Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/572

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Դեսպանը ըսաւ, որ «սահմաններու իրաւարարութիւնը ենթարկուած է Նախագահ Ուիլսընի, կրնաք ապահով ըլլալ թէ ձեր դատը լաւ ձեռքերու մէջ է»:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Համանման յայտարարութիւն մըն ալ Պ. Լլոյտ ճորճ ըրաւ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Սան Ռեմոյի իրադարձութիւնները եւ դաշնագրին մեզի պարգեւած արդիւնքը տեսնելէ վերջ Ամերիկայի ներկայացուցչին խօսքերը հեգնական իմաստ մը կը ստանան եւ այդ տպաւորութիւնը կը թողուն: Մինչդեռ տեղեկագիրը կը յիշէ այդ խօսքը դրական իմաստով մը որպէս յոաատու դրուագ մը:

17. Խօսելով վնասուց հատուցման հարցի մասին, տեղեկագիրը փոխանակ վեր հանելու դաշնագրին այն տրամադրութիւնները, որոնցմով հայերը զրկուած են վնասուց հատուցման իրաւունքէն, փոխանակ ցոյց տալու արդիւնքը, որ, դժբախտաբար, շատ բացասական է, կը յիշատակէ եղած շատ մը խոստումներէն մէկը ըսելով. «Մեր դիմումներն ընդունուեցան շատ նպաստաւոր կերպով»:

18. Տեղեկագիրը կը խօսի նաեւ այն սերտ յարաբերութեանց մասին, զորս Պատուիրակութիւնը պահած է գաղութներու եւ Պատրիարքարանի հետ: Ուրիշ առիթի կը թողում անդրադառնալ, թէ Պատուիրակութիւնը հայութեան կեդրոնին Երեւանի հետ յարաբերութիւն չէ ունեցած ուղղակի ներկայացուցիչի մը միջոցով: Հիմա կը բաւականւսնամ յիշատակելով, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին Պատրիարքարանը ստացած է միայն մէկ նամակ Լորտ Քըրզընի տեսակցոլթեան առթիւ, եւ մէկ հեռագիր Պատրիարքին ուղեւորութեան համար: Եթէ այս է ամբողջ յարաբերութիւնը, կը կարծեմ, որ սերտ ըլլալէ հեռու է:

19. Տեղեկագիրը կ՚ըսէ. «Յունաստան միշտ պաշտպանեց Հայկական Հարցը»: Ո՞ր Յունաստանը, Վենիզելոսի՞նը, որ մէկ կողմէն Տրապիզոնը հայերուն տուաւ, միւս կողմէն պոնտացիները հայերուն դէմ հանեց: Ա՞յն Վենիզելոսը, որ քանի մը օր առաջ խորհրդարանին մէջ ըսած է. «Կը յուսամ, որ Նախագահ Ուիլսոն կը բաւականանայ հայերուն Սեւ Ծոփս վրայ տնտեսական ելք մը տալով, եւ ո՛չ թէ երկրամաս մը»: Ա՞յն Վենիզելոսը, որ նախապէս ամբողջ Տրապիզոնի նահանգը կու տար: Եւ յետոյ, ինչպէ՞ս կարելի է Յունաստանի պաշտպանութեան խօսքը ընել, այդ աստիճան դրական բառ մը գործածել, երբ արդիւնքը բացասական է:

20. Տեղեկագիրը կըսէ, որ ասորիներու եւ քաղդէացիներու հետ հաւաքական դիմումներ ըրած ենք, իսկ դիմումներուն առարկայ եղող հարցերու մասին ո՛չ մէկ խօսք կ՚ընէ: Եթէ այդ դիմումներուն առարկաները հետաքրքրական բաներ չէին, ուրեմն դիմումներն ալ պէտք չէին յիշատակուեր: Նոյնքան անիմաստ է նաեւ այն «հիմնական յաջողութիւններ» անուանումը, զոր Պատ.-թիւնը կու տայ դաշնագրին՝ հայոց պաքթանող յօդուածներուն, որոնք արտագրուած են տեղեկագրին վերջը: Այդ յօդուածները, որոնց մէջ անտեսուած են հայոց վնասուց հատուցման եւ վերաշինութեան իրաւունքը, որոնց մէջ Թրքահւսյաստանի հարցին անունն անգամ չկայ, հարցը դրուած է լոկ սահմանագծած ձեւով եւ ենթարկուած իրաւարարութեան մը՝ լի հազար տեսակ արգելիչ անակնկալներու հաւանականութեամբ, վերջապէս՛ այն յօդուածները, որոնց մէջ թաղուած է Թրքական Հայաստանի հարցը «հիմնական յաջողութիւն» ւսնուանել, անգամ մըն ալ կապացուցէ քաղաքական ըմբռնողութեան աստիճանը: Տիար Չօպանեան անկախ Հայաստանի խօսքը կ՚ընէ: Այդ անկախ Հայաստանը ստեղծուած է Ռուսական Յեղափոխութեան բերմամբ եւ կապուած է անոր պայմաններուն հետ: Դաշնակիցները ճանչցան այդ Հանրապետութիւնը ո՛չ թէ այս կամ այն Պատուիրակութեան ջանքերով, այլ՝ այն օրը միայն, երբ իրենց քաղաքական հաշիւներուն համար ռումբ մը պէտք էր պոլշեւիկներու դէմ: Եւ այդ օրը անոնք առաջին անգամ ճանչցան Կովկասեան այն պետութիւնները, որոնք աւելի մօտ ըլլալով պոլշեւիկներուն, աւելի արագ դեր մը կրնային կատարել: Մի՛ մոընաք, որ անոնք ճանչցան նախ վրացւոց եւ թաթարներու անկախութիւնը, յետոյ հայերունը, իւր կարգին զայն համարելով բնական ռումբ թէ՛ պոլշեւիկներու եւ թէ՛