Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/568

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զինադադարէն սկսեալ Երեւանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը: Ուրիշ մեծ դժուարութիւն մը սա էր. որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, Համագումարին անցեալ նստաշրջանին մէջ տուած որոշման համաձայն, ստիպուած էր գործել Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ: Պէտք էր արտակարգ գգուշաւորութիւն մը, որովհետեւ երկու Պատուիրակութեանց միջեւ բաղխումներ միշտ կրնային տեղի ունենալ, եւ տեղի ունեցան, յայտնի է, թէ ինչո՞ւ: Այդ բաղխումներուն պատճառաւ երկու Պատուիրակութեանց գործունէութեան երեք չորրորդ մասը գրաւեցին ներքին վէճերը: Ասոր մէջ յանցանքի մեծագոյն բաժինը վերագրելի է Հանր. Պատուիրակութեան: Ան մանաւանդ պատճառ եղաւ, որ համերաշխ գործունէութիւն մը չստեղծուի: Իբր ապացոյց յիշեմ, որ անցեալ տարի, ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կազմութեան միջոցին, Պ. Ահարոնեան հանդիսաւորապէս յանձնառու եղաւ, որ միասին պիտի գործէ Ազգ. Պատուիրակութեան հետ. ամիս ու կէս ետք Երեւանի մէջ հռչակուեցաւ Մայիս 28-ի աքտը, առանց Ազգ. Պատուիրակութեան գիտութեան, ինչ որ արդէն հակասութիւն մըն էր իր յանձնառութեան հետ: Բայց ասով չբաւականացան: Այստեղ ձեռք առաւ թերթ մը, անոր խմբագիրը կարգեց Հանրապետութեան Պատուիրակութեան քարտուղարը, եւ անոր միջոցով ամէնաբուռն եւ ամէնախայտառակ պայքար մը սկսաւ Ազգ. Պատուիրակութեան եւ իր Նախագահին դէմ: Այս տեսակ մթնոլորտի մը եւ այս տեսակ պայմաններու մէջ ու այղ տեսակ մարգոց հետ աշխատելու բռնադատուած ըլլալով, կ՛ըմբռնեմ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը մեծ արդիւնք չտար: Եթէ պէտք կայ ուրիշ ապացոյցի կարելի է յիշել նաեւ Ամերիկայի կրկին ներկայացուցիչներուն եւ կրկին առաքելութեանց պառաքթումը: Բայց դեռ շատ կարեւոր աշխատութիւն մը կայ կատարուելիք Եւրոպայի մէջ: Պէտք է ջանանք, որ այս ներքին հիւանդագին վիճակին դարման մը գտնենք, որպէսզի վերջապէս կարելի ըլլայ առողջ եւ բեղմնաւոր հիման մը վրայ դնել մեր արտաքին գործունէութիւնը:

Տիար Թէրզիպաշեան. Առանց մտնելու տեղեկագրին շօշափած հարցերու էութեան մէջ, առ այժմ պիտի խօսիմ տեղեկագրին կագմուածքին, կառուցուածքին մասին: Մենք կը սպասենք, որ տեղեկագիրը միլիոնաւոր զոհերու եւ միլիառներու հասնող նիւթական կորուստներու գինը, եւ անոնց իրաւունքներուն liquidation-ի տոքիւմանը ըլլալով, իր լրջութեան համապատասխան արժէք մը ունենար գոնէ: Հայ պատմութեան մէջ չկայ էջ մը, որ պարունակէ զոհողութեան, կորուստի եւ ճակատագրական փոփոխութիւններու այդքան խոշոր անցքեր, որքան այս տոքիւմանը պիտի ւիոխանցէ հայ ապագայ սերունդներուն: Ամբողջ դարեր հայ սերունդները պիտի կարդան այս տոքիւմանը, որ, ինչպէս ըսի, իր կառուցուածքով չի ներկայացներ համապատասխան արժէք մը, եւ որուն մէջ թուական վիճակագրութեան անճշդութիւններ, հակասութիւններ ու քաղաքական անըմբռնողութիւն զիրար կը խաչաձեւեն: Պատուիրակութիւնը պէտք է սկսեր իր գործունէութեան ծագումէն, Հայկական Հարցի գոյավիճակը բացատրելով պարզաբաներ հետզհետէ ստացած փուիոխութիւնները, որոշ պատճառաբանութիւններով: Եւ որովհետեւ տեղեկագիրը պատրաստած օրը ի ձեռին ունէր դաշնագիրը, Համագումարին պէտք է ներկայացներ իւր գործունէութեան արդիւնքը, հիմնուելով դաշնագրին տրամադրութեանց վրայ, որոնց մասին բերելու էր իր տեսակէտներն ու կարծիքները: Մենք տեղեկագրին մէջ չենք տեսներ այս բանը: Չենք տեսներ յիշատակութիւնը Յանիս 28-ի Վերսայլի Դաշնագրի 22-րդ յօդուածին պատմութեան, որ մեր Հարցին առաջին հաստատուն հանգրուանը եղաւ, չենք տեսներ ռուս քաղաքականութեան դիրքը ճշդող այն նօթը, որով կը ճանչնային 22-րդ յօդուածով Հայկական Հարցին ստացած քաղաքական դիրքը, այն Ռուսիոյ, որ 40 տարիէ ի վեր իր քաղաքականութեան խրտուիլակ ըրած էր Հայկական Հարցը, չենք տեսներ գործունէութեան որոշ ծրագիր մը եւ հետեւողականութիւն: Ընդհակառակը, մենք կը տեսնենք ընդհակառակը այդ տեղեկագրին մէջ յեղյեղուկ քաղաքականութիւն մը, որ յանկարծ կը ւիոխուի օտար թելադրութեան մը վրայ: Տեղեկագրին հետ կապ չունեցող մէջբերումներ, թուական եւ