Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/579

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ձեզի կը յիշեցնեմ Պ. Ահարոնեանի՝ Հնչակեան թղթակցի մը ըրած յայտարարութիւնները, թէ Տաւրոս շատ հեռու է, մեր աչքերը պէտք է դարձնենք դէպի Արարատ: Կը յիշեցնեմ նաեւ այն յայտարարութիւնը, զոր Պ. Ահարոնեան ըրած էր Կաղանդի առթիւ սարքուած երեկոյթի մէջ, ըսելով, որ Հայաստանի սահմաններ գծող յանձնաժողովը կու գայ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Հերքուեցաւ ատիկա:

Տիար Ա. Հանըմեան. Միւս յայտարարութիւնն ալ հերքուեցաւ: Այս առթիւ պարզ լուսաբանութիւն մը պիտի ընեմ: Տիար Թէրզիպաշեան կը մեղադրէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, թէ զիջումներ ըրեր է: Կը կարծեմ, թէ այս յայտարարութեամբ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան գլխուն վրայէն կ՚ուզէ հարուածել Հանր. Պատուիրակութիւնը, եւ անոր ալ գլխուն վրայէն՝ Դաշնակցութիւնը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կը խնդրեմ պատուարժւսն ատենախօսներէն, որ անպատեհ ակնարկութիւններ չընեն Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Նախագահին անձին նկատմամբ: Անիկա անշուշտ նոյնքան ազատ է իր նկատումները ունենալու: Տիար Թէրզիպաշեան կը կարծէ, որ Հայկական Խնդրին ծանրութեան կեդրոնը Թրքահայաստանի մէջ էր. Տիար Ահարոնեան ալ կրնար կարծել, թէ Դուսահայաստանի մէ?- էր, ինչպէս ուրիշներ ալ կրնան կարծել, թէ երկու Հայաստաններու միացման մէջն էր:

Տիար Ա. Հանըմեան. Տիար Թէրզիպաշեան կը պնդէ, թէ Պատուիրակութեան ըրած զիջումներուն հետեւանքով Թրքահայաստանի հարցը թաղուած է, եւ կը դատապարտէ Պատուիրակութիւնը՝ այդ զիջումներուն համար: Միւս կողմէ, սակայն, անիկա, առանց որոշապէս արտայայտելու, սպրդուկներով եւ կողմնակի ճամբաներով այն տպաւորութիւնը կը ձգէ լսողին վրայ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը այդ զիջումները կատարած է Հանր. Պատուիրակութեան պնդումներում վրայ, եւ անոր ձեռքը իբր գործիք ծառայելով: Խնդիրը այս ձեւով դրուելով հաւանօրէն Պատուիրակութեան կողմէ իր քննադատութեանց մէջ եղած պատասխանին մէջ այս կէտը լուսաբանող պատասխան մը չտրուի: Նկատի ունենալով սակայն խնդրին չաւիագանց մեծ կարեւորութիւնը, ես կը խնդրէի, որ Պ. Թէրզիպաշեան որոշ կերպով ըսեր, թէ ինքը կամբաստանէ՞ արդեօք Հանր. Պատուիրակութեանը՛ իր պնդումներովը պատճառ դարձած ըլլալուն համար, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը զիջումներ կատարէ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ամբաստանութեան հարց չկայ, այլ՝ տեսակէտներու տարբերութեան: Այլեւս րոպէն եկած է, որ մենք որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ, անկեղծօրէն արտայայտուինք: Եթէ մենք շարունակենք այնպէս, ինչպէս եղեր ենք մինչել հիմա, մեր ազգին մնացածն ալ կը կորսցնենք: ճշմարտութիւնը այս է, որ տեղական պայմանները տեղական տեսակէտներ առաջ կը բերեն, ո՛չ միայն հեռաւոր երկրամասերու, այլ նաեւ՛ գիւղերու միջել: Եւ Տիար Ահարոնեան, ուզէ-չուզէ, պէտք է հետեւի ռուսահայերու տեղական պայմաններու քաղաքական պահանջներուն: Ո՛չ միայն ռուսահայերուն, այլ նաեւ՝ թրքահայերուն մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք ամփոփ եւ ուժեղ Հայաստանի մը գոյութիւնը կը նախընտրեն: Ասոնք տեսակէտներու տարբերութիւններ են եւ ամբաստանութիւն չեն ենթադրեր: Կանցնիմ տեղեկագրին: Անոր մէջ կ՚ըսուի, թէ Լորտ Քըրզընի յայտարարութեան վրայ, որով Հայաստանի կազմութիւնը կարելի կը դատէր միայն երեք վիլայէթներու կցումով, Պատուիրակութիւնը համակերպած է: Եւ սակայն պարտաւոր էր չշեղիլ տիրէքթիւներէն եւ անմիջապէս նիստի հրաւիրել Համագումարը: Բայց Պատուիրակութիւնը, հաշտուելով Հանր. Պատուիրակութեան հետեւած քաղաքականութեանը, բռնադատուած է այդ համակերպության: Ես չեմ կրնար ուրանալ, որ Հայկական Հարցը 1915-ի ահաւոր ջարդով արդէն կրած էր իր առաջին հարուածը. չեմ կրնար ուրանալ նաեւ, թէ Հանր. կառտվարութեան տարբեր քաղաքականութիւնը, իր բուռն ու ազդեցիկ գործունէութեամբ, կը ջլատէր Ազգ. Պատուիրակութեան գործունէութիւնը: Բայց դարձեալ մետաղին միւս երեսը, ես չեմ կրնար արդարացնել Ազգ.