Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/578

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որոշ թելադրութիւններ կը ներշնչեն: Այստեղ ո՛չ տեղն է, ո՛չ ալ ժամանակը երկարօրէն խօսելու այս մասին, բայց որպէսզի ես մտածումս լրիւ արտայայտած ըլլամ, սա չափ կ՛ըսեմ, որ ո՛չ թէ երկու տարբեր երկրամասերու, այլ նոյնիսկ երկու գիւղերու մէջ տեղական շահերու տարբեր ըմբռնումներ գոյութիւն ունին: Ո՛չ ոքի գաղտնիք չէ, որ ռուսահայերուն քաղաքականութիւնը առաջին օրէն եղած էր ունենալ ո՛չ թէ մեր ծրագրական ամբողջական Հայաստանը, այլ՛ վեց վիլայէթներուն որոշ մասերը, եւ դժուարութեան պարագային՝ միայն երեք վիլայէթներ, որոնք պէտք է միանային Երեւանի Հանրապետութեան: Նոյնիսկ կրնամ ըսել, թէ որոշ հրահանգ կար ոյժ տալ աւելի ծոփս վրայ ելք մը ունենալու, քան ընդարձակ հողամասեր: Ես մտքէս չեմ անցըներ քննաղատել այս ծրագիրը, որ ամփոփ ոյժ մը գոյացնելու քադաքականութեան տեսակէտով կրնայ արդարանալ: Բայց չէինք կրնար նոյն քաղաքականութիւնը պարտադրել խարբերդցիի մը կամ կիլիկեցիի մը: Արդ, խարբերդցիներէ, կիլիկեցիներէ եւ ընդհանուր կերպով ամբողջ Թրքահայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ Պատուիրակութեան պարտադրուած տիրէքթիւները կը պարտատրեցնեին զայն, որ այն րոպէին երբ առաւ Մայիս 28-ի աքթին, այդ պետական հարուածին լուրը, աքթ մը, որ կը քանդէր Մայիս 7-ին Հայկական Հարցին դրուած նախնական հիմքը, եւ զայն կը ձգէր ռուսական քաոսին մէջ, պէտք էր րոպէապէս բողոքել: Պատուիրակութիւնն այդ քայլը չառաւ եւ թոյլ տուաւ, որ Դաշնակիցներու աչքին առջեւ այդ կատարուած աքթը մնայ իր քաղաքական նշանակութեան մէջ: Աէկ- երկու քոմբրոմիսային հեռագիրները զորս տուաւ՝ ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունեցան, եւ արդէն առաքելութիւն մը ղրկելու ձեռնարկը մասամբ նուիրագործեց այդ աքթը: Այն օրէն ի վեր Պատուիրակութիւնը կորսնցուց իր ինքնուրոյն քադաքականութեան ղեկը եւ նախաձեռնութիւնը ու կամաց-կամաց իյնալով Հանր. Պատուիրակութեան ազդեցութեան տակ, այնպիսի գործունէութիւն մը ունեցաւ, որ Դաշնակիցները աստիճանաբար մոռցան Թրքահայաստանի հարցին կարեւորութիւնը, եւ եկաւ րոպէ մը, ուր Հայկ. Հարց ըսելով սկսան ճանչնալ լոկ Ռուսական Հայաստանի հարցը: Այս քաղաքականութիւնը շատ լաւ կը յարմարէր Դաշնակիցներու «էկոիսթ» քադաքականութեան, որոնք Մայիս 7-ի դաշնագրով բոլորովին որոշ բարոյական եւ նիւթական յանձնառութիւններ ստանձնած էին Հայաստանի վերաբերմամբ: Կասկած չկայ որ այսօր ո՛չ մէկ տէրութիւն իր քայքայուած ֆինանսին եւ զինուորական պայմաններուն մէջ տրամադիր չէ զինուորական եւ ֆինանսական օգնութիւններ ընել Հայաստանի: Միակ հանգամանքը, որ կրնար հրապուրել այդ պետութիւններէն մէկը կամ միւսը, ատիկա Հայաստանի աշխարհագրական եւ տնտեսական: առաւելութիւնները ներկայացնող մասերը կը կազմեն, ինչպէս Կիլիկիա ու Տիարպէքիրի եւ Խարբերդի շրջանները, զորս Ազգ. Պատուիրակութիւնը երկրորդ խոշոր սխալով մը, հակառակ Համագումարի տիրէքթիւներուն, զիջեց: Անցեալ տարի, քննելով մեր դրութիւնը, մենք գտած էինք, որ Հայաստանի միայն Կիլիկիոյ մասին մէջ է, որ կը գտնուի 200 000-ի չափ հայութիւն: Հաշուած էինք, որ Կիլիկիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ երկրային հարստութիւնն է, որ կրնան հրապուրել եւ ներգաղթի մղել ցրուած հայութիւնը: Հաշուած էինք նաեւ մեր տեղային յաքթութիւնները, որոնց բերումով մեր ժողովուրդը միշտ լեռնոտ վայրերէն հեռանալով գացեր կուտակուեր է ծովեզերեայ վաճառաշահ քաղաքներ: Հաշուած էինք տակաւին, որ էրզրումի եւ Վանի լեռները ո՛չ մէկ պարագայի մէջ չպիտի կրնային դէպի իրենց քաշել հայ սեփականասէր ժողովուրդը: Այս ամէնուն հետ հաշուած էինք նոյնպէս, որ առանց Կիլիկիոյ, մնացեալ աւերակ եւ լեռնոտ մասով մենք չէինք կրնար հրապուրել նաեւ «մանտաթէր» մը: Այստեղ է, որ կը շեշտուի Պատուիրակութեան սխալը: Անիկա, առանց նոյնիսկ սպասելու, որ Ամերիկայի պատասխանը յայտնուի, կամովին զիջեց Հայաստանի շէն եւ հարուստ մասը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Եղածը իսկապէս զիջում չէ, այլ' հարկադրացուցիչ համակերպութիւն մը: