Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/581

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հիմա կըսէ, թէ Ազգ. Պատուիրակութեան իրաւասութեանց մէջ էր նաեւ, անկախաբար Հանրապետութեան ՊաաոփրակութենԷն կազմել Թրքահայաստան մը, եթէ ոչ անկախ, գոնէ ինքնավար, Թրքահայաստան մը կագմուած այն տեսակ հողամասերով, որ կարենար հրապուրել զանազան գաղութներու մէջ ապրող հայերը եւ զանոնք իր մէջ հաւաքեր: Ասիկա Համագումարին մեծամասնութեան ալ որոշումը չէր: Գալով Ազգ. Պատուիրակութեան գործունէութեան, որոշ անհարթություններ ունի անշուշտ, բայց բոլորովին հակառակ տեսակէտէն: Պէտք է շրջել այն ամեն ինչ, որ Տիար Թէրզիպաշեան յիշատակեց իբր Պատուիրակութեան թերութիւնները: Որովհետեւ Պատուիրակութիւնը որքան ատեն, որ համաձայնութեամբ գործեր է Հանր. Պատ.- թեան հետ, մնացեր է հաւատարիմ իրեն տրուած տիրէքթիւներու գլխաւոր մէկ կէտին. ընդհակառակը, քննադատելի են անոր այն քայլերը, որոնք առնուած են ինքնագլուխ: Հետեւելով Հանր. Պատ.-թեան Նախագահին յանձնառութեանը, թէ միշտ համաձայնօրէն պիտի գործէ Ազգ. Պատ.-թեան հետ, Պ. Տէր-Ստեփանեան ըսաւ, թէ Հանր. Պատուիրակութեան Նախագահը շուտով այդ յանձնառութիւնը ոտնակոխ ըրաւ Մայիս 28-ի աքթով: Ասիկա սխալ է: Երկու Պատուիրակութեանց գործակցութիւնը ամէնքս ալ ուզեցինք, եւ ամէնքս ալ աշխատեցանք աւոոր համար: Տիար Տէր- Ստեփանեան կը մոռնայ սակայն, թէ այդ գործակցութիւնը այստեղի աշխատութեանց համար էր: ԱնկախաբԱյր Հանր. Պատուիրակութենէն, անդին կար Հանր. կառավարութիւն մը, որ չէր կրնար ամեն վայրկեան այստեղէն հրահանգ ստանալ: Ասիկա ո՛չ միայն անկարելի էր, այլ նաեւ՛ անտեղի, որովհետեւ Հանր. Պատ.-թիւնը կառավարութեան հրահանգ տալու իրաւասութիւն չունէր, ընդհակառակը, ինք անկէ հրահանգ կը ստանար: Հետեւաբար, չեմ հասկնար թէ ինչպէ՞ս Մայիս 28-ի աքթին պատճառաւ կարելի կըլլայ մեղադրել Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը, թէ իր յանձնառութեան հակառակ վարուած է: Անիրաւ կը նկատեմ նաեւ այն դիտողութիւնը, թէ Հանր. կառավարութիւնը այդ աքթը հրատարակած է առանց Ազգ. Պատուիրակութեան իմաց տալու եւ խորհուրդ հարցնելու: Բայց կառավարութիւնը ագատ էր ազգին ընդհանուր շահերում կապուած կարգադրութիւն մը ընելու այն կատարեալ անկախութեամբ, որ իրաւունքն է ամեն կառավարութեան: Երբ Ազգ. Պատուիրակութիւնը 1918 Նոյեմբերին այստեղէն հռչակեց Ամբողջական Հայաստանի անկախութիւնը, Հանր. կառավարութիւնը դիտողութիւն անգամ չըրաւ, որովհետեւ ատիկա իր բաղձանքներում համապատասխան յայտարարութիւն մըն էր: Ես կը ցաւիմ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը բողոքեց Մայիս 28-ի աքթին դէմ: Չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ բան կրնար դրդել Պատուիրակութեան վարիչները իր երկրի մէջ ամբողջական Հայաստանի մը գաղափարին նուիրագործման համար կատարուած այդ անկախութեան հռչակման հակառակը: Անոր համա՞ր արդեօք, որ իր անդամներում մէջ չկային միացեալ հռչակուած երկու Հայաստաններուն ալ պաքթանող անձեր: Բայց ինչ վնաս կու գար աքթէ: Կառավարութիւն մը փոփոխութեան ենթակայ է միշտ, այդ կառավարութիւնն ալ կրնար փոխուիլ: Ազգ. Պատուիրակութիւնը կամ անոր Նախագահը սխալ քաղաքականութեան հետեւեցաւ այդ մասին, եւ գիտենք, թէ ինչ եղաւ հետեւանքը ծագեցան խոր վէճեր, որոնք պառաքթում առաջ բերին եւ այնքան վնասակար եղան ազգին Հայաստանի, ինչպէս առ հասարակ բոլոր գաղութներու մէջ: Եթէ Պատուիրակութիւնը իրեն տրուած տիրէքթիւներուն հետեւեր հաւատարմաբար, այդպիսի ընթացք մը չպիտի ունենար, եւ կամ ատոր համար պէտք պիտի տեսնէր նաեւ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան գործակցութեան: Ես այնպէս կը կարծեմ, թէ Մայիս 28-ի աքթին նկատմամբ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ուղիղ եւ քորեքթ չեղաւ, եւ ատիկա մանաւանդ շեշտեց այն երկոտւթիւնը, որ այսօր գոյութիւն առած է ազգին մէջ: Այսպէս, օրինակ Հայաստան գտնուող արեւմտահայերու՜ խորհրղարանի ընտրութիւններուն մասնակցելու առթիւ Կաթողիկոսին տրուած հեռագիրը ո՛չ միայն Ազգ. Պատ.-թեան իրաւասութեան սահմաններէն դուրս էր, այլեւ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն միջամտելու փորձ մը: Մանաւանդ որ, որքան գիտեմ, այդ հեռագրի