Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/576

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խնդրին նկատմամբ տեսնուած են ծերակուտւսկաններու հետ, որոնք իրենց ըսած են. թէ հայերը, ըստ Գարտաշեանի, Եպիսկոպոսին եւ Հանրապետութեան ներկայացուցիչին յայտարարութեանց, չեն ուզեր ամերիկեան մանտան: Ամերիկայի բարեկամներն իսկոյն այս լուրը հեռագրեցին Տէր-Հովսէփեանի: Գարտաշեան յայտարարութիւն մը հրապարակեց մամուլին մէջ, որուն համեմատ Հայաստան միայն բարոյական եւ ելեւմտական օգնութիւն կուզէր:

Միհրան Սվազլը»

Որոշուեցաւ ատենագրել:


Օրակարգ

Համարատուութիւն Ազգ. Պատոփրակութեան՝

Համագումարն անցաւ Ազգ. Պատոփրակութեան համարատուութեան: Պատոփրակութեան գործունէութեան էութեան մասին խօսք առաւ

Տիար. Ա. Թէրզիպաշեան. Անցնելով Ազգ. Պատոփրակութեան տեղեկագրին էութեան, նախ կ՛ուզեմ վերլուծել այն պատճառները, որոնց բերումով վիժեցաւ Թրքահայաստանի հարցը: Մենք ֆաթալիստներ չենք եւ, հետեւաբար, չենք կրնար ճակատագրականութեան վերագրել այս վիժումը: Եթէ այս վիժումը տեղի ունեցաւ, ուրեմն կայ պատճառ մը եւ մենք պիտի փնտռենք, թէ ի՞նչ է այդ պատճառը:

Հարցին էութեան անցնելէ առաջ կ՛ուզեմ մէկ-երկու խօսք ըսել Պատոփրակութեան իրաւասութեան վերաբերմամբ: Յայտնի է, որ անցեալ տարի ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայեր իրենց ներկայացուցիչները Փարիզ ղրկեցին Հայկական Հարցի մասին վճռելու իրենց ձգտումները: Այս ներկայացուցիչներով միացմամբ կազմուած Համագումարը սահմանեց որոշ տիրէքթիւներ Հայկ. Դատին հետապնդութեան համար, եւ այղ տիրէքթիւները վստահեցաւ իր ընտրած յատուկ Պատոփրակութեան: Արդ, տեղեկագրէն կը հասկնանք, թէ շատ մը կէտերու մէջ Պատուիրակութիւնը շեղած է իրեն տրուած տիրէքթիւները, կամ բոլորովին անտեսած է զանոնք: Արդ, ես, որպէս մէկ անդամը այդ ներկայացուցչական ժողովին, հարց կը դնեմ, թէ Պատուիրակութիւնը ինչպէ՞ս կրնար զիջել Հայաստանի մէկ մասը, առանց հարցնելու զինքը ընտրող եւ իր վրայ որոշ պայմաններով վստահութիւն դրած Համագումարին:

Անցնելով բուն հարցին, ես կ՛ուզեմ յետահայեաց պզտիկ ակնարկ մը ձգել Համագումարի անցեալ տարուան աշխատութեանց վրայ, ցոյց տալու համար, թէ Համագումարի մեծամասնութեան հիմնական տեսակէտը այն էր, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովի սեղանին վրայ կար միայն Թրքահայաստանի հարց, թէ այդ հարցն էր միայն, որ յիշեալ Վեհաժողովին վճռով պէտք է լուծուեր, եւ թէ Ռուսահայաստանի հարցը ստեղծուած Ռուսական Յեղափոխութեամբ եւ սերտօրէն կապուած ռուսական պայմաններուն, որով նաեւ ապագային գուցէ ենթակայ անոր միջամտութեանց, խառնելով Թրքահայաստանի հարցին՝ մենք կը դժուարացնենք Թրքահայաստանի հարցը, կը բարդացնենք անոր լուծումը, որովհետեւ երկու հարցերը ունենալով երկու տարբեր քաղաքական պայմաններ, պէտք էին ունենալ նաեւ իրենց սեւիական դժուարութիւնները: Օրինակով խօսելով, ըստ որուն՝ մեր հարցին բախտը կապուած էր «մանտաթէր» մը գտնելու կարելիութեան հետ, կասկածէ դուրս էր, որ ոեւէ տէրութիւն ուզեր իր պաշտպանելիք ժողովրդեան գործերով մէջ ապագային իր դէմը ունենալ Ռուսաստանը, իր բազմազան սպառնական հաւանականութիւններով: Հետեւաբար, միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու հարցը չորս անգամ Համագումարին ներկայացաւ եւ չորս անգամ մերժուեցաւ մեծամասնութեան այն տիրապետող կարծիքին բերումով, թէ Հայկական Հարցին ծանրութեան կեդրոնը փոխադրելով Ռուսահայաստանի մէջ, մենք կը տկարացնենք Թրքահայաստանի