Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/573

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

համիսլամականներու դեմ: Թողլով այս հարցը, որուն մենք ըստ էութեան քննութեան աոթիւ պիտի անդրադառնանք անշուշտ, ես կեզրակացնեմ, թե տեղեկագիրը ոստոստամ է հարցի մասին ձեռք բերած արդիւնքին վրայէն, արդիւնք, որ, դժբախտաբար, շատ բացասական է, թե մասնաւոր ջանք թափուած է միայն յետահայեաց կարեւորութիւն ունեցող գոյ կամ անգոյ, յուսատու բայց խաբուսիկ երեւոյթներով շպարելու եւ ծածկելու հարցին այսօրուան դժբախտ մերկութիւնը:

Տիար Թէրզիպաշեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ խօսելու հայ- քրտական համաձայնութեան մասին եթե ժողովը փափաքէր: Համագումարը հաւանութիւն յայտնելով, խօսք առաւ.

Առաջին անգամ, անցեալ տարի, երբ Համագումարին մէջ անցաւ քրտական անկախութեան խօսքը, ո՛չ ոք տարակարծիք մնաց, որ քրտական անկախութիւն մը ամէնաիրական սպառնալիք մը կրնար դառնալ Հայաստանի անկախութեան գոյութեան եւ տեւականութեան դէմ: Համագումարը որոշ տիրէքթիւ տուաւ Պատուիրակութեան՝ Քիւրտիստանի մասին: Այդ տիրէքթիւը կը կարծեմ տրամագծապէս խոտոր չի համեմատիր անկախ Քիւրտիստանի մը կազմութեան գաղափարին, որուն սակայն նպաստած է Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը: Ես կ՛ուզեի անձնական ծանօթութիւններով քիչ մը աւելի լուսաբանել այս հարցը: ԵթԷ Վանի, էրզրումի եւ Պիթլիսի վիլայեթները ստանանք որպես մեր կրճատուած յոյսերու «մաքսիմում»ը, ատոնցմե Վանայ վիլայեթին մէջ պատերազմեն առաջ գտնուած են 250000 քիւրտի դեմ 160000 հայ, իսկ Պիթլիսի վիլայեթին մէջ 300000 քիւրտի դեմ 200000 հայ: Եթե զեղչենք քրտաբնակ Հէքիարիի եւ եղերդի շրջանները, նորեն քիւրտերը մեծամասնութիւն կը կազմեն: Արդ, մեր թեզը սկիգբեն ի վեր այն Եղած եր, թե քիւրտ տարրը, որպես կիսավայրենի ժողովուրդ, որ չունի ո՛չ գրականութիւն, ո՛չ ալ քաղաքակրթոլթիւն, Հայաստանի մէջ հայկական արդար ռեժիմի մը համակերպող ժողովուրդ մը պիտի ըլլայ: Այսօր, ջարդերու հետեւանքով, մեծամասնութեան համեմատութիւնը մեծապես խախտած է այդ շրջանին մէջ ի նպաստ քիւրտերու: Երբ Վանի շրջանին մեջ ներկայիս բնակող 100000 քխրտի դեմ մենք լաւագոյն պայմաններու մեջ հազիւ պիտի կրնանք փոխադրել 60000 հայ, Պիթլիսի մեջ ներկայիս ապրող նոյնքան քիւրտերու դեմ մենք հազիւ պիտի կրնանք փոխադրել 20000 հոգի: Անշուշտ, մեզի աւելի դիւրին պիտի ըլլար կառավարել քիւրտերը որպես հպատակութեան վարժուած ժողովուրդ, բայց այսօր երբ Անգլիոյ քաղաքականաթեան եւ Ազգ. Պատուիրակութեան սխալ քայլին շնորհիւ քիւրտերու մեջ անկախութեան գաղափարը մտաւ, ես չեմ գիտեր, թե ինչպե՛ս պիտի յաղթահարենք այն դժուարութիւնները, զորս պիտի կրենք որպես փոքրամասնութիւն կառավարելու համար մեզմէ բազմաթիւ ցեղ մը, կիսավայրենի եւ զինուած, որ մեր սահմաններում մօտ պիտի ունենայ անկախ Քիւրտիստան մը: Դեռ Քիւրտիստան չստեղծուած անոնք արդեն սկսած են Վանայ եւ Պիթլիսի մասին խօսիլ իբր Քիւրտիստանի յատուկ շրջաններ: ճիշդ է, որ Անգլիոյ շահը կը պահանջեր Քիւրտիստանի մը ստեղծումը, նախ իբր ապառնալիք հանդեպ Թիլրքիոյ, յետոյ որպես միջոց զայն տկարացնելու, բայց Անգլիա պիտի դժուարանար այդ հարցը մեջտեղ դնելէ, տրուած ըլլալով, որ քիւրտերը անկախութեան ո՛չ մեկ ստորոգելի չունենալէ զատ, մինչեւ վերջ թուրքերու հետ կռուած էին Դաշնակիցներու դեմ եւ անոնց ձեռքով կատարուած էին հայկական ջարդերը մեծ մասամբ: Հայ եւ քիւրտ համաձայնութիւնը միայն Անգլիոյ շահերուն կը յարմարէր, այն Անգլիոյ, որուն քաղաքականութեան ջրաղացքի քարը դարձնելու համար հայ արիւն չէ մնացած այլեւս, եւ որ առ այդ պետք ունի քիւրտերու արիւնին: Ազգերու պատմութիւնը ամէնուս յայտնի է. անկախութեան գաղափարը անգամ մը սերմանուելեն վերջ այլեւս կարելի չէ արմատախիլ ընել ազգի մը մէջէն: Քիւրտերուն մէջ անկախութեան մասին խորհող չկար, պատահաբար դպրոց տեսած խել մը քիւրտ մտաւորականներ քանի մը ամիսե ի վեր Պոլսոյ մէջ քլիւպ մը հաստատած էին եւ օրկանով մը անկախութեան բրոբականտը կը մղեին: Այս էր ահա՝ անոնց ամբողջ