մը մանտայի առաջարկ կըլլայ, բնականաբար՝ մերժումէ զատ ուրիշ պատասխան չի ստացուիր: Այս առթիւ կ՚ուզէի գիտնալ նաեւ, թէ ինչո՞ւ այդ առաջարկը եղեր է լոկ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ու Իտալիոյ վրայ չէ խորհուեր:

Կարեւոր հարց մըն ալ Կիլիկիոյ աղէտն է: Այս խնդրին քննութիւնը մեզ կը բերէ սա համոզման, որ ատոր մէջ ալ Ազգ. Պատուիրակութիւնը որոշ եւ հաստատ քաղաքականութիւն մը չէ ունեցեր: Կիլիկիոյ մէջ մեր ժողովուրդը բնաջնջման սպառնալիքի մը ենթարկուած էր: Կատարուած դիմումներում Գերագոյն Խորհուրդը կը պատախանէր, թէ այդ մասին պէտք է խօսէինք Ֆրանսայի հետ: Քանի որ յոյսերնիս կտրած էինք Ֆրանսայէն, պէտք էր իրողութիւնը հասկցնել Պ. Տամատեանի, եւ յայտնելով, թէ Դաշնակից պետութիւններէն ոեւէ յոյս չկայ, զինքը ազատ թողուլ, որ տարամերժօրէն ժողովուրդի ֆիգիքական գոյութեան ապահովութիւնը ի նկատի ունենալով, ճշդէ իր քաղաքականութիւնը՛ նոյնիսկ թուրքերում հետ որոշ համաձայնութեան գալով: Այնպէս ցոյց տրուեցաւ, թէ աշխատուած է Պոլսոյ գրաւման խնդիրը արծարծելու, որովհետեւ այդ կերպով կարելի պիտի ըլլար թուրքերը բռնադատել, որ դադրեցնեն իրենց գործունէութիւնը Կիլիկիոյ մէջ: Բայց ատով Ազգ. Պատուիրակութեանը Կիլիկիոյ մէջ պէտք եղաւ անգլ. քաղաքականութեան, որուն անկեղծ չըլլալուն ապացոյցն ան է, որ արդէն Կիլիկիոյ ջարդերուն լուրերը սկսած էին հասնիլ, երբ Գեր. Խորհուրդը որոշեց Պոլիսը թուրքերուն թողուլ:

Երեւանի հետ միացման հարցին շուրջ կատարուած բանակցութեանց մասին տեղեկագրին ըսածները ճիշդ են, բայց ինչո՞ւ այդ խնդիրը չէ ներկայացուեր իւր ամբողջութեամբ: Օրինակի համար տեղեկագիրը չըսէր, թէ երբ Ազգ. Պատուիրակութիւնը Պ. Խատիսեանի հեռագրեց, որ պարագաներում փափկութիւնը նկատի առնելով կ՛ընդունի իր փոխ-առաջարկները, Պ.Խատիսեան չպատասխանեց: Մինչդեռ ասիկա էական կէտ մըն էր, պէտք է արձանագրուած մնար, եւ պատճառն ալ ցոյց տրուեր: Ես վստահ եմ, որ Պ. Խատիսեան չպատասխանեց հակառակ իր կամքին, եւ այն ազդեցութիւնը, որ այս մասին զինքը այդ ընթացքին մղեց, կատարուած էր Փարիզէն:

Այս քննադատութիւնները ընելէ վերջ, քննադատութիւններ, որոնք թերեւս ծանր նկատոլին, չեմ ուզեր խօսքս աւարտել առանց թուելու այն պարագաները, որոնք կերպով մը արդարացումներ կրնան նկատուիլ Պատուիրակութեան թերացման համար: Նախ որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը շատ դառն ժառանգութիւն մը ունեցաւ: Նախ պատերազմի սկիզբը Կովկասի մէջ ազգային քաղաքականութեան դրած ուղղութիւնը: Երկրորդ հին Ազգ. Պատուիրակութեան գործունէութիւնը եւ յետոյ՝