Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/569

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վիճակագրական սխալներ. Եւ. ինչ որ աւելի աշադրութիւն կը գրաւէ, խնդրին էութիւնը վերլուծելու աշխատութենէն խուսափելու եւ ընդհակառակը, զանազան յուսատու, սակայն անհետեւանք խաբուսիկ երետյթներա պատմութիւններով տպատրաթիւն թողելու ջանք մը:

Պարտաւոր կը զգամ ինքզինքս այս ամենը ապացուցելու կարգ մը դրուագներ յիշատակելով տեղեկագրին պարունակութենէն:

1. Պատոփրակութիւնը զանազան որոշումներու կարգին յիշատակած է Տիար Տէր-Սպեփանեանի՝ Հոոմի ներկայացուցիչ կարգուած ըլլալը: Ամէնքս ալ գիտենք սակայն, որ Տիար Տէր-Ստեփանեան այդ պաշտօնին չէ կոչուած, հակառակ անոր, որ Պատոփրակութիւնը պատրաստ էր առաջին օրէն Իտալիոյ մէջ ներկայացուցիչ մը ունենալ, քանի որ Իտալիա մէկն էր այն երեք կամ չորս պետութիւններէն, որոնց ձեռքին մէջն էր Հայկ. Հարցին լուծումը: Բայց ասիկա ուրիշ խնդիր մըն է, որան թերեւս անդրադառնանք երբ հարցը քննենք ըստ էութեան: Կը հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ տեղեկագրին մէջ յիշատակուեր է որոշում մը, որ չէ գործադրուեր եւ կամ գոնէ ինչո՞ւ բացատրութիւն չէ տրուեր, թէ ինչո՞ւ չէ գործադրուեր:

2. 1919 Ապրիլ 11-ին Ամերիկայի եղած մանտայի առաջարկին առթիւ տեղեկագիրը կ՚ըսէ, թէ Ամերիկեան Պատոփրակութեան անդամ Պ. Ուիլեամս պատասխանած է. «Խաղաղութեան Դաշնագրին՝ Ամերիկայի Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուելէն ետք միայն կարելի է անցնիլ այդ հարցին, եւ այլն»: Արդ, Ապրիլ 11-ին Պ. Ուիլեամս չէր կրնար Խաղաղութեան Դաշնագրին մասին խօսիլ, քանի որ այդ Դաշնագիրը Յունիս 28-ին միայն Երեւան եկաւ: Այստեղ վրան բաց հակասութիւն մը կայ:

3. Տեղեկագիրը կը յայտնէ, թէ Նախագահ Ուիլսոն Դուրեան Սրբազանին բերանացի եւ Պատուիրակութեանց Նախագահներուն բերանացի ու գրաւոր յայտնած է իր փափաքը Հայաստանի մանտան ընդունելու մասին: Մենք լաւ կը յիշենք թէ՛ Դուրեան Սրբազանի եւ թէ’ Պատուիրակութեանց Նախագահներուն՝ Համագումարին մէջ ըրած յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն՝ Նախագահ Ոփլսոն ըսած է համակրական խօսքեր, ըսած է նաեւ, որ եթէ Ամերիկա ոեւէ մանտա ստանձնէ, ատիկա Հայաստանի մանտան պիտի ըլլայ, բայց չէ ըսած բնաւ, թէ ինք կը փափաքի ստանձնել Հայաստանի մանտան:

4. Տեղեկագրին մէջ պատմութիւններ կան, որոնց համաձայն՝ անցեալ տարի Թուրքիոյ բաժանման մասին վճռական կարգադրութիւններ եղած են, եւ սակայն վերջէն հնդիկ պատգամաւորութեան դիմումին վրայ, անգործադրելի մնացած են: Աւելորդ է ըսել, թէ ո՛չ այս տեսակ որոշում մը եղած է, ո՛չ ալ հնդիկ պատգամաւորութիւնը այդ մասին ոեւէ դեր կատարած է:

5. Տեղեկագիրը նոյնութեամբ արտագրեր է Քլէմանսոյի կողմէ Ֆէրիտ Փաշայի ուղղուած հռչակաւոր նամակին զանազան մասերը, իբր թէ Պատոփրակութիւնը դեր մը կատարած ըլլար այդ նամակին խմբագրութեան մէջ, կամ ինք ալ բան մը թելադրած ըլլար այդ առթիւ: Եթէ այդ նամակը գրող ֆրանսացի դիւանագէտները հայանպաստ քաղաքականութեամբ մը Հայկական Հարցին յաջող մէկ լուծման ջանային, անշուշտ այդ նամակին յիշատակաթիւնը կարժէր: Բայց այսօր, երբ ողբալի յուսախաբութիւններու մատնուած ենք, եւ ասոր մէջ, դժբախտաբար, ֆրանսացի դիւանագէտներ իրենց տխուր դերի բաժինը ունեցած են, աւելորդ հեգնանք մը չէ՞ արդեօք այդ նամակին յիշատակաթիւնը:

6. Տեղեկագրին մէկ հատուածը այն տպաւորութիւնը կը թողա, թէ թրքասէրներու գործն էր հակաուիլսոնեան շարժումը: Թերեւս այսպէս ըսել չէ ուզուած, որովհետեւ հաւանական չէ այս տեսակ բան մը, բայց ես իմ ֆրանսերէնի անբաւական ծանօթութեամբս այդ տպաւորութիւնը կրեցի:

7. Ամերիկայի մէջ Պ. ճերարտի քաղաքականոլթեան պատմութիւնը ընելով, տեղեկագիրը կըսէ, թէ Պատուիրակութիւնն ալ հակուած էր դէպի այդ