Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/580

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութիւնը, որ Համագումարի տիրէքթիւներու սահմանին մէջ աննկուն եւ հաստատուն քաղաքականութեան կարելիութիւն ունէր փրկելու Թրքահայաստանի հարցը: Ասիկա չէ ըրած եւ դուրս գալով իր որոշ տիրէքթիւներու սահմանէն՝ զիջած է այն Հայաստանը, որ միայն իրը չէր, եւ գոր ինք չէր տեսած մօտէն:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Եթէ Հայաստանը չէին տեսած, ուրեմն ինչո՞ւ ընտրեցիք:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ընտրեցինք, որովհետեւ վստահութիւն ունեցանք: Այսպէս, մեր անհեռատես քաղաքականութեան պատճառաւ Հայկական Հարցը ստացաւ այն տեսակ վիճակ մը, որ Դաշնակից «էկոիսթ» կառավարութիւններուն պատեհութիւն տուինք դաշնագիրը խմբագրելու այնպէս, որ ինչպէս քանիցս կրկնեցի ու կը կրկնեմ, Թրքահայաստանի դատը թաղուած կը մնայ անոր մէջ: Արդ դաշնագրին մէջ անոնք իբր Հայաստան կը ճանչնան միայն Ռուսական Հայաստանը, իսկ Թրքահայաստանի հարցի ո՛չ իսկ յիշատակութիւն կայ, այլ միայն սահմանագծումի յիշատակութիւն մը՛ ենթարկուած Նախագահ Ուիլսոնի աւելի կամ նուազ առեղծուածային իրաւատուներուն: Եթէ նոյնիսկ այդ իրաւարարութիւնը տեղի ալ ունենայ նշանակուած սահմաններով, առանց «մանտաթէր»-ի, լոկ մեր միջոցներով գրաւելու եւ պահպանելու համար մեզի պէտք է առնուազն 150 000 հոգիանոց բանակ մը, զոր չեմ գիտեր թէ ո՞ր տեղէն պիտի ճարենք: Որովհետեւ ով որ ծանոթ է այդ շրջաններուն, գիտէ, որ ցանցառ հայութեամբ եւ շատ աւելի հոծ քիւրտերէ բնակուած այդ անմերձենալի լեռներն ու ձորերը մի միայն աւազակի որջեր են, որոնց մէջ չորս քիւրտ կրնայ հեշտիւ ամբողջ զօրախումբ մը զբաղեցնել: Շիտակ չէ յուսալ, որ ռուսահայաստանցիները, ինչպէս օրինակ ախալքալաքցի մը, ուզէ երթալ Վանը կամ էրզրումը գրաւելու, մանաւանդ այս պայմաններուն մէջ, երբ անդին իրենց օճախները թաթարներու սպառնալիքին տակ են: Մենք այս բանը փորձով գիտենք: 1917-ի դրութենէն ես ինքս իբր Արեւմտահայ Խորհուրդի ներկայացուցիչ, անձամբ Պ. Ահարոնեանի գացի եւ էրզրումի ճգնաժամային դրութիւնը պարզելով, խնդրեցի որ 5000 զօրք ղրկէ Անդրանիկի օգնութեան: «Չեն գնում, չեն ուզում գնալ»,- պատասխանեց, աւելցնելով, որ ժողովուրդը չուզէր հեռանալ իր օճախներէն, որոնք վտանգի տակ էին: Ես այս քննադատութիւնները կ՛ընեմ ո՛չ թէ այսօր, երբ աչքի առջեւ ունինք մեր հարցի ստացած յուսահատ վիճակը, այլ ըրի նաեւ Յունուարին, նոյն այս տեսակէտները յատուկ նամակով հաղորդելով Համագումարի Նախագահին, ինչպէս նաեւ Փետրուարի մէջ Պատուիրակութեան Նախագահին: Այս ամենը եզրակացնելով, ես կը յայտնեմ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, անտեսելով Համագումարի տիրէքթիւները, եւ չկարենալով զերծ մնալ Հանր. Պատուիրակութեան ազդեցութենէն, առանց որոշ քաղաքականութեան եւ առանց նախաձեռնութեան, յեղյեղուկ գործունէութեամբ մը պատճառ դարձած է, որ մենք այսօր չունենանք «մանտաթէր» մը, չունենանք ցանկացուած ամբողջական Հայաստանը: Մենք այսօր իբր արդիւնք այն անօրինակ զոհողութեանց, զորս մեծ պատերազմիկներն իսկ չկրեցին, ուրիշ բան չենք ստանար, եթէ ոչ դաշնագրին մէջ գտնուող այն առեղծուածային եւ անստոյգ յիշատակութիւնը, որուն մէջ «Թրքահայաստան» բառն իսկ գործածուած չէ, որուն մէջ ըստ էութեւսն ոեւէ վճիռ չկայ, այլ լոկ սահմանագծման իրաւադատութեան պատմութիւն մը:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Տիար Թէրզիպաշեանի այն դիտողութիւնր, թէ մենք այսօր չունինք մեր բաղձացած Հայաստանը, իրականութիւն է, բայց թէ այդ արդիւնքը գոյացեր է մի միայն Ազգ. Պատուիրակութեան բռնած քաղաքականութեամբ՛ համաձայն չեմ: Ամեն պարագայի մէջ Պատուիրակութեան պաշտպանողականը չէ, որ պիտի ընեմ, անիկա լսեց եղած քննադատութիւնները եւ անշուշտ կը պւստասխանէ: Ես միայն դիտողութիւն պիտի ընեմ կարգ մը հարցերու մասին, զորս յուղեց Տիար Թէրզիպաշեան, եւ որոնք կապ ունին Պատուիրակութեան համարաւծուութեան հետ: Համագումարը անցեալ տարի որոշեց, որ Պատուիրակութիւնը աշխատի Միացեալ Ամբողջական Հայաստանի մը կազմութեան: Կը զարմանամ, որ Տիար Թէրզիպաշեան