Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/571

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Թէրզիպաշեան. Պէտք էր այդպէս գրուեր տեղեկագրին մէջ, մինչդեռ այն ձեւով, ինչպէս որ ներկայացուած է այս խնդիրը տեղեկագրին մէջ, սա տպատրութիւնը կը թողա, թէ գէշ կերպով դիմուեր է եւ գէշ կերպով ալ մերժուեր է:

13. Տեղեկագրին մէկ հատուածը ի մէջ այլոց կըսէ. «Գերագոյն Խորհուրդը Լոնտոնի մէջ Հայաստանի սահմանները գծելէ վերջ, եւ այլն»: Այս տեսակ հաւաստում մը ընելու համար անհրաժեշտ էր իրականութիւն մը, որ սակայն կը պակսի: Ի զուր պիտի փնտռենք փաստ մը Լոնտոնի այդ սահմանագծման ստուգութեան մասին:

14. Տեղեկագիրը կըսէ, թէ «Ազգերու Ընկերակցութիւնը գումարուեցաւ մասնւժւորապէս Հայաստանի համար»: Այս պարբերութիւնը հայերու համար ողոքիչ բացատրութիւն մը ունի, բայց իրականոլթեան հակառակ է: Ազգերու Ընկերակցութեան Ապրիլ 11-ի հաւաքումը իր օրակարգին վրայ ունէր չորս հարցեր, որոնցմէ մէկն էր միայն Հայաստանի մանտային հարցը:

Տիար Չօպանեան. Երբ մենք Լոնտոն էինք, որոշուած էր լոկ Հայաստանի հարցին համար գումարել, վերջէն օրակարգին աւելցուցին նաեւ միւս խնդիրները:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Լոնտոնի մէջ էր, որ Գերագոյն Խորհուրդը անակնկալ կերպով մը որոշում տուաւ այդ մասին եւ անմիջապէս հաղորդեց հեռագրով Պ. Լէոն Պուրժուայի, հարցնելով, թէ արդեօք Ազգերու Ընկերակցութիւնը կը հաւանի՞ Հայաստանի մաճտան ընդունիլ: Պ. Պուրժուա, պատասխանելով, խնդրեց, որ աւելի բացորոշ տեղեկութիւն եւ լուսաբանութիւն տրուի խնդրին նկատմամբ, եւ այդ առթիւ յայտնեց, թէ Ապրիլ 11-ին, Ընկերակցութեան Գործադիր Խորհուրդը մասնաւոր նիստ մը գումարելով պիտի քննէ Հայաստանի մանտային հարցը: Գումարման որոշումը տրուած էր Հայաստանի հարցին համար, բայց վերջէն, գումարումէն օգտուեցան քննելու համար նաեւ ուրիշ հարցեր: Չմոռնամ այս առթիւ ըսելու, որ Գործադիր Խորհուրդին քննութիւնը խորհրդակցական հանգամանք մը միայն ունէր, վերջնական որոշումը պիտի տար Ազգերու Ընկերակցութեան Ընդհ. ժողովը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Տեղեկագիրը կաւելցնէ. «Ազգերու Ընկերակցութիւնը որոշեց ստանձնել Հայաստանի մանտան»: Բայց Ընկերակցութեան այդ օրուան որոշումը չի պարունակեր շատ համակրալից նախադասութիւններ: Այդ որոշումը, իւր ամբողջութեան մէջ՝ չունէր ո՛չ նպաստաւոր, ո՛չ ալ որոշ կարգադրութեան մը հանգամանքը: Ընդհակառակը իր պաշտպանութիւնը կը կապէր շատ մը բարդ ու դժուարին պայմաններու հետ, ինչպէս զինոտրական եւ ֆինանսական օգնութիւն, Եւ այլն: Գալով «Protection» բառին, այդ բառը մենք աւելի առաջ լսած էինք Խաղաղութեան Դաշնագրին մէջ, որով հայերը կը մտնէին Ազգերու Ընկերակցութեան խնամակալութեան տակ:

15. Տեղեկագիրը կը յայտնէ, թէ «Լոնտոնի մէջ եղած դիմումներու վրայ՛ բրիտանական կառավարութիւնը որոշեց գրաւել Պոլիսը»: Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզուի. Պատուիրակութիւնը դեր մը կատարե՞ր էր ատոր մէջ, թէ՞ ոչ: Բայց գիտեմ, թէ Մարաշի ջարդին հետեւանքով էր, որ Մարտի սկիզբը անգլ. նաւատորմը Պոլիս եկաւ: Իսկ թէ Պոլսոյ գրաւման պէս վերին աստիճանի քաղաքական նշանակութիւն ունեցող քայլ մը առնուած է Պատոփրակութեան դիմումին վրայ, ներեցէ՚ք, որ կասկածս յայտնեմ այս մասին: Նոյնիսկ եթէ Պատուիրակութիւնը ապահով ըլլար այս մասին, գէթ ուրիշ մտածումով դնելու չէր ատիկա իր տեղեկագրին մէջ, նկատելով որ թուրքերուն համար դէպի հայերը թշնամութեան եւ գրգռութեան մեծ պատճառ մը կրնար դառնալ իրենց մայրաքաղաքին գրաւումը: Բարեբախտաբար, թուրքերն ալ չեն հաւատար այդ բանին:

16. Դարծեալ, ՍանՌեմոյի իրադարձութեանց առթիւ, տեղեկագիրը յիշատակած է Ամերիկայի ներկայացուցիչ Պ. ճոնսընի հետեւեալ խօսքերը, թէ «Հայկական Հարգր բարեկամ ծեռքերու մէջ է»: