Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/570

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքականութիւնը: Արդ, մեր Հարցին հիմքը 22-րդ յօդուածը եւ մեր Դատին ախոյեանն ալ Ոփլսոն ըլլալով, ու միւս կողմէ՝ հայերու ձգտումը Ոփլսոնի քաղաքականութեան հետ նոյնացած ըլլա՛լով, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ Պատուիրակութիւնը կը թո դու այն հաստատ գետինը, որուն վրայ կեցած էր եւ կ՚ընդգրկէ քաղաքականութիւնը մի ոմն ճերարտի, որ ո՛չ մեր ազգային ձգտումներուն ծանօթ է, ո՛չ ալ մեր շրջապատին, որուն Հայկական Հարցի շուրջ ունեցած գործունէութիւնը լեցուն է հակասութիւններով, եւ որուն համար կը պատմեն, թէ շատ անգամ առանց կարդալու կը ստորագրէ Պ. Գարտաշեանի կողմէ իրեն ներկայացուած հեռադիրները: Կը հարցնեմ դարձեալ, ինչպէ՞ս Պատուիրակութիւնը կ՚իւրացնէ այս տեսակ մարդու մը քաղաքականութիւնը եւ անոր հետ ալ զանազան գաղութներու հեռագիրներ ղրկելով՝ կը պաշտպանէ Պ. Ուիլեամսի առաջարկը, որ շարունակութիւնն է ճերարտի թէզին: Ասոնք հակասութեան եւ անհետետղականութեան մէջ մեծ գլուխգործոցներ են, որոնց էութիւնը պիտի քննադատենք անշուշտ: Անոնց յիշատակութիւնը տեղեկագրին մէջ կ՚ապացուցէ Պատուիրակութեան քաղաքական անըմբռնողութիւնը:

8. Տեղեկագիրը կը յիշատակէր Մասեհեան Խանի Ամերիկայի ներկայացուցչութեան պաշտօնէն հրաժարելու իրողութիւնը եւ կաւելցնէ, թէ «քիչ ետքը» ղրկուեցաւ Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան: Արդ, Մասեհեան Խան հրաժարած է Յունիսի սկիզբը, իսկ Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան մեկնած է Նոյեմբերին: Արդեօք «քիչ ետքը» ասութիւնը կը բացատրէ՞ այն հինգ ամսուան անջրպետը, որ կայ այդ թուականներուն միջեւ: Մենք դեռ չենք խօսիր այդ երկար շրջանին Ամերիկայի մէջ ներկայացուցիչ չունենալու սխալին նկատմամբ:

9. Տեղեկագրին մէջ Քըրզընի առաջարկին առթիւ երկու անգամ աղօտ բացատրութիւններով իրարու հակասող տեղեկութիւններ կան, որոնց համաձայն նախ կը համակերպին Քըրզընի առաջարկին, եւ սակայն կ՛որոշեն շարունակել իրենց նախորդ քաղաքականութիւնը, յայտարարելով, որ չեն հրաժարիր իրենց ձգտումներէն եւ յետոյ նորէն կ՛ուզեն, որ Հայաստան կազմուի Վանայ, Պիթլիսի, էրզրումի նահանգներով, իսկ մնացեալ մասին համար օթօնօմի կը պահանջեն:

10. Տեղեկագիրը կըսէ, թէ Լոնտոնի Վեհաժողովը վերջնականապէս որոշեց հայ միացեալ պետութեան մը կազմութիւնը եւ մօտատրապէս գծեց անոր սահմանները: Մեզմէ ո՛չ ոք չի կասկածիր, թէ Լոնտոնի մէջ այդ տեսակ վերջնական կարգադրութիւններ չեն եղած: Արդեօ՞ք զարմանալի չէք գտներ, որ վերջնական կարգադրութեան ծանօթանալէ ետք, Պատուիրակութիւնը դեռ կը խօսի ուրիշ հին կարգադրութիւններու մասին, զանոնք վերջնական անուանելով:

11. Տեղեկագիրը կը խօսի Անգլիոյ կողմէ հայոց ռազմանիւթ տալու խոստումի մասին, եւ կ՚աւելցնէ. «Այս խոստումները իրականանալու ճամբուն մէջն են»: Մենք որ անգլ. քաղաքականութեան ծանօթ ենք, որ գիտենք թէ քանի ամիսէ ի վեր պահումի մէջ վար դրած է հայկական օդանաւեր, անգլիական խոստումներու իրականութեան ճամբուն մէջ տեսնելու համար գէթ ռազմանիւթերու բեռնուած ըլլալուն լուրը ունենալու էինք: Ունի՞նք այդ լուրը, վստահ եմ, թէ ո՛չ:

12. Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մանտւսն ստանալու համար Պատուիրակութիւնը իր ջանքերը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ: Հարցուցեր է, թէ կ՛ուզե՞ն արդեօք իրենք ստանձնել Հայաստանի մանտան: Մենք կը յուսանք, թէ Պատուիրակութիւնը ջանքեր ըրեր է ստանալու համար Անգլիոյ կամ Ֆրանսայի մանտան, բայց այն ձեւով, որ պարզուած է տեղեկագրին մէջ, մանտա չուզուիր:

Վսեմ.Պօղոս Փաշա Նուպար. Բայց այդ ձեւով չէ, որ ուզուեցաւ իրենց մանտան: Բնականաբար, չէինք կրնար մէկ կողմը լուր չունեցած' միւս կողմին դիմել: Եւ ճիշդ այսպէս ըրինք, որպէսզի երկու կողմերէն ո՛չ մէկը նեղանայ: Պէտք է ըսեմ, սակայն, թէ այս ամենը եղան խօսակցութխններով: