Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/575

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամեն. Դրսրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Ա. Բարսեղեան, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Սինապեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Տէրպէտէրեան, Տէրվիշեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան համարատոտւթեան

2. Տեղեկագիր եւ հաշուետոտւթիւն ելեւմտական գործունեութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան

3. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանծնաժողովին

4. Վերակազմաթիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ Յունիս 3-ի նիստին ատեանագրութիւնը:

Տիար Վահան Թէքէեան դիտել տուաւ, որ ատենագրութեան մէջ ատենագրած չէին դաշնագրին յանձման առթիւ Փարիզ հրատարակուող «Վերածնունդ» թերթին կողմէ Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Նուպարի համար եղած յերիւրանքին նկատմամբ բոլոր ըսուածները, մասնաւորաբար Տիարք Բարսեղեանի եւ Հանըմեանի այն յայաարարութիւնները, թէ «Վերածնունդ» բոլորովին անպատասխանատու թերթ մըն է եւ թէ իրենք բնաւ համամիտ չեն անոր հրատարակութեանց:

Համագումարը բաւականացաւ այս դիտողութեան արծանագրութեամբ եւ վաւերացուց ատենագրութիւնը:

2. Նամակ Վենետիկի Մխիթարեանց Ընդհ. Աթոռակալէն Գեր. Հ. Յովհ. Թորոսեանի բացակայութեան մասին

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ժողովին հաղորդեց Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աթոռակալ Գեր. Հ. Քերովբէ Ա. Չաքրեանի կողմէ 1920 Մայիս 31 թուով Դիւանին ուղղուած նամակ մը, որով կը ծանուցանէ, թէ Միաբանութիւնը յակամայս ստիպուած էր հրաժարիլ իր մէկ ներկայացուցիչը /Գեր. Յով. Վ. Թորոսեանը/ Համագումարին ղրկելու պատուէն, իբր պատճառ ցոյց տալով վանական ընդհ. ժողովի գումարումը, որ անհրաժեշտ կը դարձնէր Հ. Թորոսեանի աշխատակցութիւնը:

Համագումարը այս նամակին վրայ որոշեց իբր վերջնականապէս բացակայ, հետեւաբար՝ հրաժարեալ նկատել Գեր. Հ. Յովհ. Վ. Թորոսեանը:

3. Խնդիր «մանտայի» հարցին նկատմամբ Ամերիկայի մեջ եղած յայտարարութեան

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան այս խնդիրը յիշեցնելով ժողովին, ծանուցեց, որ Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը Դիւանին հաղորդած է հետեւեալ հեռագիրը, զոր Տիար Միհրան Սվագլը ղրկած էր ի պատասխան Ն. Վսեմութեան այն հարցման, թէ ինչպէ՞ս առանց հաստատ տեղեկութիւն ստացած ըլլալու Ամերիկայի մանտայի մերժման յայտարարութեան վերաբերուող ծանօթ լուրը տրուած էր.

«Ն. Վսեմութիւն Պօղոս Փաշա Նուպար, Փարիզ.

Ուաշինկթոն, Յունիս. Ինծի պարտականութիւն նկատեցի Ձեզի հեռագրել երբ այդ մասին տեղեկութիւն ստացայ Ուոլթըր ճորճ Սմիթի նման վստահութեան արժանի բարեկամներու կողմէ: Անոնք ինծի յայտարարեցին, թէ նոյն օրը «մանտայի»