Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/574

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործունէութիւնը: Իրենք իսկ չէին հաւատար իրենց երազներուն, բայց այդ երազը այսօր իրականութիւն է՝ շնորհիւ մեր անհեոատես քաղաքականութեան: Շէրիֆ Փաշայի հետ կնքուած համաձայնութեամբ, նախ քիւրտերը մաքրուած են իրենց՝ ջարդերու մէջ ունեցած մասնակցութեան արատէն քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ: Ասիկա առաջին պայմանն էր անոնց յաջողութեան: Շէրիֆ Փաշայի հետ կնքուած համաձայնութեամբ, հայերը ճանչցած են քիւրտերու անկախութեան իրաւունքը ազգայնութեան իրաւունքի սկզբունքով: Անգլիոյ համար անշուշտ որոշ նշանակութիւն ունէր այդ աքթր, որով հայերը, որոնք իբր դատախազներ եւ իբր դրացիներ բնական հակառակորդ դուրս պիտի գային Քիւրտիստանի անկախութեան դէմ, ընդհակառակը, իրենց իսկ ձեռքով ալ կը դիւրացնեն այդ գործը: Եւ հիմա, երբ ինքնորոշման Ես-ն է որ կը փչէ ամեն կողմ համաձայնութեան մէջ ընդունուած ազգայնութեան սկզբունքին համեմատ, քիւրտերը իրենցը պիտի համարեն այն ամեն շրջանները, ուր իրենք մեծամասնութիւն կը կազմեն: Պատուիրակութիւնը ամեն ճիգ թափելու էր, ամեն զոհողութիւն ընելու էր, որպէսզի քիւրտ ժողովուրդի մէջ թուով երեք միլիոն, որ կը շրջապատէ Հայաստանի հարաւային եւ արեւելեան շրջանները, որ այնքան հոծ թիլ կը կազմէ Հայաստանի մէջ, որ կարգ մը շրջաններու մէջ մեծամասնութիւն է այժմ, չխմորուէր անկախութեան գաղափարը: Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը իւր այդ քայլով մեծապէս դժուարացուց, վտանգեց Հայաստանի կառավարութեան գործը: Պատուիրակութիւնները ո՛չ մէկ օգուտ չէին կրնար ակնկալել այդ համաձւսյնագրէն: Քիւրտերը արդէն դժգոհ էին թուրք վարչութենէն: Իրենք արդէն անկախութիւն պահանջած էին, եւ այսպէս իրենց դիրքը որոշած էին հանդէպ Թուրքիոյ: Եթէ Դաշնակիցները պէտք զգային նման արտայայտութեան մը, արդէն ունէին այդ ի. ձեռին: Հայ եւ քիւրտ համաձայնագիրը ոչինչ կ՚աւելցնէր ատոր վրայ, մանաւանղ որ ստորագրող կողմերը չունէին հաւասար դիրքեր: Հայոց կողմէն ստորագրողները Հայ Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ եօթ տարիէ ի վեր Թրքահայհւթեան ամէնուր ճանչցուած ներկայացուցիչ Պօղոս Փաշա Նուպարն էին, որոնք չէին կրնար ուրանալ իրենց յանձնառութիւնները, ինչպէս ըրաւ Շերիֆ Փաշան, որ արկածախնդիրի մը համբալ ունէր Դաշնակիցներու մօտ, որ իւր մանտան ստորագրած էր միայն Պոլսոյ մէջ հաւաքուած քանի մը ինքնակոչ մտաւորականներէ, եւ որ, ինչպէս տեսանք, հայերուն հաստատել տալէ վերջ քիւրտերու ձգտումները եւ ատոր առաւելութիւնը ապահովելէ վերջ մէկ հարուածով ջնջեց այն առաւելութիւնը, զոր Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը կարծած էր ձեռք բերել: Այդ հարուածը Շերիֆ Փաշայի այն յայտարարութիւնն էր, որով քիւրտեր հաւատարիմ կը հռչակէր թիւրք իշխանութեան:

Եզրակացնելով, անգամ մը ալ կը յայտարարեմ, որ հայ եւ քիւրտ համաձայնագրով գործուած է ամէնամեծ սխալ մը, որուն հետեւանքները շատ ծանր պիտի կշռեն հայ ապագայ պատմութեան մէջ:

Որոշ պատգամաւորներ ալ խօսք ուզած էին Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան մասին, բայց օրը տարաժամած ըլլալով, որոշուեցաւ յառաջիկային շարունակել վիճաբանութիւնը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 60, թթ. 31-63: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԱ

4 Յունիս 1920, ժամը 3 ու կէսին,
նախագահութեամբ Վսեմ.Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր՝