Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/577

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հարցը, որ. ինչպէս ըսի, մէկ կողմէ կը գտնուէր Խաղաղութեան Վեհաժողովի սեղանին վրայ, եւ միւս կողմէ՝ իբր կապար կը ծանրանար Դաշնակից պետութեանց խղճին վրայ: ճիշդ է, որ իր տիրէքթիւներուն մէջ Համագումարը արտօնած էր Պատոլիրակութեանը՝ միացեալ կառավարութիւն ստեղծել, բայց մեծամասնութեան անդամները կը յիշեն անշուշտ, որ իրենք այս որոշումը տոլին չորս անգամ ներկայացուած հարցի ճնշումին ներքոյ, պարտագրելով Պատուիրակութեան, որ գործադրութեան պահուն աչքի առջեւ ունենայ մեծամասնութեան’ վիճաբանութեանց ընթացքին հետապնդած տեսակէտը: Այսպէս ալ որոշուած էր մեծամասնութեան մասնակի գումարմանց մէջ:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Ուրեմն, մեծամասնութիւնն իր գաղտնիքնե՞րն ունէր:

Տիար. Թէրզիպաշեան. Այո՛, ամեն «ֆրաքսիոն» իր առանձին որոշումները ունի, ինչպէս ունի Դաշնակցութիւնը: Դէպքերը շուտով ապացուցեցին, թէ մեծամասնոլթիւնը իր այս տեսակէտին մէջ որքան իրաւացի էր: Մէկ ամիս վերջ, Մայիս 7-ին հրատարակուած Խաղաղութեան Դաշնագրին 22-րդ յօդուածին մէջ տեսանք եւ Դաշնակից պետութիւնները, թուով 22, ընդամէնը Թրքահայաստանի անկախութեան սկզբունքը, անոր առաջին քայլերը «մանտաթէր»-ի մը օգնութեամբ Ազգերու Ընկերակցութեան պաշտպանութեան ենթարկած են: Այս աքթը, որ Թրքահայաստանի հարցին լուծման հիմքը եւ առաջին հանգրուանը կը կազմէր եւ կը նուիրագործէր Համագումարի մեծամասնութեան տեսակէտը, պէտք էր ըլլար նաեւ հիմքը Ազգ. Պատուիրակութեան քաղաքականութեան, որովհետեւ ատիկա համաշխարհային աքթ մըն էր, զոր ջնջելու համար պէտք էր, որ զայն կազմող 22 պետութիւնները իրենց լեզուով սրբէին իրենց ստորագրութիւնը: Կը հարցնեմ, թէ ի՞նչ ստիպողութիւն ունէինք Թրքահայաստանի դատը կապելու ռուսական Հայաստանի դատին: Ապահովաբար' ո՛չ մէկ Դաշնակից պետութիւն այդ միակ բանը պիտի պահանջէր մեզմէ: Ամէնուն ալ յայտնի էր, որ մենք կողք-կողքի, բայց քաղաքական տարբեր պայմաններով, սակայն մէկ ձգտումով տոգորուած ժողովուրդ մըն էինք: Մեր միութեան ցանկութիւնը չէր, որ պիտի կրնար վճռել մեր առանձին դատերուն յաջողութիւնը: Ինչպէս ըսի, Ռուսական Հայաստանի ճակատագիրը բացարձակապէս կապուած կը մնար ռուսական պայմաններու հետ, Թրքահայաստանի հարցն էր միայն, որ Թուրքիոյ յաղթող Դաշնակից պետութեանց վճռին ենթարկուած էր եւ մասամբ վճռուած Յունիս 28-ին: Ազգ. Պատոփրակութիւնը, փոխանակ այս հիմնական քաղաքականութիւնը հետապնդելու, չկրնալով ինքզինքը զերծ պահել Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան բրոբականտներէն եւ ճնշումին ազդեցութենէն, հետգհետէ կորսնցուց իր նախաձեռնութիւնը եւ ակամայ գործիք ու հետեւորդ դարձաւ ռոաահայերու քաղաքականութեան:

Տիար Ա. Հանըմեան. Պիտի խնդրենք Տիար Թէրզիպաշեանէն, որ ամեն անգամ երբ ամբաստանութիւն մը ընէ՝ փաստերով ապացուցէ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ես ամբաստանութիւն մը չէ, որ կ՛ընեմ, այլ հարցը կը վերլուծեմ ու կը քննադատեմ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. «Գործիք» բառը ինքնին կը բաւէ իբր ամբաստանութիւն, եւ կը զարմանամ, որ երբ այդ բառը գործածուեցաւ, Դիւանը չբողոքեց այդ մասին:

Վսեմ. Կէր Գ. Նորատունկեան. Ըսուածներուն մէջ հակասահմանադրական բան մը չկայ:

Տիար Թէրզիպաշեան Հիմա արդէն փաստերով պիտի խօսիմ: Մայիս 28-ին Հայ Հանրապետութիւնը ինքզինքը հռչակեց նաեւ Թրքահայաստանի կառավարութիւն: Չեմ ծանրանար այն պատճառներուն վրայ. որոնք Հանր. կառավարութիւնը մղեցին այս պետական հարուածը ստեղծելու: Մեր մէջ ո՛չ ոք կը գտնուէր միութեան գաղափարին հակառակող: Ընդհակառակը, ամէնքս ալ կը ձգտէինք այդ միութիւնը դնելու հաստատուն հիմքերու վրայ, յաւերժացնելու համար զայն, եւ ո՛չ թէ անտեղի աճապարանքով մը զայն վիժեցնելու: Կարելի չէ ուրանալ, որ տեղական պայմանները